Հիմա ալ «Եւրոպակա՞ն Գարուն»

Յեղափոխութիւններու եւ պատերազմի նշոյլները հազիւ յայտնուած արաբական երկիրներուն մէջ, հանրային կարծիքը փոխանակ դատապարտելու պատահածները, զանոնք «արժեւորեց» որպէս գարնանային եղանակի մը աւետիսը արաբական աշխարհին համար։ Որպէս յուսալի աշխարհի մը ազդանշանը։ Թէեւ գիտէինք թէ գարունը, որ կ’ակնկալուէր, այսպէս չ’իրագործուիր, սակայն կամայ-ակամայ սուզուեցանք ովկիանոսի մը մէջ ուրկէ ելք չկար։ Այսպէսով ո՛չ միայն գարուն մը կորսնցուցինք, այլեւ մնացած եղանակներն անգամ երազ դարձան։ Աշխարհը վերածուեցաւ դժոխքի։ Այսօր կարծէք Եւրոպան միեւնոյն փոթորիկին դէմ յանդիման կը տուայտի, ինչ որ շատ մը քաղաքական վերլուծաբաններու մտածել կու տայ որ «այն ինչ որ անցեալին եւրոպացիք ծրագրեցին արաբական երկիրներուն համար, այսօր իրենք կը կրեն ատոր հետեւանքը»։

2013-ին, Քիրիլ Պատրիարքին բանբերը՝ հայր Չաբլին, յայտարարած էր թէ ապագայ Եւրոպան չի պատկանիր ո՛չ Լոնտոնին, ո՛չ Փարիզին, ո՛չ Պրիւքսէլին, այլ՝ Քիեւին, Մինսքին, Մոսկուային, Աթէնքին, Պուքարէստին, այս օրթոտոքս երկիրներուն՝ որոնք կեդրոնն են արեւմտեան քրիստոնէութեան։ Ան միտքը կը բացատրէր հետեւեալ բառերով. «Արեւմուտքը դաւաճանեց քրիստոնէական սկզբունքներուն, դաւաճանեց Եւրոպան, որ հիմնուած էր քրիստոնէական գաղափարներու եւ հռոմէական իրաւունքներու վրայ։ Մեր մշակոյթը պէտք չէ հետեւի Արեւմուտքին, որ տկար է կամքով, ոչ ալ արեւելքին, որ տկար է միտքով։ Մենք պիտի մէկտեղենք կամքը, միտքը, հոգեւորը եւ աշխարհիկը։ Մենք պարտականութիւնն ունինք աշխարհը փոխելու տասը տարուայ մէջ»։ Այս խօսքին վրայէն անցան երեք տարիներ, տակաւին կը մնայ եօթը։ Բայց այս ընթացքով տասն ալ շատ պիտի ըլլայ։ Կարելի՞ է որ եւրոպական գարունը կայանայ նոր Եւրոպայի մը ստեղծումով։

Եւրոպական երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող քաղաքական ու տնտեսական եղծանումներն ու ճնշումները արաբական երկիրներուն մէջ պատահածներէն նուազ չեն ։ Բոլոր պայմանները կան որպէսզի ապստամբութիւններ սկիզբ առնեն։ Տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններէն ետք, առաջին հերթին ի յայտ եկաւ ներկայութիւնը որոշ կուսակցութիւններու որոնց առաքելութիւնն է ըլլալ պահապաններ արեւմտեան արժէքներուն։ Շատ մը եւրոպացիներ վախ ունին իսլամական զանգուածէն, յատկապէս գաղթականներուն ժամանումով եւ ահաբեկչական յարձակումներուն աճումով։ Տնտեսական իրավիճակը Եւրոպայի մէջ երկրորդ կարեւոր շարժառիթն է ժողովրդային ապստամբութեան։ Հարաւային Եւրոպայի մէջ, օրինակի համար, գործազրկութեան մակարդակը պատմական աննախըն-թաց բարձր թիւ արձանագրած է երիտասարդներուն մօտ։ Բացի այդ, արդէն իրենց ցած աշխատավարձէն դժգոհ աշխատաւորները այժմ մրցակցութեան մէջ են գաղթականներուն հետ։ Այս բոլորին կողքին արդէն զգալի է անապահովութեան վիճակը որ կը տիրէ Եւրոպայի մէջ, ինչ որ երրորդ պատճառ մը կը հանդիսանայ ապստամբութեան։ Խուճապահար գաղթականներու դէպի Եւրոպա հոսքը արգելակելու ատակ ղեկավարներու պակասը լաւատեսութիւն չի ներշնչեր ։

Այս դրդապատճառները բաւարար են մտածելու համար «արաբականը» յիշեցնող «եւրոպական գարնան» մը մասին։ Արդարեւ, Եւրոպան հետզհետէ կը կորսնցնէ իր քրիստոնեայ ինքնութիւնը, կը հեռանայ աւետարանական արժէքներէն ու սկզբունքներէն, որոնց հիման վրայ կառուցած է իր օրէնսդրութիւնը։ «Կրօնական ազատութիւն», «մարդկային իրաւունքներ», «ժողովրդավարութիւն» կեղծ լոզունգները որոնցմով կը ներկայանան մարդիկ որպէս օրինակելի գաղափարներ, իրականութեան մէջ կը միտին քօղարկելու ոճիրները, որոնք կը գործուին Եւրոպայի տարածքին։ Եւրոպան այսօր կը գտնուի իր հարազատ ինքնութեան եւ անեղծ գոյատեւումին սպառնացող մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնք կու գան խախտելու իր միութիւնը, այնքա՜ն փայփայուած «Եւրոպական Միութիւնը», որ կ՛երթայ դէպի քայքայում։ Վերջերս սպանական «Էլ Փաիս» թերթը սահմանեց Իտալիան որպէս «Եւրոպայի նոր հիւանդը»։ Եւրոպան ի՞նչ չափանիշով կը սահմանէ իր հիւանդագին կամ առողջ վիճակը։ Ո՞վ է այն առողջը որ հիւանդ կը դասէ ուրիշը։

khempakragan-photoՍ.Կ.