ՓԱԿՈՒՄ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

ՓԱԿՈՒՄ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց տարեկան Սիւնհոդոսը տեղի ունեցաւ 25 օգոստոսէն 2 սեպսեմբեր 2016, Կաթողիկոսական Աթոռին մօտ, ի Զմմառ, նախագահութեամբ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Թեմերու եպիսկոպոսներուն եւ վիճակաւորներուն:

Ժողովները մեծ մասամբ ընդգրկեցին ներկայ պայմաններուն տակ Եկեղեցւոյ առաքելութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ Աւետարանի պատգամները ազդուօրէն հաղորդելու եւ գործնականացնելու համար, մանաւանդ արդի սերունդին մօտ, որ ժամանակի մտայնութեամբ տարուած, ենթակայ է հետզհետէ աւելի օտարանալու Եկեղեցւոյ աւանդած հարազատ պատգամին:

Յատուկ ուշադրութիւն տրուեցաւ ապագայ կղերին պատրաստութեան համար կատարուելիք աշխատանքին, հոգեւոր թէ ազգային կազմաւորման ծիրին մէջ, կիրարկելով արդի դաստիարակչական միջոցները, համապատասխան ընկերութեան կարիքներուն ու պահանջներուն:

Հետապնդելով Ողորմութեան Տարիի ծիրին մէջ Եկեղեցւոյ առաջադրած Նոր Աւետարանումի առաքելութիւնը, անհրաժեշտ դատուեցաւ յառաջ տանիլ համագործակցութիւնը կղերական ու աշխարհական դասերուն միջեւ, խորացնելու համար քրիստոնէական հաւատքի ճշգրիտ ըմբռնումն ու ապրումը այս քսանմէկերորդ դարին ներկայացուցած մարտահրաւէրներուն դիմաց:

Հայրերը գոհունակութեամբ նշեցին մօտալուտ լոյս ընծայումը կարգ մը հոգեշահ հրատարակութիւններու որոնք կը հային վերոյիշեալ նպատակներու իրագործումին. Եկեղեցւոյ մեծ Քրիստոնէականի Համառօտ մատեանը, աշխարհաբար առձեռն Սաղմոսարանը, որու պիտի հետեւին Չորս Աւետարանները: Նախատեսուած է նաեւ պատրաստութիւնը Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմութեան, որուն համար կազմուելու վրայ է յատուկ յանձնախումբ մը, հմուտ կղերականներէ եւ աշխարհականներէ բաղկացած:

Շեշտուեցաւ, վերջապէս, անհրաժեշտութիւնը առաւելագոյն կերպով օգտագործելու հաղորդակցութեան միջոցները, յատկապէս արդիական լսատեսողական միջոցները եւ մամուլը, վերազարթնում մը յառաջացնելու համար մեր ժողովուրդին երիտասարդ խաւին մէջ, որ օր ըստ օրէ դեռ աւելի ենթակայ կը դառնայ հաւատքի ու բարոյականի թշնամի հոսանքներու քանդիչ ազդեցութեան:

Ժողովական հայրերը քննարկեցին նաեւ Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Հայաստան կատարած հովուական այցելութեան դրական արձագանգները, եւ ջերմօրէն գնահատեցին համամիութենական եւ սիրոյ պատկերը զոր անոնք տուին ժողովուրդին՝ զանազան հոգեւոր միջոցարումներու եւ հանդիպումներու առիթով:

Հայրերը՝ վերջապէս, իրազեկ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ քաղաքական անկայուն կացութեան, եւ բաժնելով այդ ժողովուրդներուն արդար մտահոգութիւնը ապագայի անորոշ վիճակի մասին, իրենց ձայնը կը միացնեն անոնց առողջ ու հայրենասէր տարրերուն կոչին` օր առաջ քաղաքական հանրօգուտ ու մնայուն լուծում մը գտնելու այս անհանդուրժելի կացութեան:

Սիւնհոդոսական հայրերը` ողջունելով հայ կաթողիկէ կղերն ու հաւատացեալները ի սփիւռս աշխարհի, կը հայցեն անոնց աղօթքները, որպէսզի ամենաբարին Աստուած, բարեխօսութեամբ սուրբ Աստուածամօր` յաջողութեամբ պսակէ սիւնհոդոսական աշխատանքները:

Զմմառ, 02 Սեպտեմբեր 2016

ԴԻՒԱՆ Հ. Կ. ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ՍԻՒՆՀՈԴՈՍԻՆ