ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՄԱՅՐ ԹԵՐԵԶԱՆ՝ Ողորմութեան Տարուան Սրբուհին (1910-1997)

ԿԱԼԿԱԹԱՅԻ ՄԱՅՐ ԹԵՐԵԶԱՆ՝ Ողորմութեան Տարուան Սրբուհին (1910-1997)

Կիրակի 4 սեպտեմբեր 2016-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սրբուհի հռչակեց Կալկաթայի Մայր Թերեզան, համայն աշխարհը հրաւիրելով գուրգուրանքի ու սիրոյ յեղափոխութիւն ընելու, հետեւելով նոր սրբուհիին քայլերուն: Սրբադասման արարողութեան մասնակցեցան 13 պետութիւններու ղեկավարներ, եւ աւելի քան հարիւր հազար ուխտաւորներ: Ստորեւ` սրբուհիին կեանքն ու առաքելութիւնը:

 

Կենսագրական
«Արիւնով ալպանացի եմ, ազգութեամբ՝ հնդիկ, հաւատքով՝ կաթողիկէ կրօնաւորուհի, կոչումով՝ կը պատկանիմ ամբողջ աշխարհին, իսկ ինչ կը վերաբերի սրտիս՝ ամբողջովին կը պատկանիմ Սիրտ Յիսուսի»:

Մայր Թերեզայի կեանքը կարելի է ներկայացնել երեք հանգրուաններով՝

mt2Ա. Մանկութիւնը (1910-1928)
Ծնած է 26 Օգոստոս 1910ին, Ալպանիոյ մէջ: Հօր անունն էր Գատէդ Տէ Նիքօլա, իսկ մայրը՝ Տրան: Հայրը կը զբաղէր շինարարութեամբ եւ դեղերու վաճառականութեամբ: Իր բուն անունն էր Ագնէս: Ան ունէր քոյր մը որուն անունն էր Աժ եւ եղբայր մը՝ Ղազար:

Հինգ ու կէս տարեկանին Ագնէս կ՛ընդունի առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը, իսկ 1916-ի նոյեմբերին, կ՛ընդունի սուրբ դրոշմի խորհուրդը:

Ագնէսի ծնողքը բարեպաշտ էին եւ միշտ օգնած են աղքատներուն: Ագնէս յաճախ կ՛ընկերանար իր մօրը երբ աղքատներու կամ որբերու պիտի այցելէր: Մայրը իր զաւակներուն միշտ կը խրատէր ըսելով. «Երբ բարիք մը պիտի ընէք, ըրէք այնպէս որ կարծէք քառ մը կը նետէք ծովուն մէջ»: Անոնք նաեւ յաճախ աղքատներ կը հրաւիրէին ճաշի իրենց տան սեղանին շուրջ:

Համաշխարհային առաջին պատերազմին, 1919ին, երբ Ագնէս 8 տարեկան էր, իր հայրը կը կորսնցնէ: Հօրը այս յանկարծակի մահը ընտանիքը կը մատնէ նիւթական դժուար կացութեան: Մայրը կարի խանութ մը կը բանայ, որպէսզի կարենայ զաւակներուն հոգ տանիլ: Ան նաեւ իր զաւակներուն հոգեւոր դաստիարակութիւնը կ՛ապահովէ, կը մղէ զիրենք ժողովրդապետական կեանքին մասնակցելու. Ագնէս երգչախումբի անդամ կը դառնայ, թատերական ներկայացումներուն կը մասնակցի: Այս մթնոլորտին մէջ, Ագնէս արդէն 12 տարեկանին կը սկսի մտածել իր կեանքը Աստուծոյ նուիրելու մասին: 6 տարիներ շարունակ կը մտածէ այս կոչումին մասին նախքան նորընծայարան յաճախելը: 17 տարեկանին Յիսուսեան վարդապետէ մը կը խնդրէ քննել իր կոչումը, որմէ ետք հաստատ քայլերով կը ներկայացնէ իր փափաքը իր մօրը, որ սիրով կ՛ընդառաջէ, հակառակ անոր որ եղբայրը կը հակառակի փափաքին:

Բ. Մայրապետական կոչումը (1928-1946)

Sister Teresa, later to become Mother Teresa of Calcutta in India, is pictured as a member of the Sisters of Loretto. Her work with the Loretto sisters in India centered on teaching and visiting the sick and elderly. She remained with the order until she founded the Missionaries of Charity. The new order, formed to serve the poorest of the poor, was officially recognized as a religious institute in the Archdiocese of Calcutta in 1950. This photo was taken in the mid-1940s. (CNS photo courtesy Missionaries of Charity) (Sept. 18, 2003) (b/w only)

29 սեպտեմբեր 1928-ին, 18 տարեկանին, կը մեկնի իր ծննդավայրէն, եւ կ՛ուղղուի դէպի Իրլանտա, ուր կը միանայ Տիրամայր Լորէթթօ առաքեալ մայրապետներուն, որ հիմնուած է 17-րդ դարուն: 6 շաբթուայ մէջ կը սորվի անգլերէն լեզուն: 1 դեկտեմբեր 1928-ին կը մեկնի Հնդկաստան որպէսզի իր նորընծայութիւնը կատարէ: Երբ 1929-ին կը հասնի Կալկաթա արագ տագնապ մը կ՛անցնէ տեսնելով աղքատութիւնը: 23 մայիս 1929-ին նորընծայ կը դառնայ եւ առաջին անգամ ըլլալով կրօնաւորուհիի զգեստները կը հագնի: 25 մայիս 1931-ին, ժամանակաւոր ուխտերը կը կատարէ եւ, հետեւելով սուրբ Կոյս Մարիամ աստուածամօր եւ սրբուհի Թերեզա մանկան Յիսուսի օրինակներուն՝ կ՛ընտրէ «Մարի Թերեզ» անունը: Ան պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն կը դասաւանդէ Կալկաթայի դպրոցին մէջ, 1931-էն 1937: 24 մայիս 1937-ին, իր մշտնջենաւոր ուխտերը կը կատարէ եւ ինքզինքը կը կոչէ «Քրիստոսի հարսը»: Այս վայրկեանէն կը կոչուի Մայր Թերեզա: 1944-ին տնօրէնուհի կ՛ըլլայ Սրբուհի Մարիամ վարժարանին, ուր կը դասաւանդուէր ընկերային գիտութիւնը:

Գ. Աղքատներու առաքեալը (1946-1997)
10 սեպտեմբեր 1946ին, երբ շոգեկառքով կ՛ուղղուէր Կալկաթայէն դէպի Տարժիլինկ, հասարակաց տարեկա

ն հոգեւոր կրթութիւնը կատարելու, կը լսէ կոչ մը, զոր կ՛անուանէ «կոչ մը կոչի մէջ»: Երբ կը փորձէր քնանալ կը լսէ ձայն մը որ իրեն կ՛ըսէր․- «Ծարաւի եմ»: Ան կ՛ըսէ. «Յանկարծ, յստակօրէն լսեցի Աստուծոյ խօսքը: Պատգամը յստակ էր՝ պէտք էի վանքէն դուրս գալ եւ օգնել աղքատներուն՝ իրենց հետ ապրելով: Հրահանգ մըն էր, պարտականութիւն մը, ստուգում մըն էր: Գիտէի ինչ պիտի ընեմ, սակայն չէի գիտեր ինչպէս»: Մայր Թերեզան կ՛աւելցնէ ըսելով թէ այս փորձառութիւնը Աստուծոյ սիրոյն յայտնութիւնն էր, որ կ՛ուզէ սիրել եւ կ՛ուզէ սիրուիլ: Հետագային՝ 1993-ին, նամակի մը մէջ դարձեալ կը խօսի այս փորձառութեան մասին ըսելով թէ Աստուած ծարաւի է մեզի:

 

mt4Ոչ ոքի կը խօսի այս նիւթին շուրջ, այլ՝ լուռ կը մտածէ: Վերադարձին կը գրէ իր հոգեւոր հօրը, որ յիսուսեան էր՝ հայր Սելեսթ Վան Էքզեմ, թէ կ՛ուզէ ամէն բան ձգել. ան իր կարգին կը խնդրէ իրմէ որ լուռ մնայ եւ աղօթէ: Ժամանակ մը ետք, հոգեւոր հայրը կ՛իմացնէ տեղւոյն առաջնորդին, որ կը մերժէ գաղափարը: Մայր Թերեզան այս շրջանին կը հիւանդանայ եւ հիւանդանոց կը փոխադրուի բուժումի: Բուժումի օրերը առիթ կ՛ըլլան որպէսզի աւելիով խորացնէ իր մտածականնները նոր կոչումին մասին:

Միեւնոյն շրջանին, Հնդկաստանը կրօնական եւ ընկերային տագնապալի օրեր կ՛անցնէ: Մայրապետները օգնութեան կը կանչեն Մայր Թերեզան, որ անմիջապէս կը միանայ հասարակութեան` օգտակար դառնալու համար: Տեղւոյն Արքեպիսկոպոսը Վատիկանէն հրաման կը խնդրէ Մայր Թերեզային համար, որ մեկնի վանքէն, ուրիշ առաքելութեան մը համար: 8 Օգոստոս 1948-ին, Պիոս ԺԲ․Քահանայապետը հրաման կու տայ որ մէկ տարուայ համար մեկնի վանքէն: Յետագային, երբ Մայր Թերեզա կը սկսի իր առաքելութիւնը աղքատներուն հետ, Վատիկանը այցելու վարդապետ մը կը ղրկէ որպէսզի վկայութիւն տայ այս մայրապետին աշխատանքներուն մասին: Ան սկիզբը չի կրնար հանդուրժել միջավայրին, այդ աղքատ մթնոլորտին, որով կ՛ուզէ անմիջապէս գործերը աւարտել եւ վերադառնալ Վատիկան: Երբ կը հանդիպի Մայր Թերեզային՝ անոր հարց կու տայ ըսելով. «Դուն ո՞վ ես»: Մայր Թերեզան կը պատասխանէ. «Ես գրիչ մըն եմ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, թող Ինք գրէ ինձմով այն ինչ որ կ՛ուզէ»: Այցելու վարդապետը երբ կը տեսնէ գործունէութիւնը եւ տքնաջան առաքելութիւնը մայրապետին, իր կեանքին մէջ արմատական փոփոխութիւն մը կատարելով, կ՛որոշէ չվերադառնալ Վատիկան, այլ՝ մնալ Կալկաթա, եւ Մայր Թերեզային հետ միասին ծառայել աղքատներուն:

T162 011

Հիմնադիրը
Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնը ստանալէ ետք, Մայր Թերեզա կը մեկնի վանքէն կապոյտով ճերմակ զգեստ մը հագած եւ գրպանը հնդկական 5 ոսկի: Ան կ՛երթայ Փաթնայի քոյրերուն մօտ, որպէսզի բժշկական դաստիարակութիւն ստանայ: 4 ամիս ետք կը բնակի փոքրիկ քոյրերուն մօտ: 21 դեկտեմբեր 1948-ին, կ՛որոշէ փողոցը դասընթացքներ կատարել աղքատ մանուկներուն. 10 օր չանցած պզտիկներուն թիւը 50-ի կը հասնի: Կը սկսի բնակարան փնտռել եւ շնորհիւ իր հոգեւոր հօրը, տան մը վերջին յարկը կը բնակի: Փողոցը ապրողներուն մաքրութեամբ կը զբաղի։ Անոնց օճառ կը բաժնէ եւ կը սորվեցնէ անոր գործածութիւնը: Դեկտեմբեր 1948-ին կը ծանօթանայ պելճիքացի օրիորդի մը՝ Ժագլին Տէ Տէքըրի, որ կ՛ուզէ իրեն նման ապրիլ: Սակայն հիւանդութեան պատճառով կը վերադառնայ Պելճիքա, եւ աղօթքներով կը շարունակէ կապ պահել քոյրերուն հետ: Մայր Թերեզան իր օրը կը սկսէր սուրբ Պատարագի մասնակցութեամբ, ապա իր վարդարանը ձեռքին ճամբայ կ՛ելլէր ծառայելու: Մի քանի ամիս ետք արդէն իր նախկին աշակերտուհիներէն շատեր կը միանան իրեն, անդամակցելու համար անոր հիմնած միաբանութեան: 1949 օգոստոսին, քահանայապետական հրամա-նագիրին ժամանակը վերջացած ըլլալով, եպիսկոպոսը խնդրագիր կը ներկայացնէ երկարաձգելու շրջանը: 7 հոկտեմբեր 1950-ին, պաշտօնապէս կը հիմնուի Սիրոյ Առաքեալներու Միաբանութիւնը, ունենալով իր կանոնագիրքը: Պօղոս 6-րդ Սրբազան Քահանայապետին հրամանով, Հռոմի մէջ առաքելութեան տուն կը բանայ, ապա նաեւ  տարբեր երկիրներու մէջ։ Անոնց թիւը այսօր կը հասնի մօտաւորապէս 703-ի, 132 երկիրներու մէջ: Իսկ մայրապետներուն թիւը կը հասնի այսօր 4690-ի: 

mt6

Յիշելու ենք թէ 1988-ին, Մայր Թերեզան կ՛այցելէ Հայաստան, օգնութեան հասնելու համար երկրաշարժի զոհերուն: Ան հանդիպում կ՛ունենայ Վազգէն Վեհափառին հետ: Հայաստանի մէջ կը հիմնուի «Սիրոյ Առաքեալներու» տունը, ուր մինչեւ օրս Մայր Թերեզայի օրինակին հետեւող մայրապետներ կը ծառայեն մեր ժողովուրդին: 1982-ին, Մայր Թերեզան Պէյրութ կը գտնուէր եւ պատերազմէն կը փրկէ 37 մանուկներ, որոնք դատապարտուած էին իսրայէլեան եւ պաղեստինեան ուժերուն միջեւ: Մեծապէս օգտակար կը դառնայ լքուածներու զանոնք ազատելով խեղճ ու սարսափելի վիճակէն եւ զիրենք փոխադրելով ապահով վայր մը:

mt7

Իր կեանքին վերջին տարիներուն, հակառակ հիւանդագին պայմաններուն, կը շարունակէ նախագահել միաբանութեան: 1997-ին, միաբանութեան նոր մեծաւոր մայրը կ՛օրհնէ, եւ վերջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ Սրբազան Քահանայապետին, որմէ ետք կը վերադառնայ Կալկաթա եւ ժամանակը կ՛անցնէ աղօթքով, դասաւանդութեամբ եւ հիւրեր ընդունելով: Ան սրտի կաթուածներ կ՛ունենայ եւ ստամոքսի ուռ: Կ՛ենթարկուի գործողութեան: Բժիշկները յոյս չունէին որ յաջողի գործողութիւնը, որովհետեւ ան արդէն տկարացած էր: Մինչ գործողութիւնը կը կատարուէր, իր հոգեւոր հայրը մատուռ կ՛երթայ եւ կ՛աղօթէ հետեւեալը. «Ով Տէր, իմ առաքելութիւնս իր աւարտին հասած է, բայց Մայր Թերեզան տակաւին շատ բան ունի կատարելիք. ասոր համար կը խնդրեմ որ իմ կեանքս առնես եւ իրեն տաս»: Եւ այդպէս ալ կ՛ըլլայ: Հոգեւոր հայրը կը մեռնի, եւ Մայր Թերեզան ողջ առողջ կ՛ելլէ հիւանդանոցէն:

5 սեպտեմբերը իր երկրաւոր կեանքին վերջին օրը կ՛ըլլայ: Կէսօրուայ ժամը 2:30ին իր աչքերը կը փակէ, նոր կեանք մը սկսելու համար երկինքի արքայութեան մէջ: Հնդկաստանի կառավարութիւնը մեծաշուք յուղարկաւորութեամբ հողին կը յանձնէ Մայր Թերեզան: Անոր գերեզմանը շատ շուտ արդէն ուխտավայր մը կը դառնայ: Անոր մահուան երկու տարի չանցած Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը անոր երանացման դատը կը բանայ: 19 հոկտեմբեր 2003-ին, երանելի կը հռչակուի Մայր Թերեզան:

 

Հոգեխօսութիւն
Մայր Թերեզայի կեանքն ու գործը կը վկայեն թէ ամէն ծառայութեան մէջ սէր կայ, եւ ամէն սիրոյ մէջ ուրախութիւն: Ան կ՛ըսէր թէ կարեւոր չէ թէ ինչ կ՛ընենք, այլ որքան սէր կը դնենք մեր ըրածին մէջ: Ինքնիր անձը կը նկարագրէր ըսելով թէ գրիչ մըն է Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ: Երբ իրեն հարց կու տան թէ ինչպէս սկսած է իր առաքելութիւնը, ան կը պատասխանէ. «Դուռը բացի, ճամբան անտեսուած հիւանդ մը տեսայ, զայն տունս մտցուցի»: Անոր մտահոգութիւնն էր յարգել մարդուն արժանա-պատուութիւնը:

Երբ տակաւին նոր սկսած էր առաքելութիւնը՝ կ՛ապրի հաւատքի տագնապ մը, զոր կը կոչէ «խաւարը»: Տեսնելով աղքատներուն վիճակը, կը սկսի հեռանալ Աստուծմէ: Սակայն այս նոյն փորձութիւնը զինքը կը մղէ աւելիով մասնակցելու Քրիստոսի ծարաւին:

(FILES) This file photo taken on February 03, 1986 shows Mother Teresa and Pope John Paul II waving to well-wishers, at the Nirmal Hriday Home, in Calcutta. The Vatican committee that approves elevations to sainthood will meet on March 15, 2016 to consider a recommendation that Mother Teresa of Calcutta becomes Saint Theresa, the Holy See announced on March 14, 2016. / AFP PHOTO / JEAN-CLAUDE DELMAS

Մայր Թերեզան երբեք խտրութիւն չի դներ առաքելութեան մէջ: Ամէն անձ որ կը տեսնէ փողոցը լքուած, հիւանդ վիճակի մէջ, զայն կը փոխադրէ հիւանդանոց: Յաճախ կը կռուէր բժիշկներուն հետ որ ընդունէին իր հիւանդները: Սակայն երբ օր մը բժիշկը կը մերժէ ընդունիլ իր տարած հիւանդը, եւ այս պատճառաւ հիւանդը հիւանդանոցին դրան առջեւ կը մեռնի, ան կ՛որոշէ անձնական տուն մը ապահովել ընդունելու համար հիւանդները, որոնք շատ ծանր վիճակի մէջ են: Կ՛ուզէր բուժել զիրենք, նաեւ կ՛ուզէր որ անոնք արժանապատուութեամբ մեռնին: Հակառակ այս բոլորին, բժիշկները կը քննադատեն զինք ըսելով թէ ճիշդ բուժում չի տար հիւանդներուն: Ան կը պատասխանէ ըսելով թէ ինք բժիշկ չէ, ինք դեղ չի տար հիւանդներուն, ինք կ՛ուզէ ինքզինքը նուիրել անոնց, Աստուծոյ սէրը նուիրել: Պէտք է ըսել որ Մայր Թերեզան միշտ քննադատուած էր, որովհետեւ իւրաքանչիւր բարիք, զոր կը կատարէր՝ զայն կը նկատէին անձնական շահու համար կատարուած արարք մը: Այդ տան մէջ կ՛ընդունի ամէն տեսակ մարդիկ, ամէն կրօնքի պատկանող: Կը քննադատեն զինք կարծելով թէ մարդոց հիւանդ վիճակը կ՛օգտագործէ զանոնք քրիստոնեայ դարձնելու համար: Կը քարկոծեն տունը: Բայց ինք կ՛ըսէ թէ իւրաքանչիւր անձ կանչուած է ապրելու ինչպէս որ իր կրօնքը կը պահանջէ՝ քրիստոնեան` որպէս քրիստոնեայ, իսլամը՝ որպէս իսլամ եւ պուտիստը՝ որպէս պուտիստ: Կը պատահի որ օր մը ժողովուրդը որոշէ համախմբուիլ Մայր Թերեզային գործածած տան առջեւ զինք վռնտելու համար քաղաքէն եւ մինչեւ իսկ ի հարկին զինք սպաննելու: Անոնցմէ երիտասարդ մը համարձակօրէն կը մտնէ տուն վռնտելու համար Մայր Թերեզան եւ իրեն հետ եղող քոյրերը: Սակայն երբ կը տեսնէ սիրոյ ու ծառայութեան հոգին անոնց մէջ, դուրս գալով համախմբուած ժողովուրդին կ՛ըսէ. «Երբ մեր մայրերն ու քոյրերը այս կնոջ կատարածին կէսը ընեն, ես անձամբ զինքը դուրս պիտի դնեմ»: Ան կը մկրտէր միայն այն մանուկները, որոնք ամբողջովին լքուած էին եւ ծնողք չունէին, այսինքն մէկը չունէին որ իրենց մասին հարցնէ, եւ յայտնի չէր անոնց ծնողներուն կրօնական պատկանելիութիւնը:

Mother Teresa blesses a sick child held by his mother October 20 at the Missionaries of Charity convent in Singapore - RTXEWYA

Ան կը հիմնէ նաեւ որբանոց մը, եւ յետագային կը ծրագրէ Խաղաղութեան քաղաք մը շինել: 1965-ին երբ Պօղոս Զ․ Քահանայապետը կ՛այցելէ Հնդկաստան, իր ինքնաշարժը կը նուիրէ Մայր Թերեզային, որ զայն կը ծախէ ֆինանսաւորելու համար քաղաքին ծախսերը: Թերթերու մէջ յայտարարութիւններ կ՛ըլլան Մայր Թերեզայի գործունէութիւններուն մասին, եւ հետզհետէ նուիրատուութիւններ կը հասնին: Ան չընդունիր մեծ գումարները: Կը մերժէ վաճառականութեան գաղափարը, եւ կը նախընտրէ որ Աստուծոյ նախախնամութեամբ ապրին առաքեալները: Կը պատմուի թէ մանուկ մը երբ իր տան մէջ նստած, հեռատեսիլէն կը տեսնէ Մայր Թերեզայի հոգատարութիւնը աղքատ մանուկներուն, կ՛որոշէ երեք օրեր շարունակ շաքար չուտել, որպէսզի զանոնք նուիրէ այդ աղքատ մանուկներուն:

Մայր Թերեզան ամենուրեք կը հրաւիրուի իր առաքելութիւնը կատարելու: Նոյնիսկ իսլամ շրջանակներու մէջ: Եմէնի վարչապետը զինք կը հրաւիրէ որպէսզի մշակութային նիւթերու մասին խօսի «Ալ Հիւտայտայ»ի մէջ: Ան միշտ կ՛ըսէր թէ ամէն մարդ իրեն համար Քրիստոս մըն է: Իր կեանքն ամբողջ ապրեցաւ աղօթքով ու աղքատներու, լքուածներու, տառապեալներու, մուռացկաններու, հիւանդներու ծառայութեամբ: Ան իմաստաւորեց տառապանքի խորհուրդը եւ ամենապարզ միջոցներով օգնութեան հասաւ: 12 պատուոյ շքանշաններ ստանալէ ետք, 17 հոկտեմբեր 1979-ին, ան կ՛արժանանայ Նոպելի Խաղաղութեան Մրցանակին, եւ իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Ուրախ եմ որ կ՛ընդունիմ այս շքանշանը աղքատներուն անունով»: Շքանշանի յանձնումի հանդիսութենէն ետք կազմակերպուած ընթրիքը իրեն ի պատիւ ջնջել կու տայ եւ կը խնդրէ որ այդ գումարը տրամադրուի աղքատներուն: Ուժգին կը պայքարի վիժումի դէմ եւ իր ժպիտով կը դարմանէ ցաւերն ու արցունքները տառապեալին:

mt10

Իր սրբադասման առթիւ, Մայր Թերեզային եղբօր դուստրը, որ արդէն 70 տարեկան է, «Ռատիօ Վատիկան»էն հետեւեալ վկայութիւնը փոխանցեց. «Ան տրամադիր էր բոլորին, եւ միշտ կը թելադրէր առաջնահերթութիւնը տալ ընտանիքին, յաճախ ինծի կ՛ըսէր. «Նախ ընտանիքը, քու ընտանիքդ, այսինքն հետեւէ զաւակներուդ, հետեւէ ամուսինիդ, հոգ տար անոնց, տես զաւակներդ ինչ կ՛ընեն, ուր կ՛երթան»: Խաղաղ անձ մըն էր. երբ անոր աչքերուն նայէիր, կը զգայիր թէ ան կը տեսնէր քու սիրտդ: Մայր Թերեզան շատ կը սիրէր տուրմը, սակայն չէր ուտեր որովհետեւ զայն հարուստներու ուտելիք կը նկատէր, ըսելով թէ մեծ մասամբ այն անձերը որոնց կը ծառայեմ կարողութիւն չունին տուրմ ուտելու: Նուէրները զորս կը ստանար իրեն համար չէր վերապահեր, այլ՝ կը բաժնէր: Երբ տակաւին Ալպանիա կը գտնուէր, դաշնակ կը նուագէր, եւ իր բարեկամուհիներուն հետ ելոյթներ կը կազմակերպէր: Հայրս կ՛ըսէր թէ մօրաքոյրս իր մանուկ հասակէն կազմակերպող անձ մը եղած է»:

ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ