ՔԱՂՑՐԱԳՈՒԹ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐՏԻՆՔ ՄԵՐ ՆԵՐՈՒՄԸ

ՔԱՂՑՐԱԳՈՒԹ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՊԱՐՏԻՆՔ ՄԵՐ ՆԵՐՈՒՄԸ

Աստուածային Ողորմութեան մասին մեր խորհրդածութիւնը մեզ առաջնորդելու է Աստուածային Ողորմութեան եւ Սիրոյն մեծագոյն Սքանչելիքին՝ Աստուածային Պաշտամունքին ու Զոհակատարութեան մէջ մեր խորացումին:

Աստուածային Պաշտամունքն ու Զոհակատարութիւնը Ս. Պատարագն է, Գոհութեան Խորհուրդը, որ մեր փրկութեան խորհուրդն է, զոր Յիսուս կատարեց խաչին վրայ:

Խաչեալին ինքնամատոյց Զոհակատարումը մշտաբորբոք հաւատքով դաւանելու եւ յարաճուն սիրով փառաւորելու համար՝ հայերս «Ս. Աստուած» երեքսրբեան սլացականը կ՚ուղղենք Ամենասուրբ Երրորդութեան Երկրորդ Անձին՝ Աստուածամարդուն, եւ ո՛չ՝ Եռանձնեայ Աստուծոյն, ինչպէս լատինածէս Եկեղեցին կ՚ընէ:

«Սուրբ Աստուած, Սուրբ եւ Հզօր, Սուրբ եւ Անմահ, որ խաչեցար մեզի համար, ողորմէ՛ մեզի» Երեքսրբենիով մենք կը գովերգենք Քրիստոսը՝ հռչակելով Անոր սրբութիւնը, հզօրութիւնն ու անմահութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդունելով Անոր խաչելութիւնը:

Երիցս կրկնուած երեքսրբեան երգով մեր դրսեւորած գովքը, հռչակումն ու հաւատքը կը համադրուին Աստուծոյ ողորմութեան մեր արժանանալուն համար երեքկնած այս մէկ աղաչանքին մէջ.« Խաչեալ Փրկիչ, ողորմէ՛ մեզի»:

Աստուածային Ողորմութեան մէկ հոմանիշն է Աստուածային Քաղցրութիւնը, զոր պատարագիչը, իբր ներկայացուցիչը ներկայ հաւատացեալներուն, կը յիշէ «Ս. Աստուած»ին յաջորդող երկար աղօթքին մէջ.«Դուն, ո՜վ Տէր, ընդունէ՛ երեքսրբեան այս օրհնութիւնը մեղաւորներուս բերանէն եւ պահէ՛ մեզ Քու քաղցրութեամբդ»:

Յաջորդաբար կը խոստովանինք պատարագիչին հետ, թէ քաղցրագութ Աստուծոյ ողորմութեան կը պարտինք ներումը «կամայ-ակամայ» գործած մեր բոլոր յանցանքներուն, ինչպէս ալ մեր հոգիին, մտքին ու մարմնին մաքրութիւնը, բայց նաեւ Անոր ողորմութենէն ստացած եւ ստանալիք շնորհքը, «որպէսզի սրբութեամբ պաշտենք Տէրը մեր կեանքին բոլոր օրերուն ընթացքին», եւ այն՝ միշտ միջնորդութեամբ Ս. Աստուածածնին ու բարեխօսութեամբ բոլոր սուրբերուն:

Ս. Եկեղեցին, այսինքն՝ Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինն ու Աստուծոյ Ընտանիքը կազմողներուս անհրաժեշտ են այս ներումը, ինչպէս նաեւ մեր արտաքին եւ ներքին սրբութիւնը, որպէսզի ըլլանք առաքեալներն ու խօսնակները Տիրոջ ողորմութեան եւ բարեգութ սիրոյն:

Այսպէս, Սրբազան Պապը կը սորվեցնէ, «Եկեղեցիին առաքելութիւնն է Աւետարանին բաբախուն սիրտն եղող Աստուծոյ ողորմութիւնն աւետել՝ զայն արծարծելով բոլորին սրտերուն եւ մտքերուն մէջ», բայց մանաւանդ զայն ապրելով բոլորին հանդէպ:

Դեռ աւելի: «Եկեղեցիին առաջնահերթ ճշմարտութիւնը Քրիստոսի սէ՛րն է: Եկեղեցին աղախինը եւ միջնորդն է դէպի ներումն ու ինքնանուիրումը տանող ա՛յս սիրոյն: Ուստի, ո՛ւր որ Եկեղեցին ներկայ է, հո՛ն Հօր ողորմութիւնն ալ յայտնի դառնալու է:… Հո՛ն, ո՛ւր քրիստոնեաներ կան, հո՛ն ամէն մէկը գտնելու է ողորմութեան ովասիս մը»:

Այս իմաստով, ինչպէս Սրբազան Պապը կը մէջբերէ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի խօսքը.«Եկեղեցին իր հարազատ կեանքը կ՚ապրի, երբ կը դաւանի ու կը հռչակէ ողորմութիւնը, որ ամենասքանչելի յատկանիշն է մեզ Ստեղծողին ու Փրկողին եւ մարդերը կ՚առաջնորդէ դէպի Փրկչին ողորմութեան աղբիւրը, որուն պահպանիչը եւ բաշխիչն է»:

Կը մաղթեմ ու կ՚աղօթեմ, որ Ս. Պատարագին հաւատարիմ մասնակցութեամբ ընդունիք շնորհքը՝ ստանալու, հասկնալու եւ ապրելու Տիրոջ ողորմութիւնը, որպէս զի իբր քրիստոսականներ դառնանք օրինակելի ու հաւատալի:

 

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ