ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

«Հասած է եզրակացութիւններ կատարելու ժամանակը։ … Մէկ բան ակնյայտ է. ներհայաստանեան հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ անհրաժեշտ է արագացնել արմատական փոփոխութիւններու հոլովոյթը» յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան օգոստոսի 1-ին, մեկնաբանելով ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) Մովսէս Խորենացի փողոցին վրայ գտնուող գունդին վրայ «Սասնայ Ծռեր»ու 30 հոգինոց զինեալ խումբին կողմէ կատարուած յարձակումին հետեւանքով ստեղծուած լարուած իրավիճակը, որ «տեղի» ու «անտեղի» մեկնաբանութիւններու, վերագրումներու, որակումներու, ամբաստանութիւններու տեղիք տուաւ։ Մինչեւ իսկ «ահաբեկիչ» եւ «դաւաճան» ամբաստանութիւններ հնչեցին պաշտօնական բերաններէ մարդոց հասցէին որոնք դեռ մօտիկ անցեալին հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրեալներ ըլլալու վկայութիւնը տուած էին եւ սակայն յանկարծ յայտնուեցան պահանջներու իրագործումը զէնքով ու բռնութեամբ պարտադրելու անթոյլատրելի դիրքերու վրայ։ Կը կարծենք որ զինեալ խմբակին կատարած օրինախախտումներուն հետեւան-քով ստեղծուած շիկացած մթնոլորտին ներքեւ երկուստեք գործուած արարքները ու արտասանուած խօսքերը զգացական պոռթկումներ էին եւ ոչ՝ համոզուածութեան արդիւնք։ Այսուհանդերձ, պէտք է իրերն ու իրադրութիւնները կոչել այնպէս ինչպէս կը ներկայանան (Il faut appeler un chat un chat, կ՛ըսէ ֆրանսական առածը)։

Փառք Աստուծոյ որ ի վերջոյ կարելի եղաւ յոռեգոյնը կանխել երկուստեք, թէ՛ ուժային կառոյցներուն եւ թէ՛ զինեալներուն կողմէ ցուցաբերուած ողջմտութեան շնորհիւ, ինչպէս կը թելադրէր Հանրապետութեան նախագահին կողմէ կատարուած այն հաստատումը թէ Հայաստանի մէջ հարցեր լուծել կարելի չէ զինու զօրութեամբ ու բռնութեամբ։ Բայց միաժամանակ հազար ափսոս որ այսպիսի ծանր փորձութիւն մըն է որ «եզրակացութիւններ կատարելու ժամանակը հասած» նկատել տուաւ։

Յուլիսի 17-ի առաւօտեան սկսած իրադարձութիւններուն եւ անոր ողբերգական հետեւանքներուն ժամանակագրութիւնը կատարելու հարկ չկայ։ Անոնք իրենց ամենայետին մանրամասնութեամբ ծանօթ են հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին, որ անձկութեամբ ու խոր մտահոգութեամբ հետեւեցաւ դէպքերու զարգացումին եւ անհուն գոհունակութեամբ արձանագրեց անոնց աւարտը Յուլիսի 31-ի երեկոյեան՝ զինեալ խմբակի անդամներուն անձնատուութեամբ իշխանութիւններուն։ Աւարտեցաւ անընդունելի իրավիճակը, ինչպէս ըսաւ Հանրապետութեան նախագահը, բայց «ամբողջական հանգուցալուծման համար տակաւին կանուխ է» աւելցուց ան։ Անխուսափելի է, անշուշտ, գործուած հակա-օրինական արարքներու պատասխանատուներուն հաշուետուութիւնը օրէնքի առջեւ, «ամէն անձ պէտք է հաշիւ տայ իր արարքներուն համար միայն ու միայն օրէնքի առջեւ»։ Օրէնքի առջեւ հաշիւ տալու կանչուածներու շարքին անշուշտ պէտք է գտնուին նաեւ իրենց սանձարձակ ու բիրտ վերաբերումով (յատկապէս իրենց պարտականութիւնը կատարող լրագրողներուն հանդէպ) իրաւապահ կառոյցները վարկաբեկող ոստիկանները։ Յամենայն դէպս, որպէսզի այդ հանգուցալուծումը իրապէս վերջնական եւ ամբողջական ըլլայ, պէտք չէ սահմանափակուի եւ աւարտի արդէն համընդհանուր դատապարտումի արժանացած զինեալ արարքի պատասխանատուներու հաշուետուութեամբ, այլ պէտք է միաժամանակ նպաստէ յուլիսեան դէպքերուն ու անոնց հետեւանքով ստեղծուած ծանրակշիռ իրավիճակին ծնունդ տուած պատճառներու վերացման։ Այդ պատճառները բազմաթիւ են՝ քաղաքական, ընկերային, արդարադատական, տնտեսական, հովանաւորչական, չարաշահական։ Այս եւ ասոնց նման պատճառներն են որ հայրենալքումի կը մղեն ճարահատ քաղաքացիները։ Թերեւս ըսուի թէ ասոնց նման պատճառներ առաւել կամ նուազ համեմատութեամբ եւ ամէն մակարդակի վրայ գոյութիւն ունին տարբեր երկիրներու մէջ ալ, սակայն փախուստի չեն մղեր քաղաքացիները․ ինչո՞ւ։ Պարզ այն պատճառով որ այդ երկիրներուն մէջ քաղաքացին երբ կը պայքարի ի խնդիր ազնիւ ու արդար նպատակի մը, գիտէ թէ օրէնքին պաշտպանութիւնը կը վայելէ, օրէնքը ի զօրու է հաւասարապէս մեծին ու փոքրին՝ բոլորին հանդէպ, անձեռնմխելի ու անկաշառելի է։

Այդ պատճառներու վերացման ճանապարհին սկզբնաւորութիւնը ցոյց տուաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիսաւորապէս հաստատելով որ «հասած է եզրակացութիւններ կատարելու ժամանակը» եւ շեշտելով արմատական փոփոխութիւններու հրամայականը։ Ան միաժամանակ հաստատեց խոստացուած փոփոխութիւններուն առաջնորդող քայլերը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը։

Այս հանդիսաւոր խոստումին իրագործումով միայն կարելի պիտի ըլլայ քաղաքական վերնախաւի հակակշռին տակ գտնուող իշխանութիւններուն եւ հասարակութեան միջեւ յառաջացած խրամատը աւելի չխորացնել, փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծել եւ ապագային հանդէպ հաւատք եւ յոյս ներշնչել, առանց որուն հնարաւոր պիտի չըլլայ արտագաղթին թափը արգելակել։

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ