Ազատ Արցախը 25 Տարեկան Է

Ազատ Արցախը 25 Տարեկան Է

Սեպտեմբեր 2-ը Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրն է:

25 տարի առաջ` 1991 Սեպտեմբեր 2-ին Լեռնային Ղարաբաղի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նիստը` բոլոր մակարդակի խորհուրդներու պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, ընդունած է հռչակագիր ԼՂՀ հռչակման մասին` ԽՍՀՄ օրէնսդրական չափանիշներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին համապատասխան:

Աւելի ուշ, օգտագործելով ինքնուրոյն հանրաքուէ իրականացնելու եւ սեփական պետական իրաւական կարգավիճակի մասին հարցադրման իրաւունքը, որ ամրագրուած է միութենական օրէնսդրութեան մէջ, ԼՂՀ ժողովրդական պատգամաւորներու խորհուրդը որոշում ընդունած է Հանրապետութեան անկախութեան մասին հանրաքուէ իրականացնելու շուրջ:

1991 Դեկտեմբեր 10-ին, ԼՂ-ի բնակչութիւնը հանրաքուէով ամրագրեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակումը:

Այսպիսով, նախկին Ատրպէյճանական ԽՍՀ տարածքին մէջ ձեւաւորուեցան երկու իրաւահաւասար պետական կազմաւորումներ` ԼՂՀ եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն:

Ստեղծուած իրավիճակը անսպասելի էր Ատրպէյճանի համար եւ 3 շաբաթ անց սկսաւ Պաքուի պատասխան գործողութիւնը:

1991 Սեպտեմբեր 25-ին Շուշիէն առաջին անգամ «Ալազան» տեսակի հրթիռներով ռմբակոծուեցաւ Ստեփանակերտը` սկսաւ արցախեան գոյամարտը:

Պատերազմի յորձանուտին մէջ հայերը միացիալ ուժերով ստեղծեցին հայոց ազգային բանակ, որ կը կազմէր մօտ 20-25 հազար:

Հայկական ուժերու վճռական գործողութիւններուն հակառակորդը չկարենալով դիմադրել եւ վախնալով աւելի ծանր կորուստներ կրելու մտքէն` զինադադար կը խնդրէ:

1994 Մայիս 12-ին Ատրպէյճան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Հայաստան կնքեցին հրադադարի համաձայնագիր:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն ժամանած պաշտօնական պատուիրակութեան, արցախահայութեան եւ արտերկրէն ժամանած հիւրերուն հետ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն առաւօտեան հանդիսաւոր քայլերթով այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ դրած եւ յարգանքի տուրք մատուցած Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին: Սերժ Սարգսեան Արցախեան ազատամարտին զոհուածներու պանթէոնին մէջ ծաղիկներ տեղադրած է ազատամարտի նահատակներուն եւ ԼՂՀ Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն:

Արցախի Հանրապետութեան 25 ամեակին առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, նախագահ Բակօ Սահակեան ըսաւ մասնաւորաբար․-

«1991 թուականի սեպտեմբերի 2-ը շրջադարձային եղաւ արցախահայութեան կեանքին մէջ եւ փոխեց անոր պատմութեան ընթացքը: Մեր վճռորոշ ձայնը բարձրացնելով յօգուտ ազատ ու անկախ Արցախի` մենք ազգովին ձեռնամուխ եղանք պետականաշինութեան գործընթացին, սկսանք կառուցել ժողովրդավարական պետութիւն՝ միջազգային կանոններուն ու սկզբունքներուն համապատասխան:

Մեր ընտրած ուղին բարդ էր ու դժուարին: Արցախի ժողովուրդին արդար եւ օրինական պահանջին Ատրպէյճանը հակադարձեց բռնութիւններով ու կոտորածներով եւ սանձազերծեց արիւնալի պատերազմ: Մենք ստիպուած էինք զէնք վերցնել եւ ամէն գնով պաշտպանել մեր նորանկախ պետութեան ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը, մեր ժողովուրդին խաղաղութիւնն ու անդորրը, մեր պատմական հողն ու իրաւունքները:

Այդ ծանր օրերուն, ինչպէս նաեւ հետագայ բոլոր տարիներու ընթացքին Արցախի կողքին էին Մայր Հայաստանը եւ Սփիւռքը: Աշխարհասփիւռ հայութեան գործուն աջակցութեամբ եւ ակտիւ մասնակցութեամբ մենք կրցանք պատուով յաղթահարել բոլոր փորձութիւններն ու դժուարութիւնները, յաղթանակ տարինք մեզի պարտադրուած պատերազմին մէջ եւ սկսանք շէնցնել ու զօրացնել բոլորիս համար թանկ ու նուիրական Արցախը, մեր Հայրենիքը»:

 

«Հայերն Այսօր»