Զմմառու Վանքի «Երանելի Մալոյեան Ամփիթատրոն»ի Բացման Մեծաշուք Հանդիսութիւն

Զմմառու Վանքի «Երանելի Մալոյեան Ամփիթատրոն»ի Բացման Մեծաշուք Հանդիսութիւն

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի նախագահութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, կիրակի, 7 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան ամփիթատրոն»ի բացման եւ օրհնութեան արարողակարգը:

Ներկայ գտնուեցան Ն. Ս. Պշարա Ռաի՝ Մարոնի Պատրիարքը համայն Արեւելքի եւ Անտիոքի, Յոյն կաթողիկէ Պատրիարք՝ Ն. Ս. Ղրիղորիոս Լահհամ, պապական նուիրակ՝ արհիապատիւ Կապրիէլ Քաչչիա, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, արհիապատիւ գերապայծառ տիարք, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Հայ կաթողիկէ թեմական հայրեր, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան առաքինազարդ քոյրեր, միաբանութիւններու մեծաւորներ եւ մեծաւորուհիներ, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք դեսպան՝ պրն. Սամուէլ Մկրտչեան, վսեմափայլ Նախարարներ եւ երեսփոխաններ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, յարգարժան պետական եւ զինուորական ներկայացուցիչներ, մեծարգոյ բարերարներ, դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ՝ դատաւոր Ժան Ֆահտ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ներկայացուցիչ Էլի Մալեան:

bz3

Հանդիսութեան սկիզբը ՀԿՄ.ի շեփորախումբը հնչեցուց քայլերգներ, որուն յաջորդեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբի «Հրաշափառ Աստուած» շարականի երգեցողութիւնը, մինչ հոգեւորական դասը հանդիսաւոր թափօրով կ’ուղղուէր դէպի ամփիթատրոնի կեդրոնը զետեղուած՝ երանելի Մալոյեանի արձանը, ուր տեղի ունեցաւ յուշակոթողի քօղազերծումը: Ապա Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը եւ Պատրիարք Հայրերը յաջորդաբար ընթերցեցին ամփիթատրոնի օրհնութեան աղօթքները:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեցին Զմմառու դպրեվանքի նորընծաներ՝ եղբ. Գրիգոր Պօյաճեան (հայերէն) եւ եղբ. Կարօ Գլընճեան (արաբերէն):

Ապա, պատրիարքական «Կռունկ» եւ Լուէյզէի «Էն. Տի. Եու» Համալսարանի երգչախումբերը, ղեկավարութեամբ՝ մաէսթրօ դոկտ. էտի Թորիկեանի եւ մաէսթրօ դոկտ. Խալիլ Ռահմէի հանդէս եկան հոգեւոր եւ ազգային խմբերգներով, սեմֆոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ:

Գեր. հ. Մովսէս վրդ. Տօնանեան արտասանեց հանդիսութեան պատգամը, որուն արաբերէն թարգմանութիւնը ընթերցեց գեր. հ. Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան:

Ապա՝ Զմմառու միաբան հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեան մեներգեց Կոմիտասի «Տըլէ Եաման» եւ «Panis Angelicus» երգերը:

Երեկոյթին հանդիսավարն էր ազնուափայլ տիկին Անի Եփրեմեան, որ բեմ հրաւիրեց Ռայի Պատրիարքը, որ իր ելոյթին մէջ ըսաւ յատկապէս. «Մենք` Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներս, կը նկատենք, որ մեր ներկայութիւնը Արեւելքի մէջ խիստ կենսական է, փոխադարձաբար կը նկատենք, որ իսլամութիւնը իր հարուստ ու բազմաբնոյթ արժէքներով անհրաժեշտութիւն է արաբական աշխարհին համար, պայմանաւ որ կասեցնէ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ Աստուծոյ եւ իսլամութեան անունով կատարուող բռնարարքները»։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղերձը կարդաց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Խօսքին մէջ ըսուած էր. «1915-ին՝ ցեղասպան թուրքը խտրութիւն չդրաւ հոգեւորականի, թէ աշխարհականի, այրի թէ կնոջ, մեծին թէ փոքրին միջեւ: Հարիւրաւոր հոգեւորականներուն կողքին նահատակուեցաւ նաեւ երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեան: Ցեղասպանութեան զոհ դարձած նահատակներու հաւաքական սրբադասումը եւ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի «երանելի» հռչակուիլը մեր քրիստոնէական հաւատքը աւելի պիտի ամրացնեն ու նահատակներուն նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը աւելի խորացնեն»

Անտիոքի եւ համայն արեւելքի Յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ Պատրիարքը, իր խօսքին մէջ յիշելով Հայոց ցեղասպանութեան նահատակները, ըսաւ, թէ անոնք հպարտութեան պսակ են Հայ Եկեղեցւոյ համար: Ան նշեց, թէ պէտք չէ վախնալ նահատակութենէն, պէտք է կրթուիլ ու կրթել գալիք սերունդները նահատակութեան եւ վկայութեան սկզբունքներուն հիման վրայ:

Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչչիա եւ ըսաւ թէ երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի արձանը կը խորհրդանշէ ժողովուրդ մը, զոր փորձեցին զգետնել, բայց չյաջողեցան, որովհետեւ հոգին կարելի չէ սպաննել: Հայկական խաչքարը յատուկ է հայ ժողովուրդին, որովհետեւ այնտեղ խաչը ծաղկած է, իբր վերածնունդ՝ խաչէն ու մահէն ետք:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը նշեց, որ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը նուիրական պարտականութիւն զգացած է ձեռնարկելու յուշակոթողի կառուցման ու նուիրման իր ծոցէն ելած ամէնէն արժէքաւոր անդամներէն մէկուն՝ երանելի Ինգնատիոս արք. Մալոյեանին:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Երանելի Մալոյեան երկինքէն թող հաճի ընդունիլ եւ օրհնել այս կառոյցը»:

Ապա, «Կռունկ» եւ «Էն. Տի. Եու.» երգչախումբերը միասնաբար մեկնաբանեցին «Թուպաուիոն մին շարքինա» եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Հուսկ՝ Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ գերպծ. հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան խօսք առնելով` նախ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս գործին: Ան խոր յուզմունքով շնորհակալութիւն յայտնեց նամանաւանդ Զմմառու Տիրամօր, որուն շուրջ կը կեդրոնանայ իւրաքանչիւր միաբանի կեանքը, ապա՝ Զմմառու մայրավանքի ընդհանուր մատակարար եւ զոյգ դպրեվանքերու տեսուչ՝ հ. Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանին, որուն հետ այս ամփիթատրոնի կառուցման գաղափարը յղացան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց եւ յուշանուէրներով պատուեց երանելի Մալոյեանի արձանի քանդակագործ Րաֆֆի Ետալեանը եւ երանելի Մալոյեանի արձանը նուիրող Վարուժ Ներկիզեանը, ամփիթատրոնի ընդանուր ճարտարա-պետ Անթուան Ալամը եւ նուիրատու Անտրէ Էլիովիցը:

bz9

Աւարտին՝ ներկաներուն բաժնուեցաւ Երանելի Նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի կենսագրութեան գրքոյկը, չորս լեզուներով:

Հուսկ, հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ վանքի մուտքի շրջափակին մէջ:

Զմմառ 10 օգոստոս 2016

Դիւան Զմմառու Մայրավանքի