ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն՝ Շողակաթի նաւակատիքի տօնը կը կատարուի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը կանխող Շաբաթ օրը: Շաբաթ 13 Օգոստոս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Զմմառու պատմական վանքին մէջ տօնախմբուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Թեմի Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց Զմմառու վանքի նորակառոյց «Երանելի Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ: Սուրբ եւ անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան արհի. գերապայծառ տէրեր, գերյարգելի եւ գերապատիւ հայրեր, Զմմառու վանքի Վարչական Խորհուրդի Հայրեր, շրջակայ գիւղերու գիւղապետերն եւ նօտարները, Զմմառու վանքի բարեկամներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Պատարագի երգեցողութիւնը եւ Ս. Խորանի սպասարկութիւնը միասնաբար կատարեցին Ս. Միքայէլ, Երանելի Մալոյեան եւ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի սաները: Օրուան հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀԿՄ․ի Պատանեկանը:

Մեծաւոր Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, ըսաւ. «21-րդ դարու այս դժուարին օրերուն, մենք պէտք է դիմենք Ս. Տիրամօր ամենահզօր բարեխօսութեան, որպէսզի հեռու մնանք կեանքի փորձութիւններէն: Զմմառու Տիրամայրը անսասան պահած է այս սուրբ վանքը երկուքուկէս դարէ ի վեր եւ պիտի շարունակէ իր հովանին տարածել մեր բոլորին վրայ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը այս ամփիթատրոնը կառուցեց ի յիշատակ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին եւ նահատակ միաբաններուն: Այս կառոյցին կեդրոնը կանգնած՝ Երանելիին մեծղի արձանը թող ներշնչումի աղբիւր հանդիսանայ մեր բոլորին եւ օրինակ դառնայ մեզի, որպէսզի մենք ալ նոյն հաւատքով ապրինք: Ամէն օր կը տեսնենք ու կը լսենք մահ եւ աւերածութիւն, գաղթ ու սպանութիւն, ուստի չտկարանանք մեր հաւատքին մէջ, այլ ամուր եւ հաստատուն մնանք: Առ այս՝ մարդ արարածը իր մէջէն պէտք է հեռացնէ մեղքը, չարի արմատները եւ անմարդկային արարքները, որպէսզի վերադառնայ իր խղճի անդորրութեան ու խաղաղ կեանք մը ապրի»:

bz22

Պատարագի աւարտին՝ տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքը եւ ապա յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ վանքի ներքնագաւիթը: Հուսկ, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման եւ վանքի անուանակոչութեան տօնին առիթով, հրավառութիւն կատարուեցաւ տօնական խանդավառ մթնոլորտի մէջ: