Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման տօնը Զմմառու վանքին մէջ

Սուրբ Կոյս Մարիամի Վերափոխման տօնը Զմմառու վանքին մէջ

Համայն Քրիստոնէութիւնը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը մեծ շուքով կը նշէ Օգոստոս 15-ին, իսկ Հայ Եկեղեցին Օգոստոս 15-ի մօտաւոր կիրակին, այսինքն 12-էն 18 օգոստոսի միջեւ: Տօն մը որ Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը հինգ տաղաւար տօներէն մէկը համարած են եւ կը տօնուի ինը օրեր շարունակ եւ որուն ընթացքին շարականներու երգեցողութեան ընդմէջէն կ՚ոգեկոչուի Ս. Աստուածածնի երկինք փոխադրուիլը:

Կիրակի 14 Օգոստոս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը Զմմառու վանքի նորակառոյց ամփիթատրոնին մէջ ձայնաւոր Ս. Պատարագ մատուցանեց: Այս առթիւ՝ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց դասը համապատարագեց Հոգեւոր Տիրոջ հետ: Իսկ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ դոկտ. Էտի Թորիկեանի:

Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Առաջնորդներ, գերապայծառ, գերյարգելի, գերապատիւ Հայրեր եւ արժանապատիւ քահանաներ, Զմմառու Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գեր. Հ. Միլատ Սքայէմ, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան առաքինազարդ քոյրեր, Ս. Միքայէլ, Երանելի Մալոյեան եւ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի ուսանողներ, պաշտօնական հիւրեր, պետական անձնաւորութիւններ եւ երեսփոխաններ: Ներկայ էին նաեւ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններէն ժամանած բիւրաւոր ուխտաւոր հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ ՀԿՄ.ի շեփորախումբը եւ Պատանեկան Միութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանի գիւղերէն հայ եւ տեղացի հաւատացեալներ:

bz32

Իր պատգամի ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խօսեցաւ Ս. Կոյս Մարիամի հաւատքին մասին, ըսելով. «Աւետարանը Մարիամը կը յիշատակէ Յիսուսի կեանքի զանազան հանգրուաններուն: Աստուածածնի տօնը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մեծագոյն յարգանքի, բարեպաշտական բիւրեղ զգացումի եւ հաւատքի արտայայտութիւն մըն է, որ կ՚ընծայուի Աստուածամօր, որ շնորհք գտաւ Աստուծոյ առջեւ, սնուցանեց մանուկ Աստուածորդին, դաստիարակեց եւ ընծայեց զայն աշխարհին՝ յանուն մարդկութեան որպէս փրկիչ եւ մարդացեալ Աստուածորդին: Սակայն Տիրամայրն ալ հաւատքին մէջ տարակոյսներ ունեցաւ, երբ իր Աստուածորդին կը հալածուէր եւ կը տառապէր ամէն մարդու նման: Տիրամայրն ալ հարց կու տար թէ՝ «արդեօ՞ք Յիսուս ճշմարտապէս Աստուծոյ Որդին է»: Մարիամ ինք երբեմն տարակուսանքի մէջ կը գտնուէր, թէ արդեօ՞ք ինք կը կրէր Աստուածորդին իր մէջ: Սակայն հակառակ բոլոր տեսակի նեղութեանց, Մարիամ հաւատաց իր առաքելութեան: Ան փախաւ Եգիպտոս մանուկ Յիսուսին հետ միասին, ազատելու համար զայն Բեթղէհէմի մանուկներու ջարդէն: Մարիամ տարակուսանքի մէջ գտնուեցաւ նաեւ երբ Յիսուս 12 տարեկանին Երուսաղէմի մէջ կորսուեցաւ եւ սակայն երբ Յիսուսը գտաւ տաճարին մէջ, Մարիամ չկրցաւ իր ցաւը զսպել, որ Յիսուսի կորսուիլը երեք օր, զինքը անտանելի տագնապներու եւ կասկածներու մէջ թողած էր: Մարիամ տարակուսանքի մէջ գտնուեցաւ նաեւ երբ ականատես եղաւ թէ ինչպէս փարիսեցիներ կը քննադատէին Յիսուսը: Հակառակ այս բոլոր նեղութեանց եւ տառապանքին, Մարիամ շարունակեց ապրիլ հաւատքով լեցուն, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքով լեցուած էր եւ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած էր մայր դառնալու Քրիստոսի եւ ապա համայն մարդկութեան: Քրիստոսի կեանքին վերջին հանգրուանին՝ Ս. Կոյսը կը տեսնենք Գողգոթայի բարձունքին վրայ, խաչին ստորոտը, ուր Յիսուս իր հոգին աւանդելէ առաջ իր մայրը կը յանձնէ Յովհաննէս Առաքեալին, ըսելով. «Ահա՛ քու Մայրդ» եւ մօրը դառնալով կ՚ըսէ. «Ահա՛ քու որդիդ»: Այս ձեւով Տիրամայրը ինչպէս որ Մանուկ Յիսուսի մայրն եղաւ, նոյնպէս ալ Եկեղեցւոյ մայրն ու դաստիարակը եղաւ: Եկեղեցին զայն պանծացնելով՝ զայն որպէս Մայր եւ Աստուածածին հռչակեց»:

Իր քարոզի աւարտին՝ Հոգեւոր Տէրը խնդրեց բոլոր ներկաներէն որ յատուկ աղօթք կատարեն Մայր Հայրենիքի բարգաւաճման եւ բարօրութեան համար, որպէսզի այս դժուարին օրերը յաղթահարէ եւ նոր վերելք մը ապրի, տնտեսական թէ ընկերային գետնի վրայ: Նոյնպէս աղօթք բարձրացուց Լիբանանի համար, որ իր կարգին հայութեան երկրորդ հայրենիքը կը համարուի, խնդրելով որ համերաշխութիւն տիրէ այս ասպնջական հողին վրայ:

bz31

Սուրբ եւ անմահ պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք: Այս գեղեցիկ աւանդութիւնը Հայ ժողովուրդի բարեպաշտութեան մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած է: Եկեղեցին տարուան բոլոր պտուղներուն արգասիքներուն մէջէն խաղողը ընտրած է որպէսզի օրհնուի: Հոգեւոր Տէրը ընթերցելէ ետք Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին աղօթքը, օրհնեց խաղողի ողկոյզներն ու ճիռերը, ըսելով.«Օրհնեսցի եւ սրբեսցի ողկոյզս եւ ճիռս խաղողոյս»:

Այս աղօթքով Հոգեւոր Տէրը Աստուծոյ օրհնութիւնը կը խնդրէր խաղողի ողկոյզներուն եւ ճաշակողներուն համար, որպէսզի անոնք արժանի ըլլան մեղքի թողութեան եւ դառնան առողջ՝ հոգիով եւ մտքով: Կը խնդրէր որ օրհնուին նաեւ որթատունկերն ու այգիները, որոնցմէ կտրուեցան եւ բերուեցան խաղողի ողկոյզները: Պատարագի աւարտին Հոգեւոր Տէրը խօսք ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Կռունկ» երգչախումբի ղեկավար Եդուարդ Թորիկեանին, որ իր կեանքը նուիրած էր հայ Եկեղեցւոյ: Այս առթիւ պրն. Թորիկեան խորապէս յուզուած ընդունեց Զմմառու Տիրամօր պատկերը, առ ի նշան երախտագիտութեան եւ գնահատանքի: Ան խոստացաւ շարունակել Աստուծոյ իրեն շնորհած կորովով՝ հաւատարիմ մնալ այս նուիրական աշխատանքին եւ առաքելութեան:

bz34

Օրուան հանդիսութեան աւարտին՝ հոգեւորական դասը, նախագահութեամբ Հոգեւոր Տիրոջ, թափօրով ուղղուեցաւ վանքին դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյրի արարողութիւն, որու ընթացքին Հոգեւոր Տէրն ու վարչական հայրերը ընդունեցան ներկաներուն շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ագապ դպրեվանքի սեղանատան մէջ, մասնակցութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ, Վանքիս Վարչական Խորհուրդին, հիւր միաբան հայրերուն, դպրեվանքի ուսանողութեան, «Կռունկ» երգչախումբին եւ որու ընաթցքին բաժակաճառեր արտասանուեցան եւ խմբերգներ երգուեցան: Նոյն առթիւ, տօնուեցաւ նաեւ Պէյրութի թեմի Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի Մեծաւոր՝ Հ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի քահանայական ձեռնադրութեան 18-րդ ամեակը, մաղթելով Մեծաւոր Հօր նորանոր նուաճումներ իր եկեղեցական առաքելութեան մէջ: Օրուայ խորհուրդով լեցուած ու քաղցր եւ անմոռանալի յիշատակներով՝ հաւատացեալները Զմմառու վանքէն մեկնեցան, իրենց հետ տանելով Զմմառու Տիրամօր մայրական օրհնութիւնն ու օրհնուած խաղողը: