Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՌԵՀԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՌԵՀԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ 10 սեպտեմբեր 2016, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, ռեհանի օրհնութիւն, ինչպէս նաեւ անդաստանօրհնէք:

Հոգեպարար արարողութիւններուն մասնակցեցան Պոլ֊սոյ նախկին առաջնորդ՝ արհիապատիւ Հ. Գէորգ արք. Խազումեան, Հալէպի առաջնորդ՝ արհիապատիւ Հ. Պետրոս արք. Միրիաթեան, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերպ. Հ. Պերճ վրդ. Սապեհ, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետներ՝ Հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեան եւ Հ. Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերը, եկեղեցւոյ բարեսիրականի եւ տիկնանց միութեան անդամները, Ս. Մեսրոպի Արիները, Հ. Կ. Մ.ի շեփորախումբը, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը:

Օրուան պատարագիչն էր Պոլսոյ նախկին առաջնորդ՝ արհի. Հ. Գէորգ արք. Խազումեան, առընթերակայութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետներուն։՝

«Խորհուրդ Խորին» շարականով, սկիզբ առաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, ինչպէս նաեւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին աղօթքներուն ու աղաչանքներուն բարձրացումը առ Սուրբ Խաչը եւ անոր Յարուցեալ Խաչեալը:

Գերապայծառ Տէրը օրուան Աւետարանը ընթերցելէ եւ յատկապէս բացատրելէ ետք ռեհանօրհնէքի աւանդութիւնը Հայ ազգին համար, ինչպէս նաեւ խաչին կարեւորութիւնը քրիստոնեաներուս համար, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը շարունակուեցաւ մինչեւ Անոր ամբողջական լրումը՝ Ս. Հաղորդութեան բաշխումով:

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցան ռեհանօրհնէքն ու անդաստանօրհնէքը, իսկ արարողութեանց աւարտին, «Պահպանիչ եւ յոյս հաւատացելոց…» աղօթքէն ետք, Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ տեղի ունեցաւ ռեհանէ պատրաստուած խաչափայտով, մոմերով եւ ռեհաններով հոգելից թափօր մը, որմէ ետք ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին բաշխուեցան օրհնուած ռեհանները՝ որպէս յիշեցում Ս. Խաչի արժէքին մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ: