ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԽԱՂՈՂԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ Ս. ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ 13 օգոստոս 2016, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ, Խաղողի օրհնութիւն, ինչպէս նաեւ Աստուածամօր նուիրուած թափօր՝ Պուրճ Համուտի փողոցներէն ներս, մասնակցութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերպ. հ. Պերճ վրդ. Սապեհի, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետներ՝ գերպ. հ. Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ հ. Խաչիկ վրդ. Գույումճեանի, եկեղեցւոյ բարեսիրականի եւ տիկնանց միութեան անդամներու, Ս. Մեսրոպի արիներու, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդի:

Օրուան պատարագիչն էր Պէյրութի թեմի Օգնական եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան, առընթերակայութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետներուն։

«Խորհուրդ Խորին» հոգեպարար շարականով սկիզբ առաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագը, ինչպէս նաեւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին աղօթքներուն ու աղաչանքներուն բարձրացումը՝ առ մեր բոլորին հոգատար երկնաւոր Մայրը:

bh2

Օրուան Աւետարանի ընթերցումէն եւ օրուան տօնին հետ խաղողի առնչութեան եւ Հայ ազգին համար այս աւանդական տօնակատարութեան կարեւորութեան մասին գերապայծառին կողմէ տրուած բացատրութենէն ետք տեղի ունեցաւ այնքան սպասուած խաղողի օրհնութիւնը:

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ տեղի ունեցաւ հոգելից թափօր մը՝ խաղողներով եւ Աստուածամօր արձանով, որմէ ետք ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին բաշխուեցան օրհնուած խաղողներն ու Լուրտի Տիրամօր օրհնուած ջուրէն յատուկ սրուակներով։

bh3