ՎԻՔԹՈՐԻԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ՝ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄՕՏ ՀՀ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ

ՎԻՔԹՈՐԻԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ՝ ԻՏԱԼԻՈՅ ՄՕՏ ՀՀ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ

Իտալիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպանը՝ Վիքթորիա Պաղտասարեան յուլիսի 28-ին իր հաւատարմագրերը ներկայացուցած է Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերճիօ Մատարելլային։

Հաւատարմագրերու յանձնման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած առանձնազրոյցի ժամանակ, Իտալիոյ նախագահը շնորհաւորած է նորանշանակ դեսպանը եւ յաջողութիւն մաղթած է անոր, վստահեցնելով որ Իտալիոյ պետական մարմինները իրենց աջակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած դեսպանի նախաձեռնութիւններուն։

Դեսպան Պաղտասարեան իր կարգին վստահեցուցած է որ պիտի ջանայ հայ֊իտալական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ առկայ համագործակցութիւնը ալ աւելի խորացնել ու ամրապնդել։

Երկուստեք ընդգծուած է որ երկու ժողովուրդներու պատմական սերտ կապերը եւ ընդհանուր արժեհամակարգը, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ դարերու ներկայութիւն ունեցող հայ համայնքը կարեւոր հիմք կը հանդիսանան Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ տարբեր մարզերէ ներս փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացումին համար։