Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին

Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Հայերն Այսօր ելեկտրոնային պարբերականը, Սեպտեմբերի 23-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանի: Ասիկա նորընտիր Պատրիարքին առաջին այցելութիւնն էր Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր շնորհաւորութիւնները յայտնած է Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին ընտրութեան ու գահակալութեան առիթով` մաղթելով անոր արգասաւոր ծառայութիւն:

Իր խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը գնահատանքով ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն Հայաստանեայց Առաքելական եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերելք արձանագրած են եւ յատկանշուած են սերտ համագործակցութեամբ:

Այս կապակցութեամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետը գոհունակութեամբ յիշած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ ապրիլի 12-ին Վատիկանի Ս. Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած սրբազան Պատարագի արարողութիւնը եւ Պապին կողմէ հնչեցուած ուղերձը` միտուած աշխարհի մէջ նորանոր ոճիրներու եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլմանը: Նորին Սրբութիւնը հաստատած է, որ համաշխարհային զարգացումներու արդի պայմաններուն մէջ Եկեղեցիները արդարութեան ճանապարհ կրնան հարթել միմիայն համատեղ ջանքերով, փոխադարձ աջակցութեամբ եւ աղօթքով:

Իր հերթին, Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին իր ընտրութեան առիթով յղած շնորհաւորական ուղերձին եւ մաղթանքներուն համար: Զրոյցի ընթացքին Գրիգոր Պետրոս Ի․ Պատրիարքը նշած է, որ պիտի ջանայ ուժերուն ներած չափով իր հոգեւոր փորձառութիւնը ծառայեցնել ի շահ իր հօտին, ինչպէս նաեւ զօրացնել յարաբերութիւնները Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ:

Հանդիպման ներկայ եղած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Հովհաննիսեանը, Մայր Աթոռի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը եւ Մայր Աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Հոգեշնորհ Տ. Շահէ վարդապետ Անանեանը: