ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԷՄԻԼԻ ԱՐԵԳԱԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԵԴՐՈՆ

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԱՇՄԱՆԴԱՄ ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԷՄԻԼԻ ԱՐԵԳԱԿ ԽՆԱՄՔԻ ԿԵԴՐՈՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբերի 24-ին, Կիւմրիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, հիւրերը՝ Հայկական Կարիտասի նախագահ արհի․Ռաֆայէլ արք․ Մինասեանի հրաւէրով այցելեցին Էմիլի Արեգակ բազմակի հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու ցերեկային խնամքի արդիակառոյց կեդրոն, ուր աղ ու հացով դիմաւորուեցան կեդրոնի տնօրէն Տիգրանուհի Յակոբեանին, կառուցապատման համակարգող՝ Աւստրիոյ Կարիտասէն Բերնդ Ֆիշերի եւ կեդրոնի սաներուն կողմէ։ Կեդրոնի մուտքին, կարմիր ժապաւէնը կտրեցին Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանդրի, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանը եւ Բերնդ Ֆիշերը:

Կեդրոնին մէջ շրջայց կատարելէ ետք, հիւրերը ներկայ գտնուեցան կեդրոնի մասնագէտներու աշխատանքային ընթացքին եւ կեդրոնի սաներու երաժշտական ներկայացման: Այնուհետեւ հիւրերուն ի պատիւ տրուեցաւ ճաշ: Ճաշկերոյթի ընթացքին հիւրերը դիտեցին Էմիլի Արեգակ կեդրոնի երեխաներու մասին պատմող Happy Aregak ֆիլմը:

Այս առթիւ, արհի. Ռաֆայէլ արք․ Մինասեան երախտագիտութեան յուշամետալներով պարգեւատրեց Caritas Austria-ն, Renovabis եւ Oevre d’Orient կազմակերպութիւնները Տիրամայր Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ Էմիլի Արեգայ կեդրոնի շինարարութեան իրենց աջակցութեան համար: Հայկական Կարիտասի տնօրէն` Գագիկ Թարասեան իր կարգին յուշանուէրներ յանձնեց կեդրոնի կառուցումին աջակցող բարերարներուն եւ կազմակերպութիւններուն: