ՍԻՐՈՅ ԲԱԲԱԽՈՒՄԸ…

ՍԻՐՈՅ ԲԱԲԱԽՈՒՄԸ…

Ձեզի գրեցի Ֆաթիմայի Տեսլամօր պատգամին մասին` համադրելով երեւումներուն պատմութիւնը եւ պարզելով սիրալոյս Տեսլամօր կոչ-պատգամներուն կորիզն ու խնդրանքներուն նպատակը:

Նաեւ ձեզի տեղեկացուցի եկեղեցական Իշխանութեան դիրքորոշումին մասին ու ներկայացուցի Քահանայապետներուն արարքները ի նպաստ Ֆաթիմայի երեւումներուն:

Այս բոլոր իրադարձութիւններուն համարեա ականջալուր եւ ականատես վկան եղաւ մեր Կարտինալ Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը, որուն կեցուածքն ու մտածումը վարդարանին մասին կ’ուզեմ ներկայացնել ձեզի:

Նախ` ըսեմ, որ Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը ամէն օր վարդարանը կ’աղօթէր: Մահէն առաջ իր վերջին գործածած վարդարանը քովս կը պահեմ իբրեւ մասունք այս սրբակեաց մարեմասէր Հայրապետին:

Երկրորդ` ըսեմ, որ Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը Ֆաթիմա այցելած է, ինչպէս կ’իմանանք Պէյրութ, 1 Յունուար 1955-ին տուած խրատէն.«Մենք ալ, Ֆաթիմայի Տիրամօր աշխարհածանօթ սրբավայրին մէջ, աղօթեցինք ձեզի, ձեր հոգեկան ու նիւթական երջանկութեան համար»:

Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը, Ֆաթիմայի Տիրամօր խնդրանքին ընդառաջելով՝ Կիրակի, 31 Մայիս 1953-ին, Զմմառի մէջ կատարեց մեր Եկեղեցիին, Ազգին եւ Հայրենիքին նուիրումը Մարիամի Անարատ Սրտին:

Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը, որ կ’ընդունի մարեմեան երեւումները եւ անոնց բերած «աւետարանական պատգամներ»ը, անոնց գլխաւորները կը նկարագրէ պարզ բառերով ու վարդարանին նշանակութիւնը բացայայտելով. «Լուրտի քարայրին մէջ երեւցաւ ամենասուրբ Կոյսը, վարդարան ի ձեռին, հրաւիրելով… Բեռնատէթը, եւ յանձին անոր` բոլոր հաւատացեալները, հաւատարիմ ըլլալու այս հրահանգին»:

«Նոյնպէս, վարդարան ի ձեռին, երեւցաւ երեք անմեղունակ մանուկներուն ի Ֆաթիմա, ուր յայտնապէս ալ ըսաւ, թէ Ինքն էր Թագուհի վարդարանի, հրամայեց կրկին ու կրկին, որ այս ջերմեռանդութիւնը հաւատարմօրէն կատարուի, ամենուրեք կատարուի»:

Այո՛, Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը լաւագոյնս գիտէր, թէ Տիրամօր երեւումներուն եւ ուխտատեղիներուն շնորհիւ` արդէն ժողովրդական դարձած վարդարանն աւելի տարածուեցաւ ու սիրուեցաւ:

Այս համոզումէն թելադրուելով՝ կ’ըսէր, թէ մարեմեան բոլոր աղօթքներուն եւ ջերմեռանդութիւններուն մէջ «ի պատիւ Ս. Աստուածամօր, առաջին տեղը, անտարակոյս, կը գրաւէ Ս. Վարդարանը, որ ունի իր ետեւը… դարերու պատմութիւնը փառազարդուած սրբութեամբ, անհամար շնորհքներով, հրաշքներով եւ Ս. Եկեղեցւոյ թշնամիներու դէմ տարուած յաղթանակներով»:

rosaryՎարդարանին առաջնահերթութիւնը, դարաւոր տեւողութիւնը, բարձրութիւնը, հզօրութիւնն ու յաղթութիւնը կը տեսնէր Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը վարդարանին աղօթքներուն եւ խորհուրդներուն գեղեցկութեան ու լաւագոյն կատարումին մէջ:

Լսե՛նք մարեմասէր եւ վարդարանասաց աղօթողին համոզումները, որոնք թէեւ գրուած են 2 Փետրուար 1954-ին, բայց եւ այնպէս տակաւին այժմէական, ճշմարտապատում ու առինքնող.«Ամէն մէկ Հայր Մեր, ամէն մէկ Ողջոյն Քեզ` սիրոյ, երախտագիտութեան բաբախում է սրտի` ուղղուած առ Աստուած եւ Աստուածամայրը:

Թող ուշադրութեամբ, ամփոփումով, խորհուրդներու մտածութեամբ ըսուի Ս. Վարդարանը եւ ահա, ան կը դառնայ ներգործութիւն հաւատքի, յուսոյ, սիրոյ, համակամութեան, արիութեան»:

Մտիկ ընե՛նք մեր Ծիրանաւոր Կաթողիկոս Պատրիարքին ու գործադրե՛նք թելադրանքները ի նպաստ մեր «հոգեկան եւ նիւթական երջանկութեան», քանի ի վերջոյ, «վարդարանը երգ մըն է սիրոյ, փառաբանութեան համերգ մըն է, որ սուրբ ըլլայ Աստուծոյ անունը, հասնի Անոր թագաւորութիւնը» Տիրամօր գործակցութեամբ եւ վարդարանասացներուն աղօթքով:

 

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ