Ս. ՊՕՂՈՍԸ, Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԸ, ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ ԵՂԲԱՅՐԸ (ԽԻՂՃԸ) – (Գաղ. 6, 14-18 ; Յովհն. 3, 13-21)

Ս. ՊՕՂՈՍԸ, Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԸ, ՄԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ  ԵՂԲԱՅՐԸ (ԽԻՂՃԸ) – (Գաղ. 6, 14-18 ; Յովհն. 3, 13-21)

Շատ սիրելի ընթերցող քոյրերս եւ եղբայրներս…թող որ Սուրբ Խաչին եւ մեր Հզօր Խաչեալին Օրհնութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլայ: Ամէն:

Կարդալէ ետք մեր Սուրբ Խաչի տօնին օրուայ յատկացուած Գաղատացիներուն ուղղուած նամակը (Գաղ. 6, 14-18), ինչպէս նաեւ Յովհաննէս առաքեալի աւետարանը (Յովհն. 3, 13-21), վստահ լսած պիտի ըլլաք եւ կամ դուք ալ ձեր կարգին արտասանած պիտի ըլլաք մեր 21-րդ դարու նշանաւոր եւ «անսխալական» նախադասութիւնը. «Ես իմ ճարպիկութեամբս եւ իմ իմաստութեամբս հասայ այնտեղ որտեղ ես կը գտնուիմ այսօր… կեցցէ՛ իմ ամենակարող անձս…»:

Եթէ դառնանք երկու հազար տարիներ առաջ եւ եթէ բաղդատենք մեր այսօրուայ մտայնութիւնը այն ժամանակուայ մտայնութեան հետ, պիտի տեսնենք թէ ինչպէս Ս. Պօղոս եւ Ս. Յովհաննէս առաքեալները ուրիշ կարծիք կամ գաղափար մը ունէին իրենց անձին եւ իրենց կարողութեան մասին… Եկէք փորձենք այդ բոլորը դնել երկխօսութեան մը մէջ եւ տեսնել թէ Քրիստոնեայ մը ինչպէ՞ս կը մտածէր եւ ինչպէ՞ս կ՚ապրէր դարեր առաջ, եւ այսօր այդ նոյն Քրիստոնեան ինչպէ՞ս կը մտածէ եւ ինչպէ՞ս կ՚ապրի:

Ս. Պօղոս ըսաւ. « Քաւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ»:

Մենք կ՚ըսենք. « Քաւ լիցի որ իմ ունեցած ինչքերէս զատ ուրիշ բանով ես պարծենամ… Եղբայր, խաչը լաւ է եւ ես հետը բան մը չունիմ, բայց չարչարանք է…չի բաւե՞ր արդէն իմ քաշած չարչարանքներս»:

Ձեր անտեսուած եղբայրը կ՚ըսէ. «Ինչու. Պօղոս առաքեալ ո՞ր մէկ խաչի մասին կը խօսի: Մեր ամենօրեայ չարչարանքներուն մասին չէ՞ ձեր կարծիքով…: Բայց գաղտնիքը հոս է. երբ սիրէք ձեր չարչարանքները եւ համբերութեամբ տանիք ձեր ամենօրեայ հոգերը, ինքնաբերաբար պիտի պարծենաք ձեր ունեցած խաչովը, որովհետեւ խաչը ձեզի համար պիտի ըլլայ sleep comfort եւ ոչ թէ փայտէ մի կտոր:

Ս. Պօղոս ըսաւ. « Այդ Խաչին միջոցաւ, աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար»:

Մենք կ՚ըսենք. «Իմ ունեցած կամ իմ ապագայի ունենալիք նիւթական հարստութեանս միջոցաւ, աշխարհը աւելի եւս հրապուրիչ կը դառնայ եւ պիտի դառնայ ինծի համար»:

Ձեր անտեսուած եղբայրը կ՚ըսէ. «Պահ մը մտածենք: Մարդուս համար ամենակարեւոր բանը ի՞նչ է. իր մարմինը: Արդեօ՞ք լսած էք թէ մէկը մահացաւ եւ հետը իր մարմինը տարաւ: Հետեւաբար ի՞նչն է կարեւորագոյնը. հոգի՞ն թէ մարմինը: Ով որ հոգիով զբաղած է, շատ բնական է որ իրեն համար աշխարհը մեռած պիտի ըլլայ».

Ս. Պօղոս կ՚ըսէ. «Ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհին համար»:

Մենք կ՚ըսենք. «Ինչպէս ես կ՚ապրիմ (գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար) աշխարհին համար»:

Յիսուս կ՚ըսէ. «Եղէ՛ք աշխարհէն (շատ յստակ է որ բոլորին նման բնական պիտի ապրինք), բայց մի՛ ըլլաք աշխարհին»:

Ս. Պօղոս կ՚ըսէ. «Որովհետեւ ես Յիսուսի կը պատկանիմ»:

Մենք կ՚ըսենք. «Որովհետեւ ես աշխարհին կը պատկանիմ»:

Ձեր անտեսուած եղբայրը կ՚ըսէ. «Մի՛ խաբուիր սիրելիս դուրսի այս խաբուսիկ եւ ժամանակաւոր մեզի ներկայացուող ոեւէ մէկ տեսարանէ… Պատկերը կը մնայ պատկեր, իսկ ճաշմարտութիւնը՝ ճշմարտութիւն»:

Ս. Պօղոս կ՚ըսէ. «Եղբարներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր բոլորին հետ ըլլայ. Ամէն»:

Մենք կ՚ըսենք. «Եղբայրներ, պարապ տեղ անիմաստ եւ անհամ նիւթերով մի՛ զբաղիք (այստեղ ըսել կ՚ուզենք կրօնական նիւթերով): Թող որ զիս բուժող եւ մեր ընտանիքի բժիշկը միշտ հետս ըլլայ եւ արդէն իսկ ինծի համար այդ մէկը բաւարար է»:

Ձեր անտեսուած եղբայրը կ՚ըսէ. « Միթէ բժիշկ մը կրնա՞յ գոյատեւել եթէ քու Տէրդ եւ Աստուածդ իրեն կեանք եւ առողջութիւն չտայ..: Ինչո՞ւ ջուրը շիշէն խմել երբ մեր առջեւ ունինք Կեանքի աղբիւրը…: Բժիշկը կարեւոր է, բայց Ինքը չէ»:

Ս. Յովհաննէս կ՚ըսէ. «Ոչ ոք երկինք ելաւ՝ բացի մարդու որդիէն»:

Մենք կ՚ըսենք. «Անհոգ եղիր, երկինք չկայ, եւ արդէն իսկ անջրպետը մեր հրամանին տակ կը գտնուի»:

Ձեր անտեսուած եղբայրը կ՚ըսէ. «Միթէ ինչ որ մենք չենք տեսներ, այդ կը նշանակէ թէ գոյութիւն չունի՞, սիրելիներ: Հարցում մը. ձեր մէջ կա՞յ մէկը որ օդը տեսած է…

Բայց այնուամենայնիւ մենք կը շնչենք եւ գիտենք որ կը շնչենք օդին շնորհիւ… Գիտէ՞ք սիրելիներ թէ ի՞նչ է մեր հարցը. չենք կրնար մարսել որ մենք ամենակարող չենք եւ կ՚ուզենք Աստուծոյ տեղը առնել… Քիչ մը շատ քիթերնիս չե՞նք բարձրացնէր այսպէս»:

Ս. Յովհաննէս կ՚ըսէ. «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին որդին տուաւ»:

Մենք կ՚ըսենք. «Ի՞նչ պիտի ընեմ ես միածին որդին…,ես դրա՛մի, դրա՛մի պէտք ունիմ. մէկը երբ միւսը կը սիրէ այս աշխարհին մէջ, անոր դրամով օգտակար կը դառնայ եւ ոչ թէ հեքիաթային պատմութիւններ կը պատմէ»:

Ձեր անտեսուած եղբայրը կ՚ըսէ. «Ով իմ խեղճ անձս, տե՛ս ուր հասած ես, տե՛ս ինչ բաներ կ՚ըսես. ո՞ւր դրած ես այդ քու մէջդ եղած Սուրբ Հոգին զոր ստացար քու մկրտութեանդ օրը: Կը բաւէ՛ աշխարհին ետեւէն երթաս, կը բաւէ՛ քու Հօրդ ձեռքէն ամէն օր արիւն հոսեցնես, ինչո՞ւ զԻնք կը չարչարես…: Միթէ՞ Ան քեզի ձեւով մը վնաս հասցուց…: Տեսէ՛ք, տեսէ՛ք խեղճ մարդուն վիճակը որ 2000 տարիներէ ի վեր կարծր խաչափայտին վրայ գամուած՝ մեր վերադարձին կը սպասէ…: Տակաւին մտադի՞ր ես ուշանալու»:

Ս. Յովհաննէս կ՚ըսէ. «Ով որ կը կատարէ ինչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են»:

Վարդապետ. Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, կրնա՞մ այս խորհրդածութիւնը փակել քեզի ուղղելով երեք հարցումներ. Ա.) Բնաւ դուն քեզի հարց տուած ես թէ ո՞վ ես դուն, Բ.) Բնաւ կարողացած ես հասկնալ թէ ի ՞նչ է Խաչը քեզի համար, Գ.) Արդեօք ի՞նչ է քու խղճիդ դերը եւ անոր ներկայութեան իմաստը քեզի համար… անշուշտ եթէ տակաւին զինք չես լռեցուցած.

Թող որ Ս. Խաչը, սիրելիներ, մեր բոլորին համար ըլլայ նախ զարթօնքի եւ ապա զղջումի առիթ. Ամէն:

 

ԽԱՉԻԿ վրդ.ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ