ԱՇԽԱՐՀ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ, Ո՞ՒՐ Է ԼՈՒԾՈՒՄԸ

ԱՇԽԱՐՀ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ, Ո՞ՒՐ Է ԼՈՒԾՈՒՄԸ

21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին, համայն մարդկութիւնը եւ յատկապէս ընկերաքաղաքական շրջանակները կը դիմագրաւեն լուրջ հիմնախնդիրներ ու վտանգաւոր մարտահրաւէրներ: Համաշխարհային մակարդակի վրայ, տնտեսական ու ընկերային տագնապները տակաւ կը վատթարանան, ժողովրդային յեղաշրջումները եւ անոնց ծանրակշիռ հետեւանքները կը սպառնան տարբեր երկիրներու համակեցութեան ու գոյատեւումին (մասնաւորաբար արաբական աշխարհին մէջ), ինչպէս նաեւ ապազինումի եւ միջազգային անվտանգութեան հարցերը նոր չափանիշներ կը ստանան, յատկապէս հիւլէական ուժանիւթի պարագային:

Տագնապալի հարցերն ու քաղաքական խնդիրները աւելի կը բարդանան երբ ազդեցիկ շրջանակները չեն դադրեցներ զինարշաւը, եւ ահաբեկչութեան, համացանցային յանցագործութիւններու եւ ուժանիւթի ամբարումի սպառնալիքները կը զարգանան: Այս սպառնալիքներուն վրայ կ՚աւելնան զինուորական գործողութիւնները եւ անապահովութեան ծանր պայմանները Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներուն մէջ: Ազգային անվտանգութեան պահպանման ու ամրապնդման համար որդեգրուած նոր քաղաքականութիւնները («ահաբեկչութեան դէմ պատերազմ»ի կարգախօսին տակ) իրենց կարգին չափազանց ճնշումի կ՚ենթարկեն ժողովրդավար երկիրներու մէջ քաղաքացիներուն հրապարակային եւ ընկերային իրաւունքները (Patriot Act, HADOPI, եւն…): Այս խնդիրներուն լուծումը՝ զինուորական, միջուկային եւ արդիական կարողութիւնները աւելի զարգացնելու ու զօրացնելու փոխարէն, կը պահանջէ միջազգային սերտ համագործակցութիւն ապահովական եւ արդարադատական մակարդակներու վրայ:

21-րդ դարուն խաղաղ աշխարհ մը կերտելու համար սպառնալիքներու փոխարէն պէտք է ճշդուին իսկական մարտահրաւէրները եւ կատարուին զանոնք դիմագրաւելու ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ եւ ոչ թէ հակադարձութիւններ: Այս շրջագիծէն ներս հիմնական մարտահրաւէրը կը հանդիսանայ ապազինումը միջազգային յարաբերութեանց մէջ, որ ինքնաբերաբար կ՛ընդգրկէ ահաբեկչութեան սպառնալիքը եւ անոր հետեւանքները: Միջուկային սպառնալիքին կողքին՝ ծայրայեղական շարժումները եւ մենատիրութիւնները պարտադիր կը դարձնեն պատասխանատու լուրջ քայլերու որդեգրումը հասնելու համար համընդհանուր նպատակին:

21-րդ դարու երկրորդ հիմնական մարտահրաւէրը կը հանդիսանայ համաշխարհայնացման արագ յառաջընթացը, որ անհրաժեշտ կը դարձնէ միջկապուածութեան եւ համագործակցութեան աւելի սերտացումը: Այս շրջագիծին մէջ կը շեշտուի գերպետութիւններու դերակատարութեան կարեւորութիւնը՝ շինիչ պատկերացումներ եւ լուծումներ գտնելու ընկերաքաղաքական մակարդակին վրայ, շրջանցելով անհաւասարութեան եւ անարդարութեան չափանիշները միջազգային տարբեր ոլորտներուն մէջ: Անհաւասարութիւնը մեծ սպառնալիք է միջազգային յարաբերութիւններու կայունութեան ու խաղաղ յարատեւման դէմ: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է դրական դերակատարութիւն մը ի նպաստ միջազգային օրէնքի գործադրման եւ մարդկային իրաւունքներու ամրապնդման:

Այս նոր դարաշրջանին, համագործակցութեան հրամայականը եւ ժողովուրդներու բարգաւաճման ու արդարութեան նպաստող բարեփոխութեան ջանքերը լուրջ մարտահրաւէրներ են, տնտեսական ծանր տագնապին եւ միջազգային ու շրջանային խառնակ իրավիճակին լոյսին տակ: Այս բարդ ու վտանգաւոր կացութեան մէջ ապարդիւն են մասնակի լուծումները կամ կիսամիջոցները: Հետեւաբար, ներկայ տուեալներէն մեկնելով, ինչպէ՞ս կարելի է եւ իսկապէս կարելի՞ է խաղաղութիւն կերտել 21-րդ դարուն, երբ պատերազմի ու բռնութեան մշակոյթը աւելի կը զարգանայ ու կը տարածուի տարբեր շրջանակներուն մէջ: Որքանո՞վ կարելի է նաեւ վերջ դնել պատերազմներուն ու բուռն գոյապայքարներուն, երբ շահագործող միջազգային ու շրջանային դերակատարները կառչած կը մնան իրենց միակողմանի բռնատիրական ու մենատիրական հաշիւներուն եւ ապակառուցողական ռազմավարութիւններուն:

ՀԱՄԲԻ ԷԼՄԱՃԵԱՆ