Հիմնադրութիւն Ռուսաստանի Վենիով քաղաքի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ

Հիմնադրութիւն Ռուսաստանի Վենիով քաղաքի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ

2015-ի սեպտեմբերի 14-ին, նախագահութեամբ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանի, եւ առընթերակայութեամբ Վենիովի ժողովրդապետ գերպ. Հ. Սեդրակ վրդ. Խիթարեանի եւ գերպ. Հ. Նարեկ վրդ. Մնոյեանի, Ռուսաստանի Վենիով քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը: Եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները այժմ ընթացքի մէջ են: Շինարարութիւնը լայն թափով կը շարունակուի 2016-ի գարնան:

Եկեղեցին կը կառուցուի տեղւոյն հայ կաթողիկէ համայնքին միջոցներով: Հիմքերու կառուցման աշխատանքները հովանաւորած է Պետրոս Օքրոյեանը: Հողատարածքը եւս գնուած է համայնքին միջոցներով: Ըստ նախագծին, նորակառոյց եկեղեցին նման պիտի ըլլայ Ջաւախքի Տուրցխ գիւղի եկեղեցիին:

Երկարութիւնը 17 մեթր է, լայնքը՝ 12, բարձրութիւնը՝ մօտ 10 մեթր: Եկեղեցւոյ կից կը կառուցուի նաեւ սրահ՝ քրիստոնէական դասընթացքներու կազմակերպման համար:

Ներկայիս Վենիով քաղաքին մէջ կ՛ապրին հայ կաթողիկէ մօտ 150 ընտանիք, որոնք հիմնականին մէջ 1990-ականներուն սկիզբը Տուրցխէն հեռացած եւ Վենիովի մէջ բնակութիւն հաստատած ընտանիքներ են:

Անոնք իրենց ապրուստը կ՛ապահովեն հիմնականին մէջ շինարարությամբ: Ունին մատուռ, ուր Սբ. Պատարագ կը մատուցուի ամէն օր, իսկ կիրակի օրը՝ 2 անգամ: Բացի այդ, կը կատարուին նաեւ ջերմեռանդական աղօթքներ. ամէն օր՝ երեկոյեան, կ՛աղօթեն Սբ. Վարդարան:

Տուրցխեցի հաւատացեալները Վենիովի մէջ ալ ծանօթ են իրենց բարեպաշտութեամբ եւ աղօթասիրութեամբ, կրօնական աւանդոյթներու, ազգային ու համայնական դիմագծի պահպանման վճռակամութեամբ: Եկեղեցի ունենալը անոնց համար աւելի կարեւոր է, քան օրուայ հացն ու ջուրը վաստակիլը: Հիմնարկէքի արարողութիւնը նշուեցաւ հանդիսաւորութեամբ եւ ուրախ միջոցառումով: