ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՐԱՆԻՆ «ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ»

ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՐԱՆԻՆ «ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ»

Դուք գիտէք, որ Ս. Վարդարանը Մարիամ Աստուածամօր ամէնէն աւելի սիրած ու յանձնարարած աղօթքն է: Ուստի, ամէն օր ըսելու ենք վարդարանը:

Եւ որպէսզի լաւագոյնս աղօթէք զայն ու պտղաբեր ըլլայ ձեր աղօթքը, ՄԱՍԻՍ-ի այս եւ յաջորդ համարներուն մէջ չորս գրելիքներս կը յատկացնեմ չորս վարդարանեան խորհուրդներուն, որոնց բովանդակութեամբ եւ մտածումով աղօթելու ենք վարդարանը:

«Ուրախութեան խորհուրդները» կը կազմեն առաջինը: Վարդարանին առաջին տունին մէջ կը մտածենք «Աւետումը», որով Գաբրիէլ հրեշտակապետը Մարիամ Կոյսին իմացուց խորհուրդը Աստուածորդիին մարդեղութեան:

Այս խորհրդածութեան ատեն կը միանանք թէ՛ Մարիամի հնազանդութեան նկատմամբ Տիրոջ Խօսքին ու թէ՛ Ս. Կոյսին համակերպումին Աստուծոյ կամքին:

Այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ը, զոր կ՚աղօթենք սրտանց, կ՚արտայայտէ ու կ՚աճեցնէ մեր տենչը «այո՛» ըսելու Աստուծոյ՝ ամէն բանի մէջ, ի՛նչ եւ ի՛նչպէս կ՚ուզէ Ան, որ ըլլանք ու կատարենք:

Ուրախութեան երկրորդ խորհուրդն է «Մարիամի այցելութիւնը Եղիսաբէթին»: Առաջինը մարմնացումն է եղբայրսիրութեան, իսկ երկրորդը, որ տարիքն առած կին էր, գործօն ապացոյցն է, թէ «Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ» (Ղկ. 1,37):

Ջերմեռանդօրէն աղօթած մեր «Ողջոյն Քեզ»ով թէ՛ կը հռչակենք Կոյսը «երանի՜, որ հաւատաց, թէ պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ Իրեն ըսուած խօսքերը» (Ղկ. 1,45), եւ թէ՛ Անկէ կը սորվինք վստահիլ Աստուծոյ անհուն ողորմութեան ու բարութեան:

Ուրախութեան երրորդ խորհուրդն է «Յիսուսի ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ», դէպի ուր մոգերը եկան Նորածին Արքային երկրպագութեան ու պաշտամունքին:

Սրտաբխօրէն ըսած մեր «Ողջոյն Քեզ»ը մեզի յիշեցնելու է, որ Ս. Հաղորդութիւնը շարունակումն է Քրիստոսի մարդեղութեան այս աշխարհին վրայ եւ Գոհութեան Խորհուրդը կու տայ մեզի բերկրանքն ամէն օր ունենալու «Ծնունդը» մեր սրտերուն մէջ:

Երբ կը մերձենանք Ս. Հաղորդութեան, կու գանք Բեթղեհէմ, որուն անունը կը նշանակէ «հացի տուն»: Յիսուս ուզեց ծնիլ հոն, որովհետեւ ուզեց իբր «Կեանքին Հացը» (Յվհ. 6,48) իջեւանիլ մեզի հետ՝ մեր սիրտը դարձնելով տունը Ի՛ր Հացին:

Ուրախութեան չորրորդ խորհուրդն է «Տաճարին մէջ Յիսուսի ընծայումը», որուն արարքը կը փաստէ նաեւ օրինապահութիւնը սրբափայլ ու շնորհագեղ Կուսամօր եւ Ս. Յովսէփ Աստուածահօր:

Բարեպաշտօրէն աղօթած «Ողջոյն Քեզ»ով կը հայցենք մեր Մօրմէն, որ Ինք մեզ ընծայէ Յիսուսի Սրտին՝ անկէ առաջ ընդունելով մեր նուիրումը իր Անարատ Սրտին:

Ուրախութեան հինգերորդ խորհուրդն է «կորսուած Յիսուսի գտնումը», որ Մօր վշտակոծ Սիրտը հրճուեցուց՝ մեզի շեշտելով.«Միշտ ուրախ եղէ՛ք Տիրոջ մէջ, դարձեալ կը կրկնեմ՝ ուրախ եղէ՛ք» (Փիլ. 4,4):

Սրտանց ըսած մեր «Ողջոյն Քեզ»ով կը խնդրենք մեր Մօրմէն, որ երբեք չկորսնցնենք իր Որդին, իսկ եթէ դժբախտութիւնն ունենանք կորսնցնելու, ապա իր վարդարանին շնորհիւ մեզի վերադարձնէ մեր Տէրը, որ կը յայտարարէ արար աշխարհին. «Մարդու Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս եկաւ փնտռելու եւ փրկելու կորսուածը» (Ղկ. 19,10):

Կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ, որ «Ուրախութեան խորհուրդներուն» մտածականով լիցքաւորենք մեր ներաշխարհն ու վերաշխուժացնենք մեր վարդարանը, որ սիրավառ աղօթքն է մարեմասէրներուն, մեծ հոգիներուն եւ սուրբերուն:

 

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ