IL N’Y A QUE LE PROVISOIRE QUI DURE

IL N’Y A QUE LE PROVISOIRE QUI DURE

Ինչքան ճշմարիտ է ֆրանսական այս ասացուածքը լիբանանեան իրականութիւններուն համար։ Յայտնապէս, Լիբանանի պետական այրերը եւ ընդհանրապէս պետական մարմինները եւ իշխանութիւնները իրենց տնօրինումներուն մէջ կþառաջնորդուին ֆրանսական այս ասացուածքին նկատառումով, այսինքն այն համոզումով որ«տեւական է միայն ժամանակաւորը»։

Արդարեւ, երկրին մէջ իշխանութիւններուն որոշումով, թելադրութեամբ, հաւանութեամբ եւ լուռ մեղսակցութեամբ եղած տեւական ու մնայուն դարձած «ժամանակաւոր» կարգադրութիւններուն կամ լուծումներուն շարքը երկար է՝ սկսեալ այն օրէն երբ քաղաքացիական պատերազմը վերջ գտաւ։ Ջուրէն, ելեկտրականութենէն ետք քաղաքացին տագնապեցնող ու տառապեցնող բազմաթիւ «ժամանակաւոր կարգադրութիւններուն» նորագոյնը կը վերաբերի աղբերուն, որոնք ողողած են ամբողջ երկիրը՝ այլեւս դառնալով լիբանանեան ֆոլքլորի համայնապատկերին նոր գունաւորում տուող երեւոյթ մը՝ Կինեսի մրցանակին արժանի։ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը ¥եթէ դեռ գոյութիւն ունի¤ աշխարհի մէջ հաւանաբար եզակի այս երեւոյթը եւ անոր «ժամանակաւոր լուծումներու» տեսարանները, աղբակոյտերու հրկիզում իր բոլոր հետեւանքներով՝ ծուխումուխ, կենսոլորտի ապականում, քաղաքացիներու եւ յատկապէս մանուկներու թունաւորում, համաճարակ, աղբերով լեցուն սպիտակ տոպրակներու գեղեցիկ բլուրներու կազմութիւն ճամբեզրին եւ դեռ հազարումէկ հնարամիտ «ժամանակաւոր կարգադրութիւններ», կրնայ այս բոլորը աւելցնել թուրիստական տեսարժան վայրերու շարքին…սպասելով վերջնական կարգադրութեան, որուն մասին ամիսներէ ի վեր մտածել կը ձեւանան երկրին ղեկավարները, անտեսելով եւ արհամարհելով ժողովրդային զայրոյթի ու բողոքի ցոյցերը։ Անոնք հաւանաբար կը մտածեն որ նախընթացներուն համակերպող քաղաքացիները, ճարահատ՝ այս երեւոյթին ալ կþընտելանան եւ իրենց ուսերէն վար կþիջնեն։

Արդարեւ, երկրին ղեկավարները եւ ընդհանրապէս քաղաքական դասակարգը հաւանաբար կը մտածէ որ երկիրը եւ ամբողջ աշխարհը տակնուվրայ ընող ահաբեկչական յարձակումներուն, անվտանգութեան խնդիրներուն, ընտրական օրէնքին, նոր նախագահի մը ընտրութեան խնդրին հետ բաղդատած աղբերու տագնապը երկրորդական կը դառնայ եւ կրնայ վերջնական լուծումի սպասող (ոմանք 30 տարիէ ի վեր) միւս ժամանակաւոր կարգադրութիւններու թղթածրարներու շարքին դասուիլ…սպասել եւ պարզապէս դառնալով տեւականացած ժամանակաւոր խնդիրներէն մէկը…։

Այսպէսով, աղբերու տագնապն ալ դասուած ըլլալով «տեւական դարձած ժամանակաւոր երեւոյթներու» շարքին, ժողովուրդին կը մնայ սպասել յաջորդ «ժամանակաւորին» որ պիտի գայ ճոխացնելու «ժամանակաւորներու» տեսականին…։

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ