ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ «ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԱՇԳԱՐԵԱՆ» ՓՈՂՈՑԻ

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄ «ՀԱՅՐ ՎԱՐԴԱՆ ԱՇԳԱՐԵԱՆ» ՓՈՂՈՑԻ

Ոչ միայն Հայյ կաթողիկէ համայնքին եւ Հազմիէի շրջանի բնակչութեան ու պաշտօնական մարմիններուն համար, այլ համայն լիբանանահայութեան համար յիշարժան իրադարձութիւն մը հանդիսացաւ «Հայր Վարդան Աշգարեան» փողոցի անուանակոչութեան նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 27 նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հազմիէի Մխիթարեան վանքին մէջ, բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս պատրիարքին եւ նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Հազմիէի քաղաքապետութեան։ Հանդիսականներու առաջին շարքերուն վրայ կը նշմարուէր ներկայութիւնը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցիչ՝ Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանի, երեսփոխաններ՝ Սերժ Թուրսարգիսեանի, Յակոբ Բագրատունիի, Ալեն Աունի, Հիքմաթ Տիպի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Պուրճ Համուտի, Այնճարի, Շուէյֆէթի, Հազմիէի քաղաքապետերուն, Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետարաններու միութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հազմիէի շրջանի քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ օրուան հադիսավար Արամ Գարատաղլեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ գրագէտ ու թարգմանիչ Ժիւլի Մրատ, որ թարգմանած է Վարդան Աշգարեանի գիրքերէն: Ան ըսաւ, որ գերապայծառը հաւատքի եւ սիրոյ մարմնացում էր, համեստութեան եւ խոնարհութեան լաւագոյն թարգմանն էր ու վկան: Ժիւլի Մրատ ընթերցեց Վարդան Աշգարեանի ոտանաւորներէն մին, որ նուիրուած է Լիբանանի հողին:

h2Ապա խօսք առաւ հաղորդավար եւ լրագրող Փոլա Եագուպեան, որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց հայր Յովսէփ Թոփալեանին` այս նախաձեռնութեան համար: Ապա տուաւ իր կենդանի վկայութիւնը որպէս Մխիթարեան վարժարանի աշակերտ եւ գեղեցիկ ոճով պատմեց իր մանկութեան տարիներու դպրոցական յուշերէն, որոնք զինք կը կապեն Մխիթարեան վանքին եւ մանաւանդ բոլորին սիրելի հայր Վարդան Աշգարեանին: Փոլա Եագուպեան ըսաւ, թէ ինք պատերազմի սերունդէն է եւ այդ ծանր ու դժուար օրերուն Մխիթարեան կրթական հաստատութեան մէջ գտած է գուրգուրանք, սէր, կարեկցանք, ներողամտութիւն:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ հայ կաթողիկէ «Պլպուլ» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի։h3

Ապա խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ ծ. վ. Եղիայեան, որ ըսաւ, թէ հայր Վարդան Աշգարեանի մարդկային յատկութիւնները, անոր հաւատարմութիւնը եւ անկեղծութիւնը զայն սիրելի դարձուցին ժողովուրդի բոլոր խաւերուն:

Գերյարգելի Եղիայեան նշեց, թէ Աշգարեան հրաժարեցաւ աշխարհի նիւթեղէն կեանքէն եւ ըմբոշխնեց Մխիթարեան հայրերու հոգեւոր աղբիւրներու շնորհները` ընդգծելով, որ հայր Վարդան Աշգարեան կը տածէր մեծ սէր իր մայրենի լեզուին նկատմամբ: Ան կեանքը ապրեցաւ խոնարհ, բայց մնաց աններող եւ անզիջող անարդարութեան հանդէպ:

Հայր Եղիայեան յայտնեց նաեւ, թէ Աշգարեան տէր ու պաշտպան մնաց եկեղեցական եւ աստուածաշնչային սկզբունքներուն` աւելցնելով, որ հայրենասիրական ոգին զինք կը մղէր պաշտելու Հայաստանը եւ Լիբանանը միեւնոյն ատեն։

h5Մարինէ Հալլաճեանի ջութակով երկու երաժշտական կտորներու կատարումէն ետք, խօսք առաւ Հազմիէի քաղաքապետ Ժան Էլիաս Ասմար։ Ան իր խօսքին մէջ ողջունեց բոլոր ներկաները, ապա անդրադարձաւ այն ջերմ յարաբերութեան, որ կայ Մխիթարեան վանքի հայրերուն հետ, մասնաւորաբար` հայր Վարդան Աշգարեանին: Ան նկատել տուաւ, թէ պատերազմի տարիներուն հայր Վարդան Աշգարեան ի գործ դրաւ մեծ ջանք` ժողովուրդի զաւակներուն օգնելու, կարօտեալին հասնելու, անօթին կերակրելու եւ մանաւանդ հայ փոքրիկները հայկական վարժարանին մէջ պահելու: Ան ըսաւ, թէ Հազմիէի քաղաքապետարանին համար մեծ պատիւ է փողոց մը անուանել հայր Վարդան Աշգարեանին անունով, որովհետեւ ան արժանի էր այդ անմահութեան:

Քաղաքապետը նշեց նաեւ, թէ վանքի բոլոր դժուարութիւնները կարելի եղած է յաղթահարել շնորհիւ համագործակցութեան ու անկեղծ յարաբերութեան, ան աւելցուց, որ 26 մարտ 2015-ին պետական որոշումով յանձն առնուեցաւ փողոցը կոչել գերապայծառ Վարդան Աշգարեանի անունով: Այս ծրագիրին իրականացման համար Հազմիէի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին` այս ծրագիրին միտքը յղանալուն համար, ապա կոչ ուղղեց բոլորին եւ մասնաւորաբար հայ կաթողիկէ համայնքին` տէր կանգնելու պատմական նշանակութիւն ունեցող այս մեծ ու հարուստ կառոյցին:

h4Խօսք առաւ նաեւ վարժարանին երկարամեայ տնօրէն հայր Յովսէփ Թոփալեան, որ պատմական այս իրադարձութեան առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրականացուցին այս ծրագիրը` հաստատելով, որ Մխիթարեան հայրերուն համար մեծ պատիւ է այս նախաձեռնութիւնը: Ան շեշտեց, որ պիտի շարունակեն սիրոյ եւ ծառայութեան փարոս դառնալ բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն կարեկցանք եւ գութ, սէր եւ գուրգուրանք:

Ան հաստատեց, որ պիտի չհեռանան Հազմիէ շրջանէն, մանաւանդ հայր Վարդան Աշգարեանի փողոցէն: Իր խօսքի աւարտին հայր Յովսէփ Թոփալեան յուշանուէրով մը պատուեց Հազմիէ շրջանի քաղաքապետ Ժան Էլիաս Ասմարը:

Հուսկ խօսք առաւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի ներկայացուցիչ Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան եւս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայր Վարդան Աշգարեանի մարդկային վեհ h6արժանիքներուն, առաքինութիւններուն, մատնանշեց անոր կապուածութիւնը ազգին, հայրենիքին ու յատկապէս Լիբանանին եւ Հազմիէին: Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոսը ըսաւ, որ գերապայծառ Աշգարեան մինչեւ իր կեանքին աւարտը մնաց ջատագովը եղբայրութեան, խաղաղ համակեցութեան, համերաշխութեան ու մանաւանդ անվերապահ սիրոյ:

Հանդիսութենէն ետք ներկաները` ՀԿՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ համախմբուեցան «Հայր Վարդան Աշգարեան» փողոց, ուր տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հանդիսաւոր հատում: