ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ  Ի. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ 23 Նոյեմբեր 2015, Երկուշաբթի առտուան ժամը 9-ին այցելեց Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիաս։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին վաստակաւոր եպիսկոպոս գերապայծառ Մանուէլ Պաթագեան, նորօծ եպիսկոպոսներ՝ գերապայծառ Սարգիս Դաւիթեան՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կաթողիկէ հայոց եպիսկոպոսը, գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան՝ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոսը, Սուրբ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար եւ երեսփոխան մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ պարոն Առաքել Մինասեան։

Մայրավանք ժամանումին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դիմաւորուեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, զոր կը շրջապատէին Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ գերշ. տէր Շահէ եպիսկ. Փանոսեան, գերշ. տէր Գեղամ եպիսկ. Խաչերեան, գերշ. Նորայր եպիսկ. Աշըգեան եւ միաբան հայրեր։

aram-krikor2

Վեհափառ Տէրը եւ Հոգեւոր Տէրը ուղղուեցան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար, որուն աւագ  խորանին առջեւ գոհաբանական աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։  Եկեղեցական արարողութենէն ետք, երկու Հայրապետները  թափօրով ուղղուեցան վեհարանին դահլիճը, ուր Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բարի գալուստ մաղթեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ,  զայն շնորհաւորեց երկու նոր եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան առիթով եւ շեշտեց երկու եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը նկատելով որ անոնք ունին քրիստոնէական նոյն արմատները։ Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը իր կարգին նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառին իր գահակալութեան արարողութեան մասնակցութեան եւ այս առթիւ արտասանած խօսքին  համար՝ 9 Օգոստոսին, Զմմառու Վանքին մէջ։ Ապա ան շեշտեց մեր հաւատքին կառչած մնալու եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը թէ հայրենիքի եւ թէ սփիւռքի մէջ։ Այնուհետեւ շուրջ ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը շօշափեց Լիբանանը եւ լիբանանցի ժողովուրդը յուզող քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական խնդիրները, Միջին Արեւելքի վտանգալից կացութիւնը, շրջանէն ներս քրիստոնեաներու ներկայութեան կարեւորութիւնը եւ հայկական գաղութներու, Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան ճակատագրին վերաբերեալ խնդիրները։  Երկու Հայրապետները շեշտեցին սերտ գործակցութեան հրամայականը՝ միասնական ճիգերով  դիմագրաւելու համար մեր հասարակութիւններուն սպառնացող վտանգները։

aram-krikor3