Զօր. Միշել Աուն այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Զօր. Միշել Աուն այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում Համախմբումի նախագահ երեսփոխան զօր. Միշել Աուն 17 նոյեմբեր երեքշաբթի ժամը 11-ին այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ Պր. Միշել Տը Շատարեւեանի, եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան գերապայծառ Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան, Զմմառու վանքի մեծաւոր եւ պատրիարքական փոխանորդ գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Իրանի թեմի եպիսկոպոս գերապայծառ Սարգիս Դաւիթեան, Սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար եւ երեսփոխաններ Մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ Մեթր Անթուան Շատեր:

Զօր. Աուն նախ շնորհաւորեց եւ բարեմաղթանքները ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ իր ընտրութեան առթիւ, ապա հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց առաւելաբար միջազգային, շրջանային եւ Լիբանանի կացութիւնները ընդհանուր առմամբ եւ մասնաւորաբար անվտանգութեան խնդիրները՝ վերջին օրերուն արձանագրուած ահաբեկչական եւ ողբերգական արարքներու լոյսին տակ: Քննարկուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին հայող խնդիրները: Շեշտուեցաւ ազգային երկխօսութեան եւ միասնականութեան հրամայականը՝ դիմագրաւելու համար երկրին սպառնացող վտանգները եւ լուծելու համար քաղաքացիները տագնապեցնող խնդիրները:

Զօր. Աուն հրաժեշտ առաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ, Լիբանանը եւ Լիբանանցիները յուզող խնդիրներու լուծման ի խնդիր խորհրդակցական նոր հանդիպումներու մաղթանքով: