Արեւելեան քահանայապետական համալսարանի ուսումնական տարեշրջանի բացում

Արեւելեան քահանայապետական համալսարանի ուսումնական տարեշրջանի բացում

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Ռատիօ Վատիկանը, 2015 հոկտեմբերի 26-ին, Հռոմի Սուրբ Մարիա Մաճորէ եկեղեցիին մէջ, Ամեն. Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեան ներկայ գտնուած են Արեւելեան քահանայապետական համալսարանի ակադեմական նոր տարեշրջանի բացման արարողութեան, որ տեղի ունեցած է Վսեմ. Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիի նախագահութեամբ: Արարողութեան ներկայ գտնուած են Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու պատրիարքները:

Վսեմ. Կարդինալը հանդէս եկած է զեկոյցով մը, ուր ընդգծած է, որ Արեւելեան քահանայապետական համալսարանը արեւելքի կաթողիկէներու հոգին է: Կատարելով պատմական անդրադարձ մը, ան նշած է որ համալսարանը հիմնուած է 1917-ին՝ Բենեդիկտոս 15-րդ Սրբազան Պապին կողմէ, իսկ 1922-ին համալսարանը վստահուած է Յիսուսեան միաբանության: Համալսարանին մէջ կը մասնագիտանան Արեւելքի քրիստոնեայ Եկեղեցիներու, մշակոյթի, լեզուներու ուսումնասիրութեան մէջ:

Կարդինալ Սանտրի շեշտած է հայրաբանութեան ուսումնասիրութեան խորացման կարեւորութիւնը՝ մեծ ուշադրութիւն դարձնելով բիւզանդական, հայկական, ասորական, ղպտիական հայրաբանութեան, որոնք հիմը դարձան Արեւելեան աստուածաբանութեան:

Արեւելեան քահանայապետական համալսարանին մէջ կ՛ուսումնասիրուի նաեւ հայերէնը, որուն, Կարդինալին խօսքերով, յատուկ նպաստ կը բերէ Վատիկանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը:

Կարդինալը Արեւելքի Եկեղեցիներու պետերէն խնդրած է ուսանողներ ուղարկել այս համալսարանին մէջ ուսանելու համար:

«Աշխատանքը, ուսումը եւ աղօթքը մեր ակադեմական հաստատութեան մէջ թող ըլլան մեր օժանդակութիւնը խաղաղութեան վերահաստատումին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» ըսած է Վսեմաշուք Կարդինալը: