Քոյր Արուսեակի պարգեւատրում Ֆրանսայի Արժանեաց Շքանշանով

Քոյր Արուսեակի պարգեւատրում Ֆրանսայի Արժանեաց Շքանշանով

2015 նոյեմբերի 13-ին Կիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» արհեստից դպրոցի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան առաքինազարդ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի՝ «Ֆրանսայի Ազգային Արժանեաց Շքանշան»ով պարգեւատրութեան արարողութիւնը:

Շքանշանը առաքինազարդ հայ մայրապետին շնորհուած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտին կողմէ ի գնահատումն անոր մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութեան: Շքանշանը յանձնուած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանդիէին կողմէ: Արարողութեան ներկայ եղած են հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ, Անարատ Յղութեան միաբան քոյրեր, Գթութեան միսիոներ առաքինազարդ քոյրեր, Յիսուսի փոքրիկ քոյրերու միաբանութեան առաքինազարդ քոյր Նոէլը, Շիրակի փոխ-մարզպետ Սէյրան Պետրոսեանը, մարզպետի խորհրդական Յասմիկ Կիրակոսեանը, Կիւմրիի փոխքաղաքապետ Ռուբէն Սանոյեանը, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ այլ հիւրեր:

Ֆրանսայի դեսպանը շքանշանը յանձնելէ առաջ հանդէս գալով ելոյթով ըսած է մասնաւորաբար․- «Քոյր Արուսեակը ինծի համար երկու սկզբունք կը մարմնացնէ: Նախ՝ հաւատը առ Աստուած: Ասիկա նուազագոյնն է, որ պէտք է ունենայ միանձնուհին, բայց հաւա՛տն է, որ ուժ ու եռանդ կու տայ քոյր Արուսեակին եւ զինք կը դարձնէ հիացումի արժանի: Երկրորդ սկզբունքը հաւատն է առ մարդ արարածը, որուն ապացոյցն է այն ամէնը, զոր ան կ՛ընէ Կիւմրիի մէջ…մարդ արարածը անոր գործունէութեան կիզակէտն է՝ երեխաներ, կարիքաւորներ, ծերեր, երիտասարդներու մասնագիտացում, որպէսզի իրենց տեղը կարենան գտնել կեանքին մէջ։ Այսօր մեծ հպարտութեամբ Ձեզ կը պարգեւատրենք Ազգային Արժանեաց Շքանշանով եւ անգամ մը եւս ձեզի կը փոխանցենք Ֆրանսայի Հանրապետութեան երախտիքը: Երախտագիտութիւն կը յայտնենք Ձեր տինամիզմին, Ձեր բարեգործութեան համար, որ ամէն օր կը սփռէք Ձեր շուրջը»:

Դեսպանը «անգամ մը եւս Ձեզ կը պարգեւատրենք» ըսած է նկատելով որ ասիկա քոյր Արուսեակի երկրորդ պարգեւատրումն է Ֆրանսայի կողմէ։ Ան նախապէս պարգեւատրուած է նաեւ Ֆրանսայի «Պատուոյ Լեգէոն»ի շքանշանով:

Դեսպանին ձեռամբ պարգեւատրումէն ետք արտասանած շնորհակալութեան խօսքին մէջ քոյր Արուսեակ ըսած է․- «Շքանշանի տուչութիւնը համեստ կրօնաւորուհիի մը՝ մեծ նշանակութիւն ունի ասիկա մեծութիւնն է Ֆրանսայի, որ այսօր ալ կը զատորոշուի իր մարդկային արժէքներով: Շնորհակալութիւն պրն. դեսպանին, որ գիտէ գնահատել մեր գործունէութիւնը՝ կարիքաւոր երեխաներու համար։ Ես միշտ հպարտ եմ, որ հայ եմ, բայց միշտ հիացած եմ Ֆրանսային եւ ֆրանսերէնին: Ֆրանսան, որ այնքան սուրբեր տուած է, միշտ կը մղէ զիս, որ աշխատիմ ֆրասերէնի զօրացման եւ տարածումին համար:

«Երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Ֆրանսայի նախագահին՝ այս շքանշանին համար, որ կ՛ընդունիմ ոչ թէ որպէս քոյր Արուսեակ, այլ՝ որպէս անդամ կրօնական միաբանութեան, որ միշտ քաջալերած է իմ գործունէութիւնը, նաեւ զայն կ’ընդունիմ երեխաներուն եւ մեր ամբողջ ժողովուրդին անունով՝ յուսալով որ մեր ապագան աւելի պայծառ կ՛ըլլայ»:

Շքանշանի տուչութեան արարողութիւնը աւարտած է Տիրամայր Հայաստանի երգչախումբի համերգով եւ հիւրասիրութեամբ: