Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Անուանակոչութեան տօն, Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն եւ 50 Ամեակի Յուշամատեանի գինեձօն Զմմառու վանքէն ներս

Ս. Միքայէլ Ընծայարանի Անուանակոչութեան տօն, Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն եւ 50 Ամեակի Յուշամատեանի գինեձօն Զմմառու վանքէն ներս

Զմմառեան միաբանութեան ընծայարանի պաշտպան՝ Ս. Միքայէլ հրեշտակապետի այս տարուայ տօնակատարութիւնը բազմաթիւ մտորումներու առիթ հանդիսացաւ: Նախ 2015 թուականը ինքնին խոր կսկիծ ու մէկ դարեայ դաժան յիշողութիւններ արթնցուց իւրաքանչիւր հայու սրտին ու հոգիին մէջ, սակայն հայը զայն դիմակայեց ապրելու ներքին մղումի շնորհիւ:

Սփիւռքի մէջ հայը ճիգերու գերագոյն լարումով լծուեցաւ հայապահպանութեան սրբազան գործին, զարկ տալով կրթօճախներու կառուցման, որոնք վառ պիտի պահէին ազգիս ջահը: Այս դարբնոցներէն մէկուն՝ Ս. Միքայէլ ընծայարանի յոբելենական յիսնամեակին նուիրուած յուշամատեանի շնորհահանդէսը համընկնեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Յիսուն եւ աւելի վաղ, 265 տարիներ գոյատեւող այս կրթօճախի գոյութիւնն ու կենսունակութիւնը հարուած մըն է ուղղուած ազգիս թշնամիին եւ պատասխան Թալիաթի այն հրէշային մտքին՝ «պահել մէկ հայ, այն ալ թանգարանի ցուցաբեղկին մէջ»:

Միեւնոյն օրը Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սաներէն՝ կիսասարկաւագ Ժան Տիգրան Ֆիլիպպոսի սարկաւագութեան ձեռնադրութիւնը այն փոքրիկ հանգանակն է, որ եկաւ լիացնելու մեր ազգի ոգեղէն գանձատունը իր համեստ ներդրումով:

Շաբաթ, 7 Նոյեմբեր 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Զմմառեան միաբանութեան մայրավանքի եկեղեցւոյ ղօղանջները նոյնպէս աւետեցին կիսասարկաւագ՝ Ժան Տիգրան Ֆիլիպպոսի սարկաւագութեան ձեռնադրութեան լուրը, ձեռամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամեն. եւ Գերջ. Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին, խարտաւիլակութեամբ՝ Զմմառեան միաբանութեան վանքի մեծաւոր՝ Գերապայծառ՝ Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանի, ներկայութեամբ՝ լիբանանահայ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան:

bz2

Իր տօնական քարոզին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց նորօծ սարկաւագը եւ անոր ծնողները, ապա յորդորեց անոր նմանիլ Ստեփանոս նախավկայի օրինակին՝ գործելով ողորմածութեամբ եւ ներողամտութեամբ՝ «քանզի ան նման Քրիստոսի օրինակին` զինք հալածողներուն համար Տիրոջմէն թողութիւն խնդրեց»: Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը շեշտը դրաւ հայ հոգեւորականութեան շարքերու նօսրացման վրայ ըսելով. «Այսօր առաւել եւս կարիքն ունինք քեզ նման նուիրեալներու ըլլայ սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս հայրենիքի տարածքին»: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը քարոզը եզրափակեց ըսելով՝ «Սուրբ Ստեփանոսը ուղեկից ըլլայ քեզի ողջ կեանքիդ տեւողութեան»:

Հոգեպարար արարողութենէն ետք, վանքի դահլիճին մէջ, նորօծ սարկաւագն ու իր ծնողքը ընդունեցին ներկաներուն շնորհաւորութիւնները:

bz3
Այնուհետեւ դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ՝ նուիրուած Ս. Միքայէլ Ընծայարանի անուանակոչութեան ու համանուն կրթօճախի նորակերտ շէնքի 50-ամեակին նուիրուած յուշամատեանի շնորհահանդէսին:

 

bz4Կարօ Գլընճեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ընթացք առաւ նորընծաներուն եւ ժառանգաւորներուն կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը, որ նուիրուած էր Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սաներուն Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Սփիւռք ամառնային դպրոց»ի հայոց լեզուի դասընթացքին իրենց բերած մասնակցութեան, ասոր աւարտին մասնակից խումբերու միջեւ տեղի ունեցած հայագիտական նիւթերու մրցոյթին, անոնց գրաւած առաջին դիրքին, ինչպէս եւ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր իրենց կատարած շրջապտոյտին: Այս ամէնը ներկայացուեցաւ տեսանիւթով: Ցուցադրութեան ընթացքին հնչեց Ե. Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» ստեղծագործութիւնն ու Համօ Սահեանի «Հայաստան ասելիս» բանաստեղծութիւնը:

Իսկ տուտուկի ընկերակցութեամբ «Երազ» եւ «Լուսնեակ Գիշեր» երգերը նուագեց Ռոպէր Թորանեանը:

bz5Ապա, նորօծ սարկաւագը իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ: Ան ուխտեց նմանիլ Ստեփանոս նախավկայի օրինակին, պարծանք դառնալ զինք պարուրած Զմմառեան միաբանութեանը, հայ եկեղեցւոյ եւ ազգին: Ապա բոլոր անոնց՝ որոնք նեցbz6ուկ կանգնած են իր կոչման մէջ հաստատ մնալուն: Ան շնորհակալութեան խօսքերով եզրափակեց ելոյթը:

Դպրեվանքի փոխ-տեսուչ Գերապատիւ՝ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանին վերապահուած էր յուշամատեանի ներկայացումը: Ան ամենայն մանրամասնութեամբ եւ խորազննին վերլուծութեամբ կատարեց իրեն վստահուած այդքան յանձնառու պարտականութիւնը: Յովհաննէս Թումանեանի՝ «Մահը մերն է, մենք մահինը, Մարդու գործն է միշտ անմահ… Երնե՜կ նրան, որ իր գործով կ՚ապրի անվերջ, անդադար» խօսքերէն ետք շնորհակալութեան խօսք ուղղեց խմբագրական կազմի անդամներուն ու աշխատակիցներուն:

bz7Այնուհետեւ խօսք առաւ ժառանգաւորաց տեսուչ՝ Գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը: Ան դպրեվանքի ընթացիկ տարուայ ձեռքբերումներուն շուրջ հպանցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք անդրադարձաւ Յուշամատեանին երկու տարիներու աշխատանքային գործընթացին եւ անոր անհրաժեշտութեանը. ապա ցաւոտ շեշտով՝ լուսարձակի տակ առաւ կոչումներու սակաւութիւնը եւ կոչ ըրաւ հայկական բոլոր կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն, կուսակցութիւններուն, «աչքաթող չընել դպրեվանքը եւ հայթայթել ազգին ջահը վառ պահող նորընծաներ»: Ապա յիշեց նախորդ տարեշրջանին Սփիւռքի նախարարութեան շնորհած «հայրենաւանդման որպէս լաւագոյն կրթօճախ» առաջին կարգի մրցանակն ու պարգեւը, ինչպէս նաեւ գնահատական խօսքերով շնորհաւորեց ժառանգաւորները Հայաստան այցելութեան ընթացքին անոնց արձանագրած յաջողութիւններուն համար: Ան նաեւ շնորհաւորելով նորօծ սարկաւագը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով միջոցառման կազմակերպիչներուն եզրափակեց խօսքը:

Խօսքի աւարտին, տեսուչ հայր սուրբը հրաւիրեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրն ու վանքի Մեծաւոր Հայրը միասնաբար կատարելու «50 Ամեակի Յուշամատեան»ի գինեձօնի արարողութիւնը:

bz8Այնուհետեւ մեծաւոր հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհաւորեց միաբան հայրերէն բոլոր անոնք որոնք կը կրեն հրեշտակապետերու անունները, շնորհաւորեց նորօծ ձեռնադրեալը եւ ծնողները` տեսչութեան սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցելով եզրափակեց խօսքը:

Աւարտին տօնական կարկանդակը հատեցին՝ Հոգեւոր Տէրը, մեծաւոր հայրը, տեսուչ հայրը, փոխ-տեսուչն ու նորօծ սարկbz9աւագը:

Հուսկ հայրապետական պատգամով հանդէս եկաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը: Ան անդրադարձաւ տարիներ առաջ Վատիկանի մէջ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին հետ իր հանդիպումին ու զրոյցին, որուն առանցքը կազմած է հայ ժողովուրդին նկատմամբ քահանայապետին տեսլականը` «հայը թող մնայ քրիստոնեայ, որպէսզի իր համոզումին մէջ մնայ հայ»:

Հայրապետը սաներուն իրենց հաւատքին եւ հայրենեաց նկատմամբ անսասան մնալու յորդորով եւ աղօթքով փակեց միջոցառումը:

bz10

Դպրեվանքի տեղեկատուական գրասենեակ