Առողջ Մարդ, Առողջ Տիեզերք

Առողջ Մարդ, Առողջ Տիեզերք

«Առանց կասկածի, աշխարհը կը բոլորէ իր պատմութեան տագնապալի մէկ հանգրուանը։ Երեւոյթ մը, ուր բոլոր արժէքները, բոլոր խորհրդանիշները եւ մշակոյթի բոլոր կենսակերպերը կը կորսնցնեն իրենց խոր իմաստը, առանց որ երեւան գան խորհրդանշական նոր մեկնաբանութիւններ եւ նոր կենսակերպեր, որպէսզի գոյատեւումը ապահովեն անցեալի ընկերային արժէքներուն»։ Այս բառերով՝ պրազիլացի Ժօզուէ Տէ Քասդրօ՝ նախկին նախագահը ՖԱՕ-ի (FAO), ահազանգ հնչեցուց համայն մարդկութեան, հրաւիրելով զիրենք իրենց մտածելակերպը փոխելու, որպէսզի կարենան գոյատեւել աշխարհի մը մէջ, որ կ՛ենթարկուի արմատական փոփոխութիւններու։

Արդարեւ, խղճալի, ցաւալի, տառապալի եւ ամէն տեսակի ժխտական զգացում արտայայտող փոթորկալի ովկիանոսի մէջ կը տապլտկի այսօրուան մարդը, միշտ յուսալով որ օր մը ամէն բան պիտի բարելաւուի։ Բայց ի՞նչպէս յուսալ լաւ ապագայ մը, երբ գալիքը կը հիմնենք ոչ թէ կերտելով ու բարեշրջելով ներկան, այլ՝ փախուստ տալով անկէ, առաւել եւս անտեսելով, արհամարհելով եւ մինչեւ իսկ առասպելական բնոյթ տալով անցեալին։ Գաղթականը կը թողու իր հողը, երկիրը, տունը, ունեցուածքը, իր անցեալը եւ ներկան, մեկնելու համար դէպի անապահով ապագայ։ Ան կը մեկնի, ոչ թէ երթալու եւ շինելու ապագան, այլ՝ փախուստ տալու համար մահաստուէր ներկայէն։ Կը փախչի իր հետ առնելով ոչինչը, պարապութիւնը. կը փախչի իր ձեռքերը բանալու համար ուրիշին, ենթակայ դառնալու «հիւրընկալին». եւ փախչելով ներկայէն՝ իր անցեալը կը թաղէ, ու իր զաւակները կը յանձնէ օտարի դաստիարակութեան։ «Ներկայ ժամանակները» կը դաւաճանեն մարդուն. կը դաւաճանեն անոր պատմութեան, դաստիարակութեան, մտածելակերպին, ապրելակերպին, լեզուին, պատմական ծննդավայրին։

Կարծէք ժամանակի հասկացութիւնն անգամ ինքնիր մէջ փոխուած է։ Վաղուց, ժամանակը՝ անցեալը, ներկան եւ ապագան էր, այսօր 24/24 եւ 7/7-ն է։ Մարդուն ժամանակը դարձաւ մեքենաներու ժամանակ, որով ամէն զգացում իր ժամանակը ունեցաւ, ժամ՝ սիրելու, ժամ՝ մտածելու, ժամ՝ ապրելու։ Այսօրուան երեսուն տարեկան մարդը, կարծէք արդէն իր մեծ հօր տարիքին երեք անգամը ապրած է՝ թերեւս երեք անգամ բնակավայր փոխած է, գործ կամ քաղաք։

Մոնթէսքիէօ (1689-1755) ըսած էր. «Այսօր մենք կը ստանանք երեք տեսակի դաստիարակութիւն, կամ երեք իրար հակասող դաստիարակութիւն, մին՝ մեր հօրը, միւսը՝ մեր ուսուցիչներունը, իսկ երրորդը՝ աշխարհինը։ Երրորդին ըսածը կու գայ յեղաշրջելու առաջին երկուքը»։ Մոնթէսքիէօյի օրերէն մինչեւ օրս տակաւին աշխարհ կը շարունակէ ոտնակոխ ընել ծնողքի եւ ուսուցիչի դաստիարակութիւնը։ Թերեւս ծնողքս եւ ուսուցիչս ինծի սորվեցուցին թէ արաբական գարնան իրականացումը կը կայանայ միասնականութեան եւ համերաշխութեան մէջ, յարգելով եւ ընդունելով ուրիշը, հակառակ իր տարբեր պատկանելիութեան։ Սակայն աշխարհը այսօր կը ստիպէ ինծի որ արաբական գարնան հոմանիշը դարձնեմ իսլամական աշունը, անարգելով, անտեսելով, եւ թերեւս սպաննելով ան՝ որ ինծի հետ չի բաժնեկցիր։ Մայրս սորվեցուց աղօթել, հայրս սորվեցուց նուիրուիլ, անոնք պատուիրեցին հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ, Ազգիս եւ Հայրենիքիս, ուսուցիչս սորվեցուց ինծի մտածել, եւ ազատօրէն մտածել, իսկ աշխարհը այսօր կը սորվեցնէ լռել, որովհետեւ ուրիշ մը կայ որ տեղս պէտք է մտածէ, որոշէ եւ խօսի։ Ուրիշ մը կայ որուն դրամն ու դիրքը աւելի կը կշռեն, ուրիշ մը կայ որուն պէտք է հետեւիմ գլուխս ծռած։ Ինքը իրաւունք ունի, որովհետեւ իր արտաքինը սուղ է եւ ծանր կը կշռէ։

Ինչ ընել այս փոթորկալի եւ յուսահատելի յորձանքին մէջ։ «Մտածելակերպ փոխել», այս էր պատասխանը Քասդրոյին, եւ այս պէտք է ըլլայ պատասխանը իւրաքանչիւր անհատի, որ կ՛երազէ ապրիլ ազատ։ Մտածելակերպ փոխել չի նշանակեր յետին ձգել անցեալը, եւ կամ յեղաշրջել ներկան։ Աշխարհը հիւանդ է, փոխանցիկ հիւանդութիւն մը կարծէք կը շրջապատէ մեզ. եւ պատճառը քաղաքական եւ տնտեսական տագնապները չեն, ասոնք պարզապէս հետեւանքներն են աւելի խոր պատճառներու։ Այս հիւանդագին վիճակը կը հայի մարդուս կեանքին բոլոր եզրերուն։ Տագնապը, որուն մէջ կը տուայտինք, կապուած է ուղղակիօրէն մեր ապրելակերպի փոփոխութիւններուն։ Սակայն հակառակ այս բոլորին, տակաւին համոզուած ենք եւ կը հաւատանք թէ գոյութիւն ունին բուժումի ուղիներ։ Առողջ տիեզերք կերտելու համար կարիքը կայ առողջ մարդու մտածելակերպի, որ մեզմէ կը պահանջէ յարգել Աշխարհը եւ Մարդկութիւնը, վերագտնել արժէքները որոնց հիման վրայ դաստիարակուեցանք՝ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, խաղաղութիւնը, սէրը, գեղեցկութիւնը, որպէսզի մարդս չմնայ գինովցած անհաւասարակըշռութեան, անգիտակցութեան եւ կորուստի անապատին մէջ, այլ՝ վերամշակելով կեանքի հողը, կարենայ վերագտնել իր կեանքին իմաստը։

 

Ս.Կ.