Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատգամ

Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատգամ

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն
Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 

«Ահա մեծ ուրախութիւն մը կ՛աւետեմ ձեզի… Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի»:

Սիրեցեա՛լ եւ հաւատացեա՛լ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Չկայ մարդուս կեանքին մէջ աւելի մեծ եւ ուրախալի դէպք, քան մանուկի մը ծնունդը: Դէպք մը, որ ոչ միայն ուրախութեան աղբիւր է նորածինին ծնողքին ու ընտանիքին համար, այլ նաեւ պատճառ` հիմնական փոփոխութիւններու, անոնց ներկայ ու ապագայ կեանքին մէջ:

Եթէ այսքա՛ն մեծ է ուրախութիւնը մարդկային արարածի մը ծնունդին համար, որքան աւելի մեծ է, երբ սովորական էակի մը ծնունդը չէ, այլ իրագործումը խոստումի մը` նոյնինքն Աստուծմէ կատարուած, յետ առաջին մարդուն մեղանչումին, որ պիտի գայ ջնջելու առաջին մեղքը եւ փրկելու անկեալ մարդկութիւնը յաւիտենական դատապարտութենէ:

Եսայի մարգարէն հոգեշունչ բառերով կը նկարագրէ այս խոստացուած մանուկին աշխարհ գալը. «Ժողովուրդը, որ խաւարի մէջ կը քալէր, մեծ լոյս մը տեսաւ… Դո՛ւք, որ կը բնակիք աշխարհի մէջ եւ մահուան ստուերին տակ` ձեր վրա՛յ պիտի ծագի լոյսը… Որովհետեւ մանո՛ւկ մը ծնաւ, որդի՛ մը տրուեցաւ մեզի. անոր ուսերուն վրայ դրուեցաւ իշխանութիւնը. ան պիտի կոչուի Սքանչելի Խորհրդակից, Աստուած հզօ՛ր, Իշխան խաղաղութեան» (Ես. 99, 1-6): Կիրարկուած բառերը բացայայտօրէն ցոյց կու տան, թէ այս տիտղոսները չե՛ն վերագրուած սովորական մարդ արարածի մը, այլ աստուածային բնութեամբ օժտուած էակի մը, որ պիտի գայ գործադրելու արտակարգ արարք մը, որ ի յաւիտենի՛ց իրեն սահմանուած էր, եւ որուն նպատակն էր` մարդկութիւնը մահուան խաւարէն դուրս բերել եւ փրկութեան առաջնորդել:

Յովհաննէս աւետարանիչը, արձագանգելով Եսայիի մարգարէութեան, այսպէս կը նկարագրէ Փրկիչին աշխարհ գալուստը. «Սկիզբէ՛ն գոյութիւն ունէր Բանը», այսինքն Աստուծոյ Խօսքը, ի յաւիտենից` անոր Որդին եւ հաւասար` իր Հօր, որ իջաւ աշխարհ եւ մարդկային բնութիւնը առաւ, յար եւ նման մե՛ր բնութեան, կատարելու համար իր Հօր քաւչական ծրագիրը:

Յովհաննէսի խօսքերը ցոյց կու տան մեզի Քրիստոսի ամէնէն ցայտուն յատկանիշը, որ է` անոր բացարձակ ու անբաժանելի միութիւնը Հօր Աստուծոյ հետ, անոր հաւասար` իր էութեամբ, որ է ըսել` հոգիով ու միտքով, որուն զօրութեամբ ան իր կամքը կը նոյնացնէ իր Հօր կամքին հետ եւ կը մարդանայ` մե՛ր սիրոյն համար: Ասիկա խորհրդաւոր, անբացատրելի նշանն է Աստուծոյ սիրոյն` մարդուն հանդէպ, նոյնիսկ անոր ըմբոստութենէն եւ անկումէն ետք, որովհետեւ մարդը ի՛ր` աստուածայի՛ն մտքին յղացումն է, իր ձեռքի՛ն գործը, զոր չի կրնար անտեսել, եւ առաւել եւս` իր դժբախտ վախճանին լքել զայն:

Հետեւաբար, Աստուծոյ սիրոյն զեղումն ու գերագոյն արտայայտութիւնն է իր Որդիին մարդկային ծնունդը, Մարդեղութեան խորհուրդը, զոր կը դաւանինք համայն եկեղեցւոյ հետ:

«Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի աշխարհը փրկուի անով» ըսաւ նոյնինքն Յիսուս` թերահաւատ Նիկոդիմոսին, որ չէր կրնար ըմբռնել, թէ ինչպէ՛ս մեղքով դատապարտուած մարդը կրնայ վերստին ծնիլ եւ Աստուծոյ զաւակ դառնալ:

Եւ իսկապէս, նաե՛ւ մեզի համար` մարդկօրէն անըմբռնելի է այսքա՛ն սէր տիեզերքի Արարիչին ու Տիրոջ կողմէ` իր մեղապարտ արարածին հանդէպ, եւ դժուարաւ հաւատալի պիտի ըլլար` եթէ Քրիստոս ի՛նք չըլլար այդ ըսողը:

Չէր բաւեր, որ Քրիստոս մարդանար մեզի համար, զգենելով մահկանացուի բնութիւնը, որ ինքնին մեծագոյն խոնարհեցումն է գերագոյն ու կատարեալ Էակին համար: Ան յանձն առաւ ստորնանալ` յանցաւորի զգեստը կրելով, չարչարուելով, դատապարտուելով, ամօթալի մահուամբ մեռնելով:

Այս բոլորը, որովհետեւ ան սիրե՛ց մեզ, անսահմա՜ն սիրով սիրեց եւ ապացոյցը տուաւ իր սիրոյն, յայտնելով միանգամայն նպատակը իր աշխարհ գալուն. «Ես եկայ, որպէսզի մարդիկը կեա՛նք ունենան, եւ առատօրէ՛ն ունենան», ըսաւ ան:

Քրիստոսի խոստացած կեանքը աղբիւր է յոյսի եւ երջանկութեան: Յոյսի` որովհետեւ գիտենք այսուհետեւ, թէ մեր կեանքը անիմաստ ու աննպատակ գոյութիւն մը չէ: Գիտենք, թէ մեր մղած առօրեայ պայքարն ու կրած տառապանքները ապարդիւն չեն, որովհետեւ անոնց կը յաջորդէ խաղաղութիւնն ու ուրախութիւնը, ո՛չ միայն անդենականի մէջ, այլ նաեւ մեր այս երկրաւոր ուղեւորութենէն սկսեալ:

Իսկ երջանկութիւնը, քրիստոնեային համար` այն ապահովութիւնն է, թէ այլեւս ցմիշտ դատապարտեալներ չենք, այլ ստացած ենք պարգեւը աստուածային որդեգրութեան, որ մեր առջեւ կը բանայ անվերջ ու անխառն երջանկութեան դուռը նոր կեանքի մը:

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մինչ կը պատրաստուինք Քրիստոսը հիւրասիրելու մեր մսուրներուն, բայց մանաւանդ մեր սրտերուն մէջ, մտաբերենք պահ մը, թէ ի՛նչ ընդունելութիւն կը գտնէ Քրիստոս, մարդացած Աստուածը` այսօրուան մարդուն եւ առհասարակ մարդկային ընկերութեան մէջ, իր ծնունդէն աւելի քան երկու հազար տարի ետք: Նկատի չառնենք տակաւին այդ միլիոնաւոր էակները, որոնք անոր գոյութիւնն իսկ կ՛անգիտանան: Մտածենք քրիստոնեաներուն, այսինքն մեր մասին, որ անհամբեր կը սպասենք այս օրհնեալ օրերուն` պահ մը մոռնալու համար մեր առօրեայ մտահոգութիւնները, մտավախութիւնները, անձկութիւնները: Բայց ո՞ւր կը փնտռենք այս բոլորին դարմանը: Առհասարակ` մեր անձնական ուժերուն մէջ, չըսելու համար` մեր կարծեցեալ ինքնաբաւութեան, մեր հաճոյասիրութեան, մեր հանգիստի պաշտամունքին, մեր եսասիրութեան եւ ընչաքաղցութեան մէջ: Եւ կը մնանք յուսախաբ, որովհետեւ սխալ ուղղութեամբ կ՛երթանք փնտռելու մեր խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը:

Այս չէ՛ լաւագոյն ձեւը տօնելու Քրիստոսի գալուստը մեր մէջ: Հարց տանք մենք մեզի. ի՞նչ էր անոր նպատակը, միտքը, բաղձանքը, երբ յանձն առաւ մարդանալ: Ան եկաւ` վանելու համար խաւարը, ուր թաղուած էր կորսուած մարդկութիւնը, արմատախիլ ընելու համար ատելութիւնը, տարածելու համար սէրն ու համերաշխութիւնը, որպէսզի խաղաղութիւնն ու երջանկութիւնը դադրին երազ մը, ցնորք մը ըլլալէ: Իր այդ ծրագիրը իրագործելու համար` ան կարիքը զգաց աշակերտներու, առաքեալներու, որոնք որդեգրեցին եւ հռչակեցին իր պատգամները: Եւ այսօր` անոնց յաջորդներն ըլլալու կանչուած ենք մենք, որ Քրիստոսի հաւատացող եւ հետեւող առանձնաշնորհեալներ ենք:

Այս պահուս, մեր միտքը կու գան աշխարհի չորս ծագերուն Քրիստոսի ծնունդը ոգեկոչելու պատրաստուող մարդիկ: Սակայն գիտենք թէ շատե՜ր կան, որոնք այդ բախտը պիտի չվայելեն: Հազարաւոր մարդիկ աքսորի, հալածանքի, բռնի գաղթի ենթարկուած, նուազագոյն ապրուստէ զրկուած, գուցէ չանդրադառնան իսկ, թէ Ծնո՛ւնդն է Քրիստոսի, զոր կը տօնենք այս օրերուս: Մեր քրիստոնէական հաւատքն ու սէրը մեզ կը մղեն մտածելու, թէ ինչպէ՛ս կրնանք անոնց տառապանքը մեղմացնել: Մանաւանդ երբ մեր առջեւ կը գտնուի առիթը` ապրելու Ողորմութեան սուրբ տարին, զոր հռչակած է Սրբազան Քահանայապետը, Ֆրանչիսկոս` մեզ հրաւիրելով, որ լիապէ՛ս եւ գործնականապէ՛ս ապրինք Քրիստոսի հրամանը` ողորմութիւնը գործադրելը իբրեւ մեր այս տարուան կարգախօսը դարձնելով. «Այս սուրբ տարուան ընթացքին, կ՛ըսէ ան, կրնանք ողորմութեան փորձարկութիւնը կատարել…: Քանի՜ անապահով ու տառապալից կացութիւններ կան ներկայ աշխարհին մէջ: Քանի՜ խոցեր բացուած են այն մարդոց մարմնին մէջ, որոնք այլեւս օգնութեան կանչելու ձա՛յն իսկ չունին, որովհետեւ հարուստ ժողովուրդներու անտարբերութեան դիմաց` անոնց կանչը մարած է եւ լռած: Այս յոբելեանին ընթացքին, եկեղեցին առաւել եւս հրաւիրուած է մարդոց վէրքերը խնամելու, զանոնք մխիթարելու, ողորմութեամբ դարմանելու…»:

Մեր Ծնունդը, սիրելի՛ հաւատացեալներ, անով կը յատկանշուի, որ մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ եւ մարդոց: Տխուր է այն Ծնունդը, ուր բացակայ է Աստուծոյ եւ մարդոց սէրը, որ կը մղէ մեզ հաշտութեան եւ խաղաղութեան, զոյգ նախապայմանները հարազատ երջանկութեան:

Այս տօնական օրերուն, մենք ի սրտէ կը մաղթենք, որ խաղաղութիւնը զոր հրեշտակները աւետեցին Բեթղեհէմի մսուրին վրայ, իրականութիւն դառնայ համայն աշխարհի համար, եւ յատուկ կերպով մեր սիրելի Լիբանան հայրենիքին եւ Հայաստան մայր հայրենիքին համար: Ջերմօրէն կ՛աղօթենք, որ դադրին պատերազմներն ու վայրագութիւնները Միջին Արեւելքի աւերուած երկիրներուն մէջ, ուր թշուառ ժողովուրդներ կը հալածուին մանաւանդ իրենց հաւատքին համար:

Նաեւ մեր եղբայրական բարեմաղթութիւնները կը յայտնենք մեր քոյր եկեղեցիներու նուիրապետներուն եւ հաւատացեալներուն` հայցելով Տիրոջմէ, որ բանայ մեր սրտերը դէպի միասնական ու կատարեալ միութիւն հաւատքի եւ սիրոյ մէջ, իրագործելով Տիրոջ աղօթքը` «Թող մէ՛կ ըլլան, Հա՛յր, ինչպէս դուն եւ ես մէ՛կ ենք»:

Վերջապէս, ձեզի՛, սիրեցեա՛լ հաւատացեալներ, կ՛ուղղենք մեր սրտէն բխած իղձը, որ Տէրը իր անսպառ սիրովն ու ողորմութեամբը պարուրէ ձեզ եւ տայ կարողութիւնը` իր հռչակած խաղաղութեան վկաներն ըլլալու ձեր ընտանիքներուն ու շրջանակին մէջ:

«Փա՛ռք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն»:

ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց