Ողորմութեան Տարիին բացումը «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա» Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ

Ողորմութեան Տարիին բացումը «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա» Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի 13 Դեկտեմբեր 2015, առաւօտեան ժամը 11:00 ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Ողորմութեան Տարի»ին բացումը հանդիսապետութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ եպիսկոպոսաց, քահանայից, սարկաւագաց, մայրապետաց եւ կղերիկոսաց դասին, եւ բոլոր ժողովրդապետութիւններէն ժամանած հաւատացեալ ժողովուրդին:

Արարողութիւնը սկիզբ առաւ թափօրով, որուն յաջորդեց «դռնբացէք»ի հոգելից արարողութիւնը (եկեղեցւոյ դրան բացումը՝ որ կը խորհրդանշէ երկինքի դրան բացուիլը՝ համայն մարդկութեան դիմաց) եւ որմով սկիզբ տրուեցաւ այս բացառիկ ողորմութեան յոբելինական տարիին, «Կռունկ» երգչախումբի երգեցողութեամբ, որ օգնեց հաւատացեալ ժողովուրդին առաւել եւս ապրելու այս հոգեպարար պահը: Եկեղեցի մտնելէ ետք, գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վ. Եղիայեան հաւատացեալ ժողովուրդին բացատրեց օրուան խորհուրդը, ըսելով յատկապէս. «Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ նախագահութեամբ եւ հետը մտանք Ողորմութեան Դռնէն` հայցելու համար բոլորիս վրայ Աստուծոյ ողորմութիւնը, Աստուծոյ գթութիւնը եւ Աստուծոյ սէրը, որ յայտնուեցաւ մեզի իր Միածին Որդիին, Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեամբը, խաչելութեամբը եւ Յարութեամբը:

v1

«Արարողութիւնը, զոր կատարեցինք կոչ մըն է իւրաքանչիւրիս որպէսզի դառնանք ողորմած, գթալիր եւ գթասիրտ, այլապէս հեռու կը մնանք, եւ մերժած կ՚ըլլանք Աստուծոյ կոչը, որ բացայայտօրէն յայտնուեցաւ մեզի այսօր՝ այս այնքան տպաւորիչ դռնբացէքի արարողութեամբ»:

Ապա երեք ընթերցումներ կատարելէ ետք Սրբազան Պապին «Ողորմութեան դէմք» շրջաբերական նամակէն, սկիզբ առաւ Սուրբ Պատարագը:

v2

Սուրբ Զոհը մատոյց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը: Ան, այս առթիւ, եւ իր քարոզի ընթացքին, իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին: Իսկ արաբերէն լեզուով խօսք առաւ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան:

Սուրբ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ խաչահամբոյր եւ շնորհաւորութիւններ՝ ողորմութեան յոբելինական տարւոյն առթիւ: