Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին պաշտօնական հանդիպումները

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին պաշտօնական հանդիպումները

Այցելութիւն Վարչապետ Թամամ Սալամին

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը հինգշաբթի 3 դեկտեմբեր կէսօրին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ վարչապետ Թամամ Սալամին, վարչապետարան (Պէյրութ)։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Իրանի կաթողիկէ հայոց եպիսկոպոս՝ գերապայծառ հայր Սարգիս եպս. Դաւիթեան, Զմմառու Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Վանքի մեծաւոր գերապայծառ Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար Ժագ Չուխատարեան եւ նախկին երեսփոխան Անթուան Շատեր։

Ջերմ մթնոլորտի մը ներքեւ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին, վարչապետը անգամ մը եւս ողջունեց եւ շնորհաւորեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր ընտրութեան եւ գահակալութեան առթիւ։ Շնորհաւորեց նաեւ նոր եպիսկոպոսները: Հոգեւոր Տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սալամին իր շնորհաւորութիւններուն համար եւ մաղթեց, որ ինք շարունակէ իր խաղաղարար աշխատանքը այնպէս ինչպէս կը յուշէ իր անունը։ Այնուհետեւ տեղի ունեցած սրտբաց խօսակցութեան ընթացքին շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւնը օր առաջ կայացնելու կարեւորութիւնը եւ զրոյցը շօշափեց երկիրը եւ ընդհանրապէս լիբանանցիները յուզող ապահովական, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական խնդիրները, եւ անոնց լուծումը երկխօսութեամբ ու միասնականութեամբ հետապնդելու հրամայականը։

 

Այցելութիւն խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիին

Շարունակելով Լիբանանի պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն իր այցելութիւնները, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը ուրբաթ 4 դեկտեմբեր կէսօրին այցելեց Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, Այն էլ Թինէ, ուղեկցութեամբ Պատրիարքական Թեմին օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանին, Զմմառու Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Վանքի Մեծաւոր գերապայծառ հայր Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանի, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի, պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանի, նախկին նախարար Մեթր Ժագ Չուխատարեանի եւ Անթուան Շատըրի։

berri

Անդրադառնալով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ընտրութեան եւ գահակալութեան, Խորհրդարանի նախագահը բարեմաղթանքները ներկայացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ կարեւորելով համայնքապետերուն խաղաղարար առաքելութիւնը շրջանէն ներս ստեղծուած խռովայոյզ իրավիճակին մէջ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Խորհրդարանի նախագահին՝ ջերմ ընդունելութեան եւ իր գահակալութեան առթիւ ներկայացուցած շնորհաւորութիւններուն ու բարեմաղթանքներուն համար։

Այնուհետեւ, աւելի քան 30 վայրկեան տեւած խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ առաւելաբար Լիբանանի անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերուն, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին եւ նախագահական ընտրութեան կարեւորութեան վրայ։

 

Այցելութիւններ Մարոնիթներու, Գաղթէացիներու, ասորի ուղղափառներու եւ լատիններու առաջնորդներուն, Միշել Սլէյմանին, Ամին ժեմայէլին, զօր. Աունին

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ շարունակելով Լիբանանի հոգեւոր առաջնորդներուն եւ պետական ու պաշտօնական անձնաւորութիւններուն իր փոխ-այցելութիւնները, ուղեկցութեամբ Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին, երեքշաբթի 15 դեկտեմբերին այցելեց Պէյրութի մարոնիթներու առաջնորդ Պուլոս Մաթար արքեպիսկոպոսին, Լիբանանի գաղթէացիներու առաջնորդ Միշէլ Գասարճի եպիսկոպոսին եւ ասորի ուղղափառներու Տանիէլ Կաուրիէ եպիսկոպոսին:

Չորեքշաբթի 16 դեկտեմբերին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը այցելեց նաեւ Լիբանանի լատիններու Պուլոս Տահտահ եպիսկոպոսին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշէլ Սլէյմանին եւ ուղղափառ ասորիներու Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոսին:

Ուրբաթ 18 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին, ան այցելեց Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլին, Պիքֆայա։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Արհիապատիւ Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան, Զմմառու վանքի մեծաւոր եւ պատրիարքական փոխանորդ Հայր Գաբրիէլ թ․ ծ․ վ․ Մուրատեան, Հայր Սեպուհ վարդապետ Կարապետեան եւ Մեթր Սերժ Չուխատարեան։

gemayel

Այնուհետեւ, ժամը 12-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պիքֆայայէն ուղղուեցաւ Ռապիէ, ուղեկցութեամբ նաեւ պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեանին, այցելելու համար Բարեկարգում ու Փոփոխութիւն Շարժումի նախագահ՝ պետական երեսփոխան զօր․ Միշել Աունին։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Շարժումին արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան։

aoun

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այս փոխ այցելութիւնները կը մտնէին իր ընտրութեան եւ գահակալութեան առթիւ Լիբանանի հոգեւոր առաջնորդներուն, պետական ու պաշտօնական անձնաւորութիւններուն յայտնած շնորհաւորութիւններուն ու բարեմաղթանքներուն համար շնորհակալական այցելութիւններու շրջագիծէն ներս։ Անոնք միաժամանակ առիթ մը հանդիսացան մտքերու փոխանակում կատարելու Լիբանանը եւ լիբանանցիները յուզող հրատապ խնդիրներու շուրջ, ինչպէս նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը, շրջանային ողբերգական իրադարձութիւնները, քրիստոնեաներուն տագնապալի վիճակը եւ ասոր հետեւանքով արձանագրուած գաղթը։

 

Ռաի Պատրիարքը այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի զոյգ տօներուն առթիւ, Մարոնիթներու Պատրիարքը՝ Կարդինալ Պշարա Ռաի, ընկերակցութեամբ Պատրիարքական փոխանորդ` Գերապայծառ Փոլ Սայյահի, 29 դեկտեմբեր 2015, Երեքշաբթի, փոխ այցելութիւն մը տուաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց` Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Պատրիարքարան ժամանումին Մարոնիթ համայնքապետը դիմաւորուեցաւ Պէրութի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Գէորգ Ասատուրեանին, Գերապատիւ Հայր Գէորգ ծ․ վ․ Եղիայեանին, Սուրբ Խաչ եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիներու ժողովրդապետներ՝ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանին եւ հայր Պերճ վրդ․Սապէհին կողմէ։

rai

Սուրբ Ծննդեան եւ ամանորեան շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք, Մարոնիթ համայնքի Պատրիարքը եւ կաթողիկէ հայոց հովուապետը՝ շուրջ 45 վայրկեան ջերմ մթնոլորտի մը ներքեւ քննարկեցին Լիբանանի իրավիճակը ընդհանուր առմամբ եւ յատկապէս` մէկ տարի եւ եօթը ամիսներէ ի վեր թափուռ մնացած Լիբանանի նախագահական աթոռի հրատապ հարցը։ Ապա անոնք անդրադարձան լիբանանցիներուն դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական տագնապներուն, մասնաւորաբար յարաճուն աղքատութեան երեւոյթին։ Այս առընչութեամբ երկու համայնքներու Պատրիարքները իրենց մտահոգութիւնները յայտնեցին եւ մաղթեցին որ Լիբանանի քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւնները՝ օր առաջ, միասնականութեամբ դիմագրաւեն Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը, եւ լուծումներ գտնեն երկիրը տագնապեցնող խնդիրներուն։ Հուսկ, անոնք մտահոգութեամբ անդրադարձան նաեւ գաղթականութեան հրատապ հարցին եւ շեշտեցին Լիբանանին ու լիբանանցիներու բարօրութեան ի խնդիր միասնական եւ յարաճուն աշխատանք տանելու անհրաժեշտութինը։

 

Ասորիներու Եունան Պատրիարքը այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին

Երեքշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2015-ին, կաթողիկէ Ասորիներու Գերերջանիկ Եունան Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Եւրոպայի կաթողիկէ Ասորիներու թեմի առաջնորդ Արհիապատիւ Քաս եպիսկոպոս Մուսայի, այցելեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս Պատրիարքին, Պատրիարքարան։

younan

Ասորիներու Պատրիարքն ու անոր ընկե-րակցող պատուիրակութիւնը Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարան իրենց ժամանումին դիմաւորուեցան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս` Արհիապատիւ Գէորգ Ասատուրեանին, գերյարգելի Գէորգ ծ․վ․Եղիայեանին եւ հայր Սեպուհ վրդ.Կարապետեանին կողմէ։

Հանդիպումի ընթացքին, Ասորիներու Պատրիարքը եւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը բարեմաղթանքներ փոխանակեցին Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի զոյգ տօներուն առթիւ, ապա քննարկուեցան Լիբանանն ու լիբանանցիները յուզող հրատապ խնդիրներ, ինչպէս երկրին նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, շրջանային ողբերգական իրադարձութիւնները, քրիստոնեաներուն տագնապալի վիճակը եւ այդ իրավիճակի բերումով յառաջացած գաղթը։

Նշենք, թէ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը` դեկտեմբեր ամսուան սկիզբը, Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Գէորգ Ասատուրեանի ուղեկցութեամբ, այցելութիւն տուած էր կաթողիկէ Ասորիներու Պատրիարքին, անոր նստավայրին մէջ։

 

Այցելութիւն Արամ Ա. Վեհափառին

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Արհի․Մանուէլ եպիսկ․Պաթագեանի եւ Արհի․ Գէորգ եպիսկ․ Ասատուրեանի, Հինգշաբթի, 7 Յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

aram-i

Վեհափառ Հայրապետը` ընդունելէ ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ բարեմաղթանքները, երկու Հայրապետներուն խօսակցութիւնը շօշափեց յատկապէս Սուրիոյ հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւնները, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններու հարցը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի աւարտին, Նորին Սրբութիւնն ու Հոգեւոր Տէրը վերահաստատեցին Սուրիոյ հայ համայնքին իրենց զօրակցութիւնը, եւ շեշտեցին ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու հրամայականը: