Հոգեհանգստեան Պատարագ նուիրուած Գամիշլիի անմեղ զոհերուն

Հոգեհանգստեան Պատարագ նուիրուած Գամիշլիի անմեղ զոհերուն

30 Դեկտեմբերի գիշերը, Գամիշլիի քրիստոնէաբնակ թաղամասերէն մէկուն մէջ, «Մայամի» ճաշարանին մօտ տեղի ունեցած ահաբեկչական երկու պայթումները, որոնք պատճառեցին 16 անմեղ զոհեր եւ 35 վիրաւորներ, ցնցեցին ամբողջ քաղաքը եւ խորապէս յուզեցին շրջանի համայն քրիստոնեայ շրջանակները։

Այս խոր յուզումին մէկ արձագանգը հանդիսացաւ հոգեհանգստեան սուրբ Պատարագը՝ որ հինգշաբթի, 31 դեկտեմբերի 2015-ի կէսօրին մատուցուեցաւ Պէյրութի կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքարանի Աւետումն Սուրբ Կուսին եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Ասատուրեանին կողմէ, ննջեցեալներու հոգիներու յաւիտենական հանգստեան համար, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն որպէս սփոփանք եւ հոգեկան մխիթարութիւն։ Հոգեհանգստեան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ կաթողիկէ Ասորիներու Պատրիարքը՝ Գերերջանիկ Եուսէֆ Եունան, շրջապատուած արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրերով եւ ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու։ Յընթացս Սուրբ Պատարագին աւուր պատշաճի քարոզեց ամենապատիւ Եունան Պատրիարքը, իսկ յաւարտ սուրբ Պատարագին իր ցաւակցական սրտի խօսքը փոխանցեց գերյարգելի հայր Գէորգ Եղիայեան։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։