Արհիապատիւ Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեանին Հովուական անդրանիկ այցելութիւնը` Քեսապ հայաւան

Արհիապատիւ Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեանին Հովուական անդրանիկ այցելութիւնը` Քեսապ հայաւան

Շաբաթ 5 Դեկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ընկերակցութեամբ աշխարհական պատուիրակութեան մը եւ «Թէլէ Լիւմիէր»ի թղթակիցներու ուղղուեցաւ դէպի Քեսապ, տալու այդ հայկական գիւղին եւ հաւատացեալներուն իր անդրանիկ այցելութիւնը, զոր խոստացած էր կատարել իր եպիսկոպոսական անուանումին առաջին օրէն իսկ:

Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ, Լաթաքիա-Թարթուս մայրուղիին վրայ, Քեսապի քաղաքապետ պարոն Վազգէն Չափարեանին եւ թաղապետ պարոն Սեպուհ Քիւրքճեանին կողմէ եւ կարճ դադարէ մը ետք բոլորը ուղղուեցան Լաթաքիա եւ ապա Քեսապ:

Քեսապի մուտքին առաջնորդ Հօր դիմաւորութեան եկած էին եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ. ողջագուրումէ եւ բարի գալուստի խօսքերէ ետք շքախումբը ուղղուեցաւ դէպի Քեսապի Հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ եկեղեցի, ուր գերապայծառ հայրը ընդունուեցաւ աւանդական հայկական աղ ու հացով:

Ապա ներկաները ուղղուեցան հոգելոյս հայր Համազասպ վրդ. Գլնճեանի դամբարանին եւ հայր Մեսրոպ վրդ. Ճուրեանի յիշատակին կառուցուած խաչքարին կողմը, որոնք սրբապղծուած էին Քեսապ ներխուժած ահաբեկիչներու կողմէ, եւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն. ապա ներկաները բարձրացան եկեղեցի, ուր գերապայծառը գոհաբանական աղօթքէ ետք օրհնեց ներկաները որոնք առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ դահլիճ. ներկայ էին քոյր եկեղեցիներու հովիւներ եւ թաղականութիւն, պետական անձնաւորութիւններ, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Ջերմ մթնոլորտի մէջ արտասանուեցան բարեգալուստի խօսքեր: Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան ողջունեց գերապայծառ հօր այցելութիւնը քեսապի հաւատացեալներուն: Իր կարգին գերապայծառ հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց պետական ապահովական ուժերու ներկայացուցիչներուն իրենց տարած աշխատանքին համար, որուն շնորհիւ ահաբեկիչ խումբերը հեռացան Քեսապէն, գիւղին տալով համեմատական ապահովութիւն մը եւ պաշտպանելով անոր սահմանները որպէսզի չկրկնուի 21 Մարտ 2014ին Քեսապի վրայ կատարուած ներխուժումը, որուն իբր հետեւանք տեղի ունեցած էր բնակիչներուն զանգուածային գաղթը դէպի Լաթաքիա եւ այլ ապահով քաղաքներ:

Նոյն օրը երեկոյեան, առաջնորդ Հայրը, ընկերակցութեամբ գիւղին քաջ հովիւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանին այցելեց վեց ընտանիքներու եւ գնահատեց անոնց կառչածութիւնը իրենց պապենական հողին ու տուներուն եւ յորդորեց անոնց մնալու միշտ քաջ իրենց հովիւին նման` ըսելով որ եկեղեցին միշտ իրենց հետ կը մնայ ամէն դժուարութիւն դիմագրաւելու համար:

kessab2

Յաջորդ օրը, Կիրակի 6 Դեկտեմբերին, գերապայծառ Հայրը հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցանեց ներկայութեամբ հոծ բազմութեան մը. իր քարոզին մէջ ան յատկապէս ըսաւ. «Անհուն ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ եկած եմ ձեզի փոխանցելու Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին ողջոյններն ու օրհնութիւնը, որովհետեւ բոլոր պայմաններուն ու պարագաներուն տակ դուք հաւատարիմ մնացիք Աստուծոյ պատգամին որ կ’ըսէ.- Հետս եղէք մինչեւ աշխարհին կատարածը։

«Դուք այս պատգամին ձեր հաւատարմութիւնը ցուցաբերեցիք ամէնէն դժուարին, վտանգալից ու ողբերգական վիճակներուն մէջ անգամ։ Այս պատգամով զօրացած՝ դուք ձեր քրիստոնեավայել ու հայավայել կեցուածքով հանդիսացաք՝ քիչ է ըսել բարի օրինակը, այլ հերոսավայել օրինակը ճշմարիտ քրիստոնեայի եւ հարազատ հայու, որ գիտէ տոկալ ու դիմադրել։ Դուք տոկացիք ու դիմադրեցիք բոլոր ճնշումներուն՝ առանց կորսնցնելու ձեր հաւատքն ու յոյսը։ Դուք կառչած մնացիք ձեր ինքնութեան երկու յատկանիշերուն՝ ՀԱՅ եւ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ»։

«Վստահ կրնաք ըլլալ որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ համայն Ազգը շնորհակալ է ձեզի եւ ձեր կողքին կը գտնուի։ Ասոր մէկ վկայութիւնն է իմ ներկայութիւնս այսօր ձեր մէջ»։

Ապա, գերապայծառ Տէրը բարձր գնահատեց ժողովրդապետ Նարեկ վրդ. Լուիսեանի անձնուրաց կեցուածքը իր հօտի կողքին։ «Ան եղաւ բոլոր պայմաններուն տակ իր հօտին գլուխը կանգնած քաջ հովիւը, որ գիտցաւ զօրակցիլ, քաջալերել ու ոգեւորել ոչ միայն բանիւ այլ գործով»։

kessab3

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոսը ապա գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց քոյր եկեղեցիներուն ու համայնքներուն միջեւ հաստատուած միասնականութեան ու համագործակցութեան համար, «որ զօրացուց օրհասական պահերուն քեսապահայութեան կամքի ուժը։ Այս կերպով, քեսապահայութիւնը դարձաւ հայ ժողովուրդին միասնականութեան ուժին կարեւորութեան վառ օրինակը»։

Հուսկ, գերապայծառ Տէրը ուրախութեամբ յիշատակեց Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ 90 ամեակը որ կը նշուէր այդ օր ըսելով. «Երբ կանգուն է Եկեղեցին, կը նշանակէ որ կանգուն էք նաեւ դուք։ Եկեղեցւոյ պայծառացումը վկայութիւնն է ձեր կառչածութեան Հաւատքին, վկայութիւնն է ձեր ազգասիրութեան ու հայրենանուիրումին»:

Պատարագի աւարտին պրն. Րաֆֆի Ճուրեան ընթերցեց Սրբազան Քահանայապետին օրհնութեան գիրը` շնորհուած Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ, անոր 90 ամեակին առթիւ:

Հուսկ խօսք առաւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Նարեկ, որ խօսքը ուղղելով գերապայծառ հօր ըսաւ. «Օրհնեալ եկեալ անուամբ տիարն. բարի եկած էք ձեր տան մէջ. եւ մենք այսօր կը վայելենք ձեր հայրական ներկայութիւնն ու օրհնութիւնները եւ միասնաբար կը տօնենք Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ եւ Բարեյուսոյ վարժարանի հիմնադրութեան 90 ամեակը: Այս առթիւ քեսապահայութեան անունով կը շնորհաւորենք ձեր եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը եւ կը համբուրենք միւռոնաբոյր ձեր աջը, մաղթելով ձեզի երկար, առողջ եւ բեղմնաւոր առաքելութիւն մը»:

Ակնարկելով Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումին հայր նարեկ ըսաւ. «Չենք կրնար մոռնալ ձեր հայրական սէրը մեզի հանդէպ, յատկապէս 21 Մարտ 2014-ին մեր տեղահանութեան օրերուն, երբ Ֆրանսայէն ամենօրեայ հեռաձայններով կը հարցնէիք իմ եւ քեսապահայութեան վիճակին մասին եւ ձեր քաջալերական խօսքերով եւ աղօթքներով նեցուկ կ՚ըլլայիք մեզի այդ դժուարին օրերուն»:

kessab4Պատմական ակնարկ մը նետելով հայր Նարեկ աւելցուց. «Քեսապահայութիւնը իր պատմութեան մէջ երեք անգամ բռնած է գաղթի ճամբան, կրած հալածանք եւ մեծ վնասներ, սակայն ամէն անգամ վերադարձած է իր հողին եւ աննկուն կամքով դարձեալ կառուցած ու շէնցուցած իր տունը, հողը, դպրոցն ու եկեղեցին»: Հայր սուրբը յիշեց նաեւ երջանկայիշատակ կարդինալ Աղաճանեանը, որուն ջանքերով, Քեսապը, որ Ֆրանսացիներուն կողմէ կը նուիրուէր Թուրքիոյ 1939-ին, Մեծ Հայրապետին միջամտութիւններուն շնորհիւ մնաց Սուրիոյ սահմանէն ներս:

Իր խօսքի աւարտին հայր Նարեկ շնորհակալութիւն յայտնեց գերապայծառին իր անդրանիկ այցելութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան եւ «Թէլէ Լիւմիէր»ի անձնակազմին եւ բոլոր անոնց որոնք սատարած էին այս այցելութեան եւ 90ամեակի ձեռնարկին յաջողութեան: Տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում, Հայր Նարեկ առաջնորդ հօր նուիրեց ասեղնագործ «Տէրունական Աղօթքը», իսկ գերապայծառը մանրանկարազարդ աւետարան մը նուիրեց Լաթաքիայէն ժամանած լատին Ֆրանչիսկեան հովիւին, որուն վանքին մէջ ապաստան գտած էր հայր Նարեկ տեղահանութեան օրերուն:

Հուսկ Հ.Կ.Մ.ի պատանիները ներկայացուցին չորս ասմունքներ եւ չորս խմբերգներ պատրաստուած այս առիթին համար:

kessab6

Պատարագի աւարտին բոլոր ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ դահլիճ ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ գերապայծառ Ասատուրեան ու ժողովրդապետ հայրը ընդունեցան շնորհաւորութիւններ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վարժարանի սրահին մէջ 90 ամեակի կարկանդակի բեկանում:

Այս այցելութեան համար կազմուած յանձնախումբը սարքած էր ագապ մը Կիրակի կէսօրին, որուն մասնակցեցան քոյր եկեղեցիներու հովիւներ, Քեսապի քաղաքապետը եւ թաղապետը ինչպէս նաեւ միութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ:

kessab5

Նոյն օրը Ասատուրեան գերապայծառը յետ միջօրէին շարունակեց իր այցելութիւնները ընտանիքներուն, ապա Հայր Նարեկին ընկերակցութեամբ մասնակցեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125-ամեակի հանդիսութեան:

Երկուշաբթի 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան առաջնորդ Հայրը տեսակցեցաւ Քեսապի հայ կաթողիկէ վարժարանի ուսուցչական կազմին հետ:

Գերապայծառ Ասատուրեան հրաժեշտ առաւ Քեսապէն Երկուշաբթի առաւօտ. անոր ընկերացան հայր Նարեկ եւ աշխարհական պատուիրակութիւն մը որ յատուկ ժամադրութեամբ ընդունուեցաւ Լաթաքիոյ նահանգապետին կողմէ:

Գերապայծառ հօր յաջորդ կայանն էր Սուրիական Թարթուս քաղաքը, ուր տեղի ունեցաւ մարոնի եկեղեցւոյ նորընտիր Հալէպի առաջնորդին ձեռնադրութեան արարողութիւնը ձեռամբ մարոնի պատրիարք կարդինալ Պշարա Ռաիի:

Նշենք որ այս եռօրեայ այցելութեան ընթացքին առաջնորդ հօր ընկերակցող «Թէլէ Լիւմիէր» պատկերասփիւռի կայանին թղթակիցները լայնօրէն արձագանգեցին իրադարձութեան:

Քեսապահայութիւնը բարձր գնահատեց գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին այցելութիւնը, որը տուաւ ժողովուրդին հոգեկան սնունդ եւ ուժ ա՛լ աւելի կառչած մնալու իրենց պապենական հողին եւ ըլլալու միշտ քաջ վկաները իրենց հաւատքին եւ Աստուծոյն:

ՐԱՖՖԻ ՃՈՒՐԵԱՆ