Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնը Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնը Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

Մեր Փրկչին Յիսուսի ծննդեան տօնը յոյսի տօն է ամբողջ մարդկութեան համար, բայց ան աւելի մեծ նշանակութիւն ունի ու Փրկչի ծնունդը նոր ուժ կու տայ այս աշխարհի վրայ տառապող մարդկանց: Շատ են այս աշխարհի վրայ տառապողները եւ դժբախտաբար օրէ օր կ’աւելնան անոնք:

Ահաւասիկ Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդը կը տառապի այսօր, անհասկնալի ու դաժան պատերազմին պատճառաւ:

Ս. Ծննդեան տօնին, բոլորս երկիւղածութեամբ եւ մեծ յոյսով դիմեցինք Բեթղեհէմի մսուրին մէջ ծնունդ առած մեր Փրկչին, որպէսզի իր խաղաղութիւնը տայ մեզի` սուրիացիներուս եւ համայն աշխարհին:

24 դեկտեմբերի երեկոյեան, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան ճրագալոյցի հանդիսաւոր Ս. Պատարագը, զոր մատուցեց եկեղեցւոյս ժողովրդապետ Հ. Գէորգ վրդ. Պահէեանը, իսկ խորանին վրայ տեղ գրաւած էր գերաշնորհ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, առաջնորդ Դամասկոսի հայոց թեմին, որ ինչպէս միշտ անձամբ եկած էր մասնակից դառնալու Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ տօնական ուրախութեան ու իր եղբայրական խնդակցութիւնը յայտնելու: Ս. Պատարագի աւարտին, պատարագիչ Հ. Գէորգ վարդապետը, երգչախումբի «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, զետեղեց նորածին Յիսուս Մանուկը մսուրին մէջ: Այստեղ նշենք թէ այս տարի եւս, համայնքիս արաբախօս «Սիրոյ ընտանիք» սկաուտական խումբի անդամները շատ գեղեցիկ մսուր մը պատրաստած էին եկեղեցւոյ մէջ: Յաւարտ Ս.Պատարագին, ներկայ հաւատացեալները մէկտեղուեցան եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ զիրար շնորհաւորելով ու բարեմաղթանքներ փոխանակելով :

damascus-1

Յաջորդ առաւօտ, 25 դեկտեմբերին, Ս. Ծննդեան տօնի հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատուցեց արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեան, առաջնորդը համայնքիս եւ տուաւ պատշաճ քարոզ մը: Ս. Պատարագի աւարտին, ներկայ հաւատացեալները թափօր կազմած, հետեւեցան հոգեւոր հայրերուն, կատարելով եկեղեցւոյ շրջանը մինչ երգչախումբը կ’երգէր «Խորհուրդ մեծ» շարականը եւ այլ շարականներ: Երբ Գերապայծառ Տէրը հասաւ եկեղեցւոյ մայր դռան առաջ, բացաւ փակ դռները, գոչելով «Բաց մեզ Տէր դուռն ողորմութեան»: Եւ այս կատարուեցաւ որպէս բացում ողորմութեան յոբելենական տարիին, ինչպէս խնդրած էր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը: Ապա խորանին առաջ, բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթեցին ողորմութեան տարիին նուիրուած մասնաւոր աղօթքը:

damascus-2

Այնուհետեւ, ներկաները փութացին դահլիճ, ուր Գերապայծառ Տէրը կողքին ունենալով Արմաշ սրբազանը ու հայր Գէորգը, ընդունեցին շնորհաւորութիւնները ներկայ հաւատացեալներուն ու պետական պատասխանատուներուն, ապա Ր. Պասմաճեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀԿՄ.ի կազմակերպած Ս. Ծննդեան հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ փոքրիկներ իրենց ծնողներուն հետ, ՀԿՄ.ի խորհուրդի անդամներ, գլխաւորութեամբ հայր Գէորգ վրդ Պահէեանի: Ջահակիրներն ու պատանիները երգերով, պարերով, արտասանութիւններով ու նուագներով գեղեցիկ ու ջերմ մթնոլորտ ստեղծեցին, մասնաւորապէս պատանիներէն Հրայր Տէր Պետրոսեանի կիթառով գեղեցիկ նուագը ու Մարլա Սարգիսի հայկական մենապարը արժանացան ներկաներու գնահատանքին: Օրուան սպասուած հիւրը` Կաղանդ Պապան անակնկալ ժամանեց, ուրախացնելով փոքրիկները, շուրջպար բռնելով անոնց հետ, նուէրներ բաժնելով եւ ունկնդրելով անոնց Ս. Ծնունդի նուիրուած երգերն ու արտասանութիւնները: Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, յուսալով որ ասիկա կ’ըլլայ վերջին Ս. Ծննդեան տօնը որ կը նշուի Դամասկոսի մէջ պատերազմական անապահով ու անորոշ մթնոլորտի մէջ եւ գալիք տօները կը նշուին խաղաղ պայմաններու մէջ եւ անգամ մը եւս սուրիացիները կը վայելեն խաղաղութեան ու անվտանգութեան բարիքները:

damascus-3 

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ