Օրհնուած է Ձիթհանքով գիւղի նորակառոյց Կարմիր Աւետարան մատուռը

Օրհնուած է Ձիթհանքով գիւղի նորակառոյց Կարմիր Աւետարան մատուռը

12 յունուար 2016-ին, Անիի տարածաշրջանի Ձիթհանքով գիւղին մէջ, գիւղի կաթողիկէ հաւատացեալներու ներկայութեամբ օրհնուած է նորակառոյց մատուռ մը՝ ձեռամբ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Վրաստանի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ Արհի. Տ. Ռաֆայէլ արքեպս. Մինասեանի եւ առընթերակայութեամբ Գերպ. Հ. Նարեկ վրդ. Մնոյեանի, Ձիթհանքովի ժողովրդապետ Արժ. Տ. Նարեկ քհն. Թադեւոսեանի։

Մատուռը կառուցուած է ռուսաստանաբնակ ծնունդով նոյն գիւղէն՝ Արագած Պապոյեանի բարերարութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ: Մատուռը անուանած են Կարմիր Աւետարան, որ գիւղին մէջ պահուած հին աւետարանի մը անունով է: Այդ Կարմիր Աւետարանը գիւղ բերած են դեռեւս առաջին ներգաղթեալ հայ կաթողիկէները՝ Արեւմտեան Հայաստանի Ալաշկերտ գաւառէն, 1830-ականներուն: Յետագային Կարմիր Աւետարանը նուիրած են Էջմիածնի թանգարանին, ուր ան կը պահուի ներկայիս: Մատուռը ժամանակի ընթացքին կիսաւեր դարձած ըլլալով նոյն տեղը կառուցած են նորը, որ օրհնուեցաւ Գերապայծառ Տիրոջ ձեռամբ:

Մատռան օրհնութենէն յետոյ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսած է.

«Ուրախ եմ, որ օրհնեցինք այս մատուռը, որպէսզի ան ձեզի համար դառնայ ապաստարան՝ դժուարութեան մէջ եւ հոգեւոր կեանքի աղբիւր: Երբեմն գործի մէջ պէտք է յիշենք Աստուծոյ նուիրուած այն տուները, ուր կարենանք մեր սրտի սփոփանքը ստանալ: Կը շնորհաւորեմ ձեզ»:

Գիւղի ժողովրդապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազանին։

Նշենք որ Ձիթհանքով գիւղին մէջ կայ երկու գործող եկեղեցի՝ կաթողիկէ եւ առաքելական: Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցին կառուցուած է 1901-ին: Գիւղը ունի մօտ 1400 բնակիչ, որուն մօտ 30 տոկոսը կաթողիկէ է: