ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԱՍԵՐԸ ՔԱՂԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԻՆ ԴԻՄԱՑ

ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԱՍԵՐԸ ՔԱՂԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԻՆ ԴԻՄԱՑ

2016-ի Ապրիլը այս տարի նշանակալից դարձաւ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ զօրացած` հայկական պահանջատիրութեան նոր եւ յարաճուն ծաւալ ու որակ տալու յանձնառութեամբ երկրորդ հարիւրամեակ մուտք գործելու վճռականութիւնը արտայայտող ձեռնարկներով, այլ Ապրիլի 1-2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքին Ատրպէյճանին կողմէ ամէն չափի ու տեսակի ծանրագոյն զէնքերով սանձազերծուած նախայարձակումին հետեւանքով մեր հայրենի ազգաբնակչութեան անվտանգութեան սպառնալիքով, որ ոտքի հանեց ու զօրաշարժի ենթարկեց ողջ հայութիւնը։ Յայտնապէս, Ատրպէյճան երկար ժամանակէ ի վեր նախապատրաստած պլիցքրիկով կը յուսար ընկճել ու գլել Ղարաբաղի պաշտպանութեան դիրքերը։ Բայց, այդ դիրքերուն վրայ կանգնած 18-20 տարեկան հայորդիները, որոնք մեծ մասամբ իրենց մարտական մկրտութիւնն անգամ չէին ստացած, անօրինակ սխրանքներով, ապշեցուցիչ մարտունակութեամբ մը, շատերը իրենց կեանքի գնով դիմադրելով ձախողեցուցին ազերիական ուժերուն յառաջխաղացքը։ Անգամ մը եւս ցաւի եւ հպարտութեան արցունք թափեցին իրենց զաւակները Մայր Հայրենիքի սրբազան հողի պաշտպանութեան նուիրաբերած հայ մայրեր։

Այդ քառօրեայ պատերազմը պատճառ եւ առիթ դարձաւ հրապարակային փոթորկալի քննարկումներու եւ ասուլիսներու, յաճախ հակասական, տեղի-անտեղի եւ հրապարակաւ անասելի հետեւութիւններ կատարելու։ Քիչ մը բոլոր կողմերէն եւ բոլոր մակարդակներու վրայ հնչեցին քառօրեայ պատերազմին դասերը քաղելու դաս տուողներու ձայներ։ Բայց բոլորին համար անառարկելի մնաց այն իրողութիւնը որ այդ յառաջամարտիկները արժանաւոր ժառանգորդներն են Աւարայրի հաւատքի ու ինքնուրոյն գոյութեան ճակատամարտի հերոսածին նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքի գնով յաւերժագիր պարգեւեցին ազգին եւ ցոյց տուին անոր ազատ, անկախ եւ ինքնուրոյն գոյերթին ուղին, զոր այնուհետեւ, 15 դարեր ետք, իրենց հերոսական դիմադրութեամբ եւ ինքնապաշտպանական մաքառումներով ամրագրեցին Սարդարապատի մայիսեան յաղթանակը կերտող հայկական զօրաբաժիններուն հետ անոնց թիկունքին կանգնած համայն ժողովուրդը, ապա համաշխարհային ամենադաժան պատերազմին, Հայութեան համար՝ Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթական աւարտին մասնակից հայկական զօրաբաժինները։

Այս պատերազմներէն յաղթական վերադարձած սերունդներուն ծոռները, թոռներն ու զաւակներն են որ իրենց նախնիներուն յաղթանակները պսակեցին Շուշիի ազատագրութեամբ եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանական բանակի ստեղծումով։ Այս բանակի նորագիրներն են ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հերոսները։ Փառք ու պատիւ անոնց եւ զանոնք ծնող մայրերուն:

Եւ սակայն գոյապայքարը դեռ չէ աւարտած. զայն ամբողջական յաղթանակով պսակելու մարտահրաւէրին դիմաց կը գտնուինք այսօր ազգովին իբրեւ տասը միլիոննոց բանակ – ինչպէս կը յաւակնինք ներկայանալ – եւ ապացուցանել թէ քառօրեայ պատերազմին դասերը քաղած ենք։ Իրապէ՛ս քաղա՞ծ ենք թէ ոչ: Իրադարձութիւններուն – ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական, վարչարարական, տնտեսական, ընկերային – յառաջիկայ զարգացումները ցոյց պիտի տան։ Զարգացումները՝ իրենց շօշափելի եւ անյետաձգելի արդիւնքներով։

Մինչ այդ կոչուած ենք ցոյց տալու որ ազգը միայն օրհասական պահերուն, տարերային աղէտի կամ պատերազմի ժամանակ կամ ժողովասրահներուն մէջ եւ բեմերէն արտասանուած խօսքերով չէ որ միասնական է։ Բոլոր ժամանակներուն եւ բոլոր պայմաններուն տակ մեր միասնականութեան վկայութիւնը տալու ենք։ Կոչուած ենք տեւականացնելու եւ ամրագրելու զօրակցութիւնն ու միասնականութիւնը զորս համայն Հայութիւնը ցոյց տուաւ Արցախին եւ անոր հերոսական բանակին։

Մեր միասնականութեան անյաղթահարելի ուժին գիտակցելու հրաւէր մըն էր նաեւ՝ 12 Ապրիլ 2015-ի Սուրբ Պատարագը զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մատուցանեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով եւ որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերուն շուրջ համախմբեց ողջ հայութեան ներկայացուցիչները։ Հայութեան եւ Հայաստանին հանդէպ Սրբազան Պապին սիրոյ զգացումներուն արտայայտութիւնը պիտի հանդիսանայ դարձեալ՝ անոր յառաջիկայ այցելութիւնը Հայաստան, ուր վստահ ենք որ անկախ պաշտօնական արարողակարգերէն, ան պիտի արժանանայ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդի փոխադարձ սիրոյ եւ երախտագիտական զգացումներուն արտայայտութիւնը հանդիսացող համաժողովրդական ընդունելութեան։

Ս․ Ն․