ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ ԸՆՏՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՅՆ ԻՆՉՊԻՍԻՆ ՈՐ ԷՐ

ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏ ԸՆՏՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՐԵՔ ՏԱՐԻ ԵՏՔ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՅՆ ԻՆՉՊԻՍԻՆ ՈՐ ԷՐ

13 Մարտ 2016¬ին, Պուէնոս Այրէսի նախկին առաջնորդը՝ Կարդինալ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ բոլորեց աւելի քան մէկ միլիառ եւ երկու հարիւր միլիոն հետեւորդ հաշուող Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իր Քահանայապետ ընտրութեան երրորդ տարին։

Երեք տարի առաջ, կարդինալներու ժողովին կողմէ ընտրութենէն երեք օր ետք, 19 Մարտ 2013¬ին, համաշխարհային բեմին լուսարձակներուն հետ աշխարհի բոլոր ղեկավարներուն հարցական նայուածքները կեդրոնացած էին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, ուր մեծաշուք հանդիսադրութեամբ տեղի կ՛ունենար հրաժարեալ Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Պապի յաջորդին՝ 76 ամեայ կարդինալ Պերկոլիոյի գահակալութեան արարողութիւնը։ Ներկայ էին նաեւ եւ հայասէր յիսուսեան հոգեւորականին ընտրութիւնը ողջունեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եւ Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ներկայացուցիչը։

pope-1Այդ օր, իբրեւ Քահանայապետ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ասսիզացիի անուան որդեգրումը կը նախանշէր Բենեդիկտոս ԺԶ.ի յաջորդին քահանայապետութեան վարքագիծը։ Ֆրանչիսկոս ասսիզացին, ԺԲ.¬ԺԳ. դարերուն մեծահարուստ վաճառականի մը որդին, երես դարձնելով հօրենական հարստութեան՝ որուն ժառանգորդն էր եւ հրաժարելով աշխարհիկ կեանքէն, աղքատութիւն ուխտած եւ ամբողջ կեանքը աղքատներուն, լքեալներուն, անօգնական դասակարգին ծառայութեան նուիրած սուրբն է, հիմնադիրը Ֆրանչիսկեան միաբանութեան։ Ան ցնցոտիներ հագած մուրալով ծառայած է աղքատներուն։ Չէ վարանած գրկելու բորոտներ։ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին նաեւ ռահվիրան է միջ¬կրօնական երկխօսութեան։

Ասսիզացի սուրբին օրինակով գործած էր կարդինալ Պերկոլիօ Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Անոր օրինակով կը շարունակէ գործել ան Սրբազան Քահանայապետ ընտրութենէն երեք տարի ետք ալ՝ սակայն այս անգամ ընդարձակելով իր հովուական ծառայութեան դաշտը, իր հոգատար ուշադրութեան առարկան դարձնելով համայն աշխարհի թշուառութեան մէջ տուայտող միջավայրերն ու լուսանցքայնացուած դասակարգերը, անօգնական, հիւանդ, իրաւազրկուած, անտեսուած մարդիկը Արդարութեան ու Ճշմարտութեան տենչացող ժողովուրդները։

Քահանայապետ ընտրութենէն գրեթէ անմիջապէս ետք իտալական La Nacion թերթին շնորհած մէկ հարցազրոյցին մէջ, խօսելով իրեն յատուկ կենսակերպի մասին ըսած էր․- «Երբ ես եկայ այստեղ․․․ ես ինծի ըսի․ Մի՛ փոխուիր, շարունակէ ըլլալ այն ինչ որ եղած ես։ Այս պատճառով ալ շարունակեցի ընել այն ինչ կ՛ընէի Պուէնոս Այրէսի մէջ, գուցէ նոյնիսկ կրկնելով հին սխալներս․․․ ինչ որ փոփոխութիւն մտցուց արարողակարգերուն (Protocoles) մէջ, բայց ոչ պաշտօնական փրոթոքոլներուն մէջ, ես անոնց հանդէպ շատ ուշադիր եմ։ Պարզապէս ես ե՛մ այն ինչ որ եղած եմ»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ինքն իր մասին կատարած այս հաստատումին ամէնէն պերճախօս մէկ վկայութիւնը կը հանդիսանայ անոր հայանպաստ կեցուածքը, չըսելու համար հայասիրութիւնը՝ զոր ան ցուցաբերած էր Արժանթինի մէջ Կաթողիկէ թեմակալ առաջնորդի պաշտօնավարութեան շրջանին՝ Յիսուսեան Միաբանութեան համարեա բոլոր անդամներուն նման քաջածանօթ ըլլալով հայ ժողովուրդի պատմութեան, բռնագաղթին, գողգոթային, նահատակութեան վասն կրօնի եւ հայրենեաց, հայկական մշակոյթին եւ անոր յարութեան ու փառահեղ զարթօնքին։ Այդ օրերուն ան բազմիցս իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։

Յայտնապէս չէինք սխալած 2013-ի Ապրիլի 1-ին, «ՍԲ․ ՊԵՏՐՈՍԻ ԳԱՀԸ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ՓՈԽԵԼ ՅԻՍՈՒՍԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԻ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐԸ» խորագրին տակ պատասխանելով անոնց որոնք հարցականի տակ կ՛առնէին Ֆրանչիսկոս Պապին հաւատարմութիւնը նախքան Պապ ընտրութիւնը հրապարակաւ ցուցաբերած հայանպաստ կեցուածքին։ «Վստահ ենք որ – կը գրէինք – Սբ․ Պետրոսի Գահը չէ որ պիտի փոխէ յիսուսեան առաքեալին համոզումները եւ զգացումները, որքան ալ անոր զբաղեցուցած պաշտօնը Իրեն յաճախ թելադրեն զգուշաւորութիւն․․․։ Հայ ժողովուրդը, որուն հանդէպ նորընտրեալ Քահանայապետը իր համակրութիւնը զգացուցած է բազմաթիւ առիթներով, իրաւունք ունի ակնկալելու այդ համակրութեան շօշափելի արտայայտութիւնը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գերագոյն պետի գործունէութեան մէջ՝ մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին»։

pope-312 Ապրիլ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած մեծաշուք Սուրբ Պատարագը, Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը եւ այս առթիւ անոր արտասանած խօսքը հանդիսացան ոչ միայն Հայ ժողովուրդի ակնկալութեան ընդառաչումը, այլ ցնցեցին եւ դեռ կը շարունակեն ու պիտի շարունակեն ցնցել համաշխարհային հանրային կարծիքը, դարձան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջի անլռելի ղօղանջը։ Ֆրանչիսկոս՝ այս պահանջին հանդէպ ամէն անտարբերութիւն ցեղասպանութեան մեղսակցութեան համազօր նկատեց։

Այն ինչ որ 12 Ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հանդիսադրութեամբ ու հանդիսապետութեամբ՝ միաժամանակ «Համահայկական Գագաթաժողով» մըն էր որ կը գումարուէր Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի կամարներուն տակ եւ Սուրբ Նարեկացիի հայեացքին ներքեւ՝ մասնակցութեամբ հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ Հայութեան աշխարհական ու հոգեւոր բոլոր ղեկավարներուն անխտիր, գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի։ Երեւոյթը պատահական չէր, այլ արտայայտութիւնը Հայ ժողովուրդը միասնական ու միաբան տեսնելու Պապի մաղթանքին ու լուռ յորդորին։

Այսօր, Հայ ժողովուրդը հրաւիրուած է իր երախտագիտութիւնը արտայայտելու Ֆրանչիսկոս Պապին եւ ապացոյցը տալու քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունած առաջին ժողովուրդը միաբան, միասնական ու միակամ տեսնելու անոր մաղթանքն ու յորդորը իրականութիւն դարձնելու իր յանձնառութեան։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մօտալուտ այցելութիւնը Հայաստան պիտի հանդիսանայ լաւագոյն առիթը անոր հանդէպ Հայկական Պետութեան, Հայ Եկեղեցւոյ եւ համայն Հայութեան որդիական սիրոյ զգացումները արտայայտելու եւ երախտագիտութիւնը ցոյց տալու համաշխարհային բեմին խուզարկու լուսարձակներուն ներքեւ։

13 Մարտ 2016

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ