ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՐԱՆԻՆ «ՓԱՌԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ»

ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՐԱՆԻՆ «ՓԱՌԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ»

Վարդարանեան չորրորդ գրութիւնս կը շարադրեմ «Փառաւորութեան Խորհուրդներուն» մասին, որոնք յոյսի ու յաղթանակի խորհուրդներն են:

Անոնց առաջինն է «Յիսուսի յարութիւնը», որ հիմն է մեր կրօնին, քանի, կ՚ըսէ Ս. Պօղոս, «եթէ Քրիստոս յարութիւն չառաւ, մեր քարոզութիւնն ընդունայն է, ընդունայն է նաեւ ձեր հաւատքը» (1Կոր. 15,14): Յստակ է սահմանումը: Մեր հաւատքն ալ յստակ ըլլալու է:

Մօր հետ կը խորհրդածենք եւ կ՚ապրինք Որդիին յարութիւնը, որ ստոյգ երաշխիքն է մեր փառքին ու յաւերժութեան՝ Ամենասուրբ Երրորդութեան սիրոյ տունին մէջ:

Այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ով կ՚ընդունինք Փրկչին խօսքը.«Ես եմ Յարութիւնը, Ես եմ Կեանքը: Ինծի հաւատացողը, նոյնիսկ եթէ մեռնի, պիտի ապրի»
(Յվհ. 11,25):

Փառաւորութեան երկրորդ խորհուրդն է «Յիսուսի համբարձումը», որ խորհուրդն է յաւիտենական յոյսին ու վախճանին.«Որբ պիտի չձգեմ ձեզ: Նորէն պիտի գամ ձեզի» (Յվհ. 14,18):

Այսպէս յայտարարող Համբարձեալին մնայուն ներկայութիւնը կ՚ապրինք Տապանակին մէջ, Ս. Սեղանին վրայ, Ամենասուրբ Հաղորդութեամբ, որուն հանդէպ ուղիղ հաւատքը կը դարձնէ մկրտեալը ճշմարի՛տ քրիստոնեայ ու հարազա՛տ յիսուսական:

Այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ով, միշտ Մարիամի հետ, կ՚ուզենք ունենալ եւ ապրիլ մեր Մօր հաւատքն ու սէրը Որդիին ներկայութեան թէ՛ խորանին վրայ, թէ՛ երկնքին մէջ:

Փառաւորութեան երրորդ խորհուրդն է «Ս. Հոգիին գալուստը», որ Եկեղեցիին պաշտօնականացումն է, մարդերուն բարեփոխումն է եւ աշխարհին լուսաւորումն է:

Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով կնքեալներն ու Աստուած Ս. Հոգիին մեռոնով օծեալները կը կազմեն Եկեղեցին, որոնք կը յարատեւեն աղօթքին մէջ Յիսուսի Մօր՝ Մարիամի հետ՝ միշտ հայցելով, որ այսօր ալ դիպի հոգեգալուստը՝ լուսէջքը իրենց վրայ:

Այս տունին ամէն մէկ «Ողջոյն Քեզ»ով կը հռչակենք Մարիամը «Ս. Հոգիին Հարսը», որ Մայրն է Աստուծոյ ընտանիքին՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը դարձնելով վերնատուն մը պենտեկոստէական՝ զարդարուած պարգեւներով Աստուածային Երրորդ Անձին:

Փառաւորութեան չորրորդ խորհուրդն է «Մարիամի վերափոխումը», որուն պատմականութիւնը, ճշմարտութիւնը մշտանորոգ յիշեցումն է սուրբգրային այս վախճանական խօսքին.«Երանի՜ անոնց, որոնք հրաւիրուած են Գառնուկին հարսանիքին» (Յյտ. 19,9):

Հրաւիրեալներուն մէջ կրնանք ըլլալ, վարդարանն աղօթող ու անոր խորհուրդներուն վրայ մտածող, բայց յատկապէս անով եւ անոնց համաձայն ապրողներս՝ հաւատալով այս իրողութեան, թէ ո՛ւր Որդին է, հո՛ն Մայրն է, ու անոնց հետ վարդարանասացնե՛րս:

Մեր ըսած «Ողջոյն Քեզ»ին՝ Փրկչին կ՚ընծայենք վերափոխեալ Կուսամօր պաշտամունքն ու սէրը, որոնց մեր իւրացումով՝ հոս արդէն կը սկսի երկինքը մեզի համար:

Փառաւորութեան հինգերորդ խորհուրդն է «Մարիամի պսակադրումը», որ հաստատումն է Յիսուսի այս յայտարարութեան.«Այս է Հօրս կամքը: Որդին տեսնողը եւ Անոր հաւատացողը կ՚ընդունի յաւիտենական կեանքը, եւ Ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը» (Յվհ. 6,40):

Երկնաւոր Հօր կամքը կատարողներուն եւ Որդիին հաւատացողներուն անգերազանցելի Առաջինն է Մարիամ Սիրամայրը, որուն փառքին ելակէտ է Որդիին այս խօսքը.«Ինքզինքը բարձրացնողը պիտի խոնարհի եւ ինքզինքը խոնարհեցնողը պիտի բարձրանայ» (Մտթ. 23,12):

Սրտանց ըսած «Ողջոյն Քեզ»ով կը հայցենք Մօր Անարատ Սրտին յաղթանակը, որ Որդիին Սիրտը իշխէ ամենուրեք եւ «Աստուած թագաւորէ բոլորին մէջ» (1Կոր. 15,28):

Կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ, որ «Փառաւորութեան Խորհուրդներուն» մտածականով՝ մեր վարդարանն ըլլա՜յ ամենօրեայ ուղեգիծը, ճամբան դէպի Յաւերժը:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ