Ֆրանչիսկոս – Քիրիլ ողջագուրումը՝ պատմական եւ վճռորոշ զուգադիպութիւն մը…

Ֆրանչիսկոս – Քիրիլ ողջագուրումը՝ պատմական եւ վճռորոշ զուգադիպութիւն մը…

Քիրիլին ըսի. «Կու գամ ուր որ ուզես։ Դուն զիս կը կանչես եւ ես կու գամ»։ Այս բառերով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատասխան տուաւ ռուս լրագրողի մը 2014-ի նոյեմբերին, մինչ կը վերադառնար Թուրքիա կատարած այցելութենէն։ Պատահական ժամադրութեամբ մը, Քիրիլ Պատրիարքը, որ անձամբ հրաւիրուած էր Րաուլ Քասդրոյին կողմէ, 2016-ի փետրուար ամսուն կը ժամանէր Քուպա, մինչ Ֆրանչիսկոս կը գտնուէր Մեքսիք, Կաթողիկէ աշխարհի պատկանող երկիրներէն մէկը։ Հրաշքի պէս բան մըն էր զուգադիպութիւնը՝ երկու ղեկավարներուն հանդիպումը 12 փետրուարին, Հաւանա քաղաքը։

Այս պատմական զուգադիպութեան կարեւորութիւնը գիտնալու համար, հարկ է գիտնալ թէ ո՞վ է Քիրիլը։ Քրիստոնեայ աշխարհին միւս «հսկան», Քահանայապետին կողքին։ Պատրիարքը Մոսկուայի եւ ամբողջ Ռուսաստանի։ Ղեկավարը 150 միլիոն օրթոտոքս քրիստոնեաներու, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ օրթոտոքս հաւատացեալներուն։ Քիեւի մկրտութենէն ասդին, 988-էն սկսեալ, Վլատիմիր իշխանին օրերէն, Ուքրանիան դարձաւ օրրանը ռուս քրիստոնեաներուն, եւ այս պատմակրօնական տուեալը կը մնայ մինչեւ օրս պայքարի պատճառ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ։ Քիրիլ կ՛ընտրուի պատրիարք 2009-ին, եւ այդ օրէն կը ներկայանայ արեւմտեան աշխարհին որպէս լայնամիտ եւ արդիական անձնաւորութիւն մը: Կ՛աշխատի համագործակցութեան կապեր ստեղծել Պետութեան եւ Եկեղեցւոյ միջեւ, լրջօրէն կը զբաղի կրօնական, քաղաքական եւ բարոյական հարցերով։ Իր օրերուն Փարիզի մէջ կը հիմնէ Քադէտրալ, ընծայարան եւ մշակութային կեդրոն մը։ Այս բոլորը ապացոյց են Քիրիլի ուղղամիտ եւ ազատամիտ վարքագծին։

«Վերջապէս հանդիպեցանք։ Մենք եղբայր ենք։ Յստակ է որ այս պատահածը Աստուծոյ կամքն է»։ Այս բառերը արտասանեց Ֆրանչիսկոս Պապը երբ հանդիպեցաւ Քիրիլ Պատրիարքին, որ իր կարգին հետեւեալը ըսաւ. «Հիմա հարցերը աւելի յստակ են»։ «Վերջապէս»ը ճիշդ բառն էր, որ տեղին գործածուեցաւ, ոչ թէ որովհետեւ 1054 թուականէն մինչեւ օրս առաջին հանդիպումն էր որ կայացաւ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս Եկեղեցիներուն միջեւ, այլ՝ որովհետեւ առաջին հանդիպումն էր Սրբազան Քահանայապետի եւ ռուս օրթոտոքս Պատրիարքի միջեւ, որ կը ներկայացնէ 50 առ հարիւրը օրթոտոքս աշխարհին։ Պէտք է նշել թէ առաջին պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցած էր 1964-ին, Երուսաղէմ, Կոստանդնուպոլսոյ Աթէնակորաս օրթոտոքս Պատրիարքին եւ Պօղոս Զ. Պապին միջեւ։ Իսկ այսօրուան՝ Պարթոլոմէոս Պատրիարքը հանդիպած էր Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, վերջինիս գահակալութեան օրը։ Այն ինչ որ լեհը եւ գերմանացին՝ այսինքն սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը եւ Պենեդիկտոս ԺԶ. չկարողացան ընել, արժանթինցի յիսուսեանը կատարեց։ Թերեւս ռուսին համար աւելի դիւրին էր արժանթինցիին հետ հանդիպիլ, որ եկած էր նոր աշխարհէ մը, որ ո՛չ եւրոպական դրոշմ ունի եւ ո՛չ ալ կը պատկանի օրթոտոքս կամ կաթողիկէ աշխարհներուն։ Հիմնականօրէն 20-րդ դարուն սկիզբը կարելի չէր այսպիսի հանդիպում մը համայնավար տիրապետութեան պատճառաւ եւ անոր հետեւանքներով։ Ըսելու ենք նաեւ թէ Քիրիլ երբեք չէ փափաքած որ այս հանդիպումը տեղի ունենայ Եւրոպայի մէջ, որովհետեւ ըստ իրեն՝ Եւրոպան անցեալին եղած է բաժանումներու վայր մը։

Ֆրանչիսկոս եւ Քիրիլ հանդիպեցան մղուած քրիստոնեաներու կրած հալածանքներէն եւ ցաւերէն։ Քիրիլ մտահոգ էր Ուքրանիոյ օրթոտոքս քրիստոնեաներուն իրավիճակով, իսկ Ֆրանչիսկոս՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներու հալածանքներով եւ գաղթով։ Մոսկուան եւ Հռոմը ուզեցին միանալ այսօրուան նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։ Անոնք երկու ժամ խօսակցեցան որպէս եղբայրք, եւ աւարտին միացեալ յայտարարութիւն մը կատարեցին, միջազգային կոչ ուղղելով օգնելու համայն մարդկութեան։ Այս յայտարարութեան բովանդակութեան մասին խօսելով, Ֆրանչիսկոս Պապը մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Անկեղծ զրոյց մը կատարեցինք Պատրիարքին հետ, որպէս եղբայրք, սակայն նաեւ որպէս եպիսկոպոսներ, որոնք խօսեցան իրենց Եկեղեցիներուն մասին, ինչպէս նաեւ պատերազմներուն մասին որոնք կը վտանգեն ոչ թէ աշխարհագրական որոշ բեկորներ, այլեւ՝ ամբողջականութիւն մը»։

Նշելու ենք թէ 2015 ապրիլին երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը եղաւ Քիրիլ Պատրիարքին հանդիպող առաջին կաթողիկէ Պատրիարքը, Մոսկուայի մէջ։ Պատմական այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ բազմաթիւ մտահոգութիւններու փոխանակումին։ Այսօր կը տարուինք մտածելու թէ արդեօք այս հանդիպումը նախապատրաստութիւն մը չէ՞ր Պապին հանդիպումին Քիրիլի հետ։

Հ. ՍԵՊՈՒՀ ՎՐԴ. ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ