Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան յայտագիրը` 24 – 26 Յունիս 2016

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան յայտագիրը` 24 – 26 Յունիս 2016

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի մամուլի ծառայութիւնը եւ Ռատիօ Վատիկանը միաժամանակ հրապարակեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ Յունիս 24-26 Հայաստան կատարելիք այցելութեան յայտագիրը եւ ժամանակացոյցը։

Նորին Սրբութեան Հայաստան այցելութեան յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ Յունիս 24-ի առաւօտեան ժամը 9-ին Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն դէպի Երեւանի Զուարթնոց օդակայան թռիչքով։ Զուարթնոց միջազգային օդակայանին մէջ, ուր ժամանումը նախատեսուած է տեղական ժամով 15-ին, տեղի կ՛ունենայ դիմաւորութեան պաշտօնական արարողութիւն, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը կը մեկնի Մայր Աթոռ Սբ Էջմիածին ուր կը ժամանէ 15.35-ին եւ կը դիմաւորուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ, որուն հետ միասին անմիջապէս կ՛ուղղուի Մայր Տաճար, ուր տեղի կ՛ունենայ բարիգալստեան «Հրաշափառ»ի արարողութիւնը։

Նոյն օրը, երեկոյեան, Սրբազան Քահանայապետը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը կ՛ուղղուին նախագահական պալատ` Հանրապետութեան նախագահին քաղաքավարական այցելութիւն տալու համար։

Նախագահական պալատի կեդրոնական դահլիճին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։ Այս առթիւ, Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարի գալուստի խօսք կ՛արտասանէ Նորին Սրբութեան, ապա Քահանայապետը բոլոր ներկաներուն կ՛ուղղէ իր ողջոյնի խօսքը։

Հանրապետութեան նախագահին տուած պաշտօնական այցելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուր առանձնական հանդիպում կ՛ունենայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ․ի հետ եւ այս հանդիպումով կ՛աւարտի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կեցութեան առաջին օրուայ յայտագիրը։

Շաբաթ 25 յունիս 2016-ի օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան 8,45-ին Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան այցելութեամբ եւ հայոց նահատակաց յարգանքի տուրքով։ Ապա Նորին Սրբութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ կ՛ուղղուի Երեւանի օդակայան որտեղէն կը մեկնի Կիւմրիի օդակայան ուր կը ժամանէ 10.35-ին եւ Վարդանանց հրապարակին վրայ կը մատուցանէ սուրբ եւ անմահ պատարագը մասնակցութեամբ աւելի քան 15 հազար հաւատացեալներու։ Այնուհետեւ, ան կ՛այցելէ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստանի» կուսաստան։

25 Յունիսի յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Առաքելական Եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդանիստ` Եօթ Վէրք Սբ․ Աստուածածին Եկեղեցին եւ Կիւմրիի Կաթողիկէ Հայոց Սրբոց Նահատակաց Առաջնորդանիստ Եկեղեցին եւ հրաժեշտ առնելով Կիւմրիէն օդանաւով կը վերադառնայ Երեւան ուր կը ժամանէ 18-ին եւ անմիջապէս կ՛ուղղուի Հանրապետութեան հրապարակ ուր կը գլխաւորէ Խաղաղութեան համար համամիութենական աղօթքի էքիւմենիք արարողութիւնը, որմով կ՛աւարտի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուան յայտա-գիրը։

Կիրակի 26 յունիս 2016-ին Նորին Սրբութիւնը Հայաստան այցելութեան երրորդ ու վերջին օրուայ օրակարգը կը սկսի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին ու անոր ընկերացող եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպումով որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ կը մասնակցի Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսին մատուցած հայրապետական սուրբ զոհին որուն ընթացքին ողջոյնի ուղերձ մը կ՛արտասանէ ներկաներուն։

Արարողութեան աւարտին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՛ունենայ Համամիութենական ճաշ մասնակցութեամբ Քահանայապետին, Կաթողիկոսին, Հոգեւոր Տիրոջ, Հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ու Քահանայապետին ընկերացող պատուիրակութեան։

Համամիութենական ագապի աւարտին եւ նախքան Էջմիածինէն հրաժեշտ առնելը Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարերարներուն եւ պատուիրակներուն հետ, ապա նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Գարեգին Բ․ի միասնական յայտարարութեան ստորագրութիւնը որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը մեկնի Խոր Վիրապ, ուր աղօթելէ ետք Հայոց Սուրբին սրբավայրին մէջ հրաժեշտ կ՛առնէ ներկաներէն եւ կ՛ուղղուի Երեւանի Զուարթնոց օդանաւակայան ուր նախատեսուած է հրաժեշտի արարողութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը Զուարթնոց օդակայանէն թռիչք կ՛առնէ 18,30-ին եւ կ՛ուղղուի դէպի Հռոմի` Չամփինօ օդակայան, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 8,40-ին։