Հայ Կաթողիկէ երիտասարդական ու պատանեկան միութիւնները եւ վարժարաններու աշակերտները խրոխտ քայլարշաւով ոգեկոչեցին նահատակներուն յիշատակը

Հայ Կաթողիկէ երիտասարդական ու պատանեկան միութիւնները եւ վարժարաններու աշակերտները խրոխտ քայլարշաւով ոգեկոչեցին նահատակներուն յիշատակը

Առաջնորդութեամբ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Հայր Գէորգ Ասատուրեանին՝ զոր կը շրջապատէին ժողովրդապետները, հայ կաթողիկէ վարժարաններու հոգեւոր վարիչները, մայրապետներ, Զմմառու դպրեվանքի նորընծաներ, տնօրէններ եւ համայնքին երեւելիներ, Հայ կաթողիկէ երիտասարդական ու պատանեկան միութիւնները եւ վարժարաններուն աշակերտները Ապրիլի 22-ի երեկոյեան ժամը 8-ին, Պուրճ Համուտի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիէն մինչեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան երկարող խրոխտ քայլարշաւով մը ոգեկոչեցին Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակը։ Անոնք քալեցին ՀԿՄ․ի շեփորախումբին հնչեցուցած հայրենասիրական եղանակներու կշռոյթով եւ Սբ․ Մեսրոպի արիներուն բարձրացուցած ջահերով։

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան իրենց ժամանումին, քայլարշաւին մասնակիցները դիմաւորուեցան հոն համախմբուած հայորդիներով, որոնց առաջին շարքերուն վրայ ներկայ էին պետական ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։


23-2

23-3Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, զոր հնչեցուց շեփորախումբը, հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան ներկայացուցիչ Շաղիկ Պելիքերեքեան։ Ան դիտել տուաւ որ դար մը ետք անգամ թուրքը չէ փոխած իր բարբարոսավայել դիմագիծը զոր անգամ մը եւս ցոյց տուաւ Ղարաբաղի վրայ կատարած յարձակումով եւ գազանային արարքներով։ Սակայն, ինչպէս անցեալին, ան դարձեալ ձախողեցաւ։ Հայ ժողովուրդը՝ աւելի քան երբեք միասնական, ցոյց տուաւ իր յաղթական երթը եւ իր անժամանցելի իրաւունքներուն տէր կանգնելու անսասան վճռակամութիւնը։

Այնուհետեւ խօսք առնելով, Սիպիլա Մալեան Փաջանեան իր կարգին դի23-4տել տուաւ որ Թուրքիա անպատկառօրէն կը շարունակէ 101 տարիներ առաջ Կիլիկիոյ իր բնօրրանին մէջ ապրող եւ խաղաղօրէն ստեղծագործող հայ ժողովուրդին դէմ գործած ցեղասպանութիւնը, արհամարհելով զինք ամբաստանեալի աթոռին նստեցնող վկայակոչութիւնները, մարդու ամէն իրաւունք, զինք զգաստանալու հրաւիրող կոչերը եւ օգտուելով տարբեր պետութիւններու շահադիտական լռութենէն։ Այս պատճառով ալ Արցախի մէջ Հայութիւնը կ՛ապրի միեւնոյն մղձաւանջը, այս անգամ տարբեր տարողութեամբ ու տարազով։ Պատմութեան ընթացքին – յարեց ճառախօսուհին – Հայութիւնը ոչ ոքի իրաւունքը խլած է, սակայն երբ ուրիշը փորձած է իր իրաւունքները խլել, ան մէկ բռունձք դարձած նետուած է պայքարի դաշտ պաշտպանելու համար իր հողն ու հայրենիքը, իր հաւատքը` ինքնութիւնն ու գոյութիւնը։ Ան այսօր աւելի քան երբեք կոչուած է միեւնոյն միասնականութեամբ շարունակելու իր ինքնապաշտպանական պայքարը։

ԿՌՈՒՆԿ պատրիարքական երգչախումբը իր կատարումներով եւ յատկապէս «Կիլիկիա»յով յուզեց եւ ոգեւորեց ներկաները։

23-5Ապա, արաբերէնով բոցաշունչ ելոյթ մը ունեցաւ Պէյրութի Լա Սաժես Համալսարանի քաղաքակրթութեան բաժանմունքի տնօրէն Հայր Քամիլ Մուպարաք։ Ան ըսաւ թէ օսմանեան կայսրութիւնն ու երիտասարդ թուրքերը, որոնք անմարդկային պայքար մղեցին ու կը շարունակեն մղել հայերուն եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն դէմ, չկրցան ընկճել հայ ժողովուրդի ազգային ոգին, որովհետեւ Հայութիւնը կառչած մնաց իր հաւատքին, լեզուին եւ ազգային արժէքներուն, եւ հարիւր տարի յաղթականօրէն գոյատեւեց իր հայրենիքէն դուրս։ Ճառախօս վարդապետը հաստատեց թէ թուրքերը միշտ ալ փորձած են բնաջնջել հայկականութեան ամէն հետք, սակայն չարաչար ձախողած են, որովհետեւ Հայութիւնը տէր կանգնած է իր իրաւունքներուն, ժառանգութեան եւ զանոնք փոխանցած է սերունդէ սերունդ։ Ան հաւաստիացուց որ Թուրքիոյ պատմութիւնն ու ներկան իրեն իրաւունք չեն տար քաղաքակիրթ երկիրներու շարքին դասուելու:

Հաւաքը իր հայրական օրհնութեամբ փակելէ առաջ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը իր խօսքին մէջ խաղաղութիւն ու սէր մաղթեց ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ բոլոր ժողովուրդներուն համար։ Ան կոչ ըրաւ նորահաս սերունդներուն, հաւատքով, սիրով եւ յոյսով շարունակելու իրենց երթը։

23-6

Միանալով Հոգեւոր Տիրոջ աղօթքին, ներկաներու ձայնակցութեամբ ԿՌՈՒՆԿ երգչախումբը հնչեցուց ՀԱՅՐ ՄԵՐը եւ ապա հաւաքը փակուեցաւ շեփորախումբին հնչեցուցած «Սարդարապատ» յաղթ-երգով։