Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակի նշումը Դամասկոսի մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակի նշումը Դամասկոսի մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակի նշումը  Դամասկոսի մէջ կատարուեցաւ մեծ շուքով: 22 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ Առաքելական Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ,  Նահատակաց յուշակոթողին առաջ, Հայոց թեմի Առաջնորդ Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեան`  իր կողքին ունենալով Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանը, Առաջնորդ Դամասկոսի կաթողիկէ Հայոց, քահանայ հայրերն ու հոգեւորական դասը, կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան  Սուրբ Նահատակներուն նուիրուած փառաբանութեան աղօթքը, ապա Ս. Միւռոնով օրհնեց Սուրբ Նահատակներու սրբապատկերը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ դամասկահայեր, գլխաւորութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արշակ Փօլատեանի ու հայրենի դիւանագէտներուն, դոկտ. Նորա Արիսեանին, Սուրիոյ խորհրդարանի Դամասկոսի նորընտիր երես-փոխան, ինչպէս նաեւ հայկական միութիւններու պատասխանատուներուն: Այնուհետեւ ներկայ բազմաթիւ ժողովուրդը, գլխաւորութեամբ ՀԿՄ.ի, ՀՄԸՄ.ի  եւ ՀՄՄ.ի փողերախումբերու,  յատուկ պատրաստուած մոմերը վառելով, ուղղուեցան դէպի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի։ Քայլարշաւը կ’առաջնորդուէր Սուրիոյ ու Հայաստանի դրօշակներով, իսկ հոգեւորականներու դասին առաջ երկու սկաուտներ կը տանէին Ս․ Նահատակաց օծուած սրբապատկերը։ Տեղին է նշել թէ մեծ թիւով լրատուամիջոցներ, հեռատեսիլի կայաններ կը հետեւէին մոմավառութեան քայլարշաւին, իսկ «Նուր ալ Շամ» պետական կայանը ուղղակի կը սփռէր միջոցառումը: Տպաւորիչ էր քայլարշաւը, որուն մասնակիցները բարձրացուցած էին   պաստառներ,   զանազան   լոզունգներով,  երախտագիտութիւն   յայտնելով Սուրիոյ, յիշելով մեր Ս. Նահատակները ու բողոքելով Թուրքիոյ դէմ որ կ’ուրանայ իր ոճիրը ու 101 տարի ետք բացասական դերակատարութիւն կ’ունենայ սուրիական տագնապի այս օրերուն, օժանդակելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն որոնք նոյնպիսի գազանային արարքներ կը գործեն: Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բակին մէջ, Նահատակաց յուշակոթողին առաջ, Գերապայծառ տէրը, Հայր Գէորգ վրդ. Պահէեանը ու ներկայ հոգեւոր հայրերը կատարեցին նահատակներու յատուկ աղօթք մը: Փողերախումբերու ազգային նուագներու ընկերակցութեամբ ներկայ բազմաթիւ հայորդիները ուղղուեցան դէպի «Ամինեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ, գեղարուեստական պատշաճ յայտագրով։ Հնչեցին ասմունքներ, նուագներ, կատարողութեամբ դամասկահայ միութիւններու անդամներու, ինչպէս նաեւ կենդանի պատկեր մը նուիրուած սուրիական պատերազմի օրերուն նահատակուած դամասկահայ երիտասարդներու։ Հսկումի երեկոյի ընթացքին խօսքեր արտասանեցին Արհիապատիւ Տ․ Յովսէփ եպս․ Առնաութեանը, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան դոկտ․ Արշակ Փօլատեանը, իսկ փակման խօսքը կատարեց Գերաշնորհ Տ․ Արմաշ եպս․ Նալպանտեանը։ Իրենց խօսքերուն մէջ, Առաջնորդ հայրերն ու յարգարժան դեսպանը նշեցին մեր պահանջատիրութեան անժամանցելի ըլլալու իրողութիւնը, երախտագիտութիւն յայտնեցին Սուրիոյ ու արաբական երկիրներուն, ուր հայ ժողովուրդի ջարդէն ճողոպրած խլեակները կարողացան ապրիլ, կազմակերպուիլ ու յաղթահարել մահը, շնորհիւ ասպնջական արաբ ժողովուրդին։ Անոնք հաստատեցին թէ 100 ամեակէն ետք նոր հանգրուան մը սկսած է։ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը սգատօն մը չէ այլեւս այլ փառատօն, որ մեզ պիտի առաջնորդէ մեր Ս․Նահատակներու հովանաւորութեամբ, միասնական ուժերով ամրացնելու մեր անկախ հայրենիքը ու գոյատեւելու Սփիւռքին մէջ, շէն ու բարգաւաճ գաղութներով։ Յիշենք այստեղ որ Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակի յիշատակման ձեռնարկները կազմակերպուած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ոգեկոչման Դամասկոսի մարմնին ու երիտասարդական յանձնախումբին կողմէ, որուն մաս կը կազմեն դամասկահայ բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Տ․Արմաշ եպս․ Նալպանտեանի։ 

damascus-02

Կիրակի 24 ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, Դամասկոսի Ս․Սարգիս ու Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան Ս․Պատարագներ ու յատուկ աղօթքներ Հայոց Ցեղասպանութեան 101 ամեակի յիշատակութեան առթիւ, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 6։30-ին, Դամասկոսի «Էլ Ասատ» օփերայի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 100 ամեակի մարմնին կազմակերպած «Երախտապարտ եմ քեզ Սուրիա» խորագրով աննախընթաց հանդիսութիւնը, որպէս ամփոփում ու փակում Դամասկոսի մէջ Հայց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նուիրուած միջոցառումներուն։ Հանդիսութիւնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը ու ներկայութիւնը Սուրիոյ Մշակոյթի նախարար տիար Իսամ Խալիլի, ինչպէս նաեւ ներկայութիւնը Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ տիար Մուհամմէտ Ժիհատ Էլ Լահհամի, Բնապահպանութեան նախարարուհի տիկին Նազիրա Սարգիսի, նորընտիր երեսփոխան դոկտ․ Նորա Արիսեանի ու բազմաթիւ երեսփոխաններու, պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու, օտար դիւանագէտներու ու հոգեւորականներու։

damascus-03

Դամասկահայութիւնը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայ ժողովուրդի արաբ բարեկամներ, փութացած էին սրահ ներկայ գտնուելու սոյն պատմական հանդիսութեան։ Հանդիսութեան ընթացքին, ներկայացուեցան յատուկ պատրաստուած տեսաֆիլմեր Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական տուեալներու, Սուրիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողները ներկայացնող ու այն երկիրներու ու կազմակերպութիւններու մասին որոնք ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութեան անժխտելի իրականութիւնը։ Մէջ ընդ մէջ ներկայացուեցան կենդանի վկայութիւններ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապրած սուրիացի ականաւոր անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ սուրիացի ժամանակակից մտաւորականներու` հայոց
ու հայերու տառապանքին մասին։ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան «Մեղրի» պարախումբը մատուցեց տպաւորիչ պար մը։ Խօսքերով ելոյթ ունեցան Արհի․Յովսէփ եպս․Առնաութեանը, մտաւորական ու Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ․ Նապիլ Թոմէն, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան դոկտ․ Արշակ Փօլատեանը, իսկ փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Տ․ Արմաշ եպս․ Նալպանտեանը։ Խօսքերը կեդրոնացան Սուրիոյ հանդէպ հայ ժողովուրդի երախտագիտութեան վրայ, երկիր ուր հայերը վերապրելով Մեծ Եղեռնի արհաւիրքներէն, ունեցան ամէն տեսակի ազատութիւն ու կարելիութիւն, որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ պահելու իրենց ազգային ինքնութիւնը ու մասնակից դառնալու երկրի զարգացման ու վերելքին։ Հնչեցին նաեւ խիստ քննադատութիւններ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ու հակահայ արարքներու մասին։ Խօսքերու, ինչպէս նաեւ ցուցադրուած ֆիլմերու մէջ ընդգծուեցաւ այն իրողութիւնը որ Սուրիոյ տագնապի այս օրերուն, հայութիւնը, ինչպէս Սուրիոյ ժողովուրդի այլ հատուածներ, կրեցին մեծ վնասներ, մարդկային ու նիւթական, հոգեւոր ու ազգային։ Կառոյցներ ու հաստատութիւններ, սրբավայրեր հիմնայատակ քանդուեցան, ինչ որ պատճառ դարձաւ որ շատ մը հայորդիներ պարտադրուին գաղթելու ու լքելու երկիրը, բայց կայ այն հաստատակամութիւնը թէ հայութիւնը որպէս այս երկրին կարեւոր մասնիկը պիտի շարունակէ գոյատեւել ու մեկնողներէն շատեր պիտի վերադառնան երբ հաստատուի այնքան սպասուած խաղաղութիւնը։ Երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան խօսքը ուղղուած էր նաեւ Սուրիոյ կառավարութեան ու նախագահ դոկտ․Պաշար Էլ Ասատին որու հովանաւորութեան տակ կատարուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի բոլոր միջոցառումները ու 100 ամեակի մարմնին տրուեցաւ ամէն կարելիութիւն լաւագոյնս կազմակերպելու յիշատակման ձեռնարկները, մինչ սուրիական պետական լրատուամիջոցները ու հեռատեսիլի կայանները, լաւագոյնս մեկնաբանեցին ու լուսաբանեցին Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, բազմաթիւ ծրագիրներ ու տեսաֆիլմեր պատրաստելով այս ուղղութեամբ։ Ի վերջոյ Սրբազան Հայրը, Գերապայծառ Տէրն ու պրն․Դեսպանը, մասնաւոր պատրաստուած յուշանուէրներով պատուեցին հանդիսութեան հովանաւոր մշակոյթի նախարարը, խորհրդարանի նախագահն ու բնապահպանութեան հայազգի նախարարուհին, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ անձնաւորութիւններ։ Տեղին է նշել թէ սոյն հանդիսութիւնը արժանացաւ մեծ ուշադրութեան Սուրիոյ պետական մարմիններու կողմէ ու անգամ մը եւս հաստատուեցաւ թէ սուրիահայ համայնքը անբաժան մասնիկն է այս երկրին ու երբեք չի մոռնար Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին հոգատարութիւնը հայութեան ամենադժնդակ օրերուն։ Հանդիսութեան աւարտին դոկտ․ Արշակ Փօլատեան ներկաներուն համար ստորագրեց օրինակներ իր արաբերէն լեզուով նորատիպ գիրքէն` «Օտար վկայութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Օսմանեան կայսրութեան մէջ»։

 

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ