ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԸ

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԸ

ՀԿՀՄ-ը արդէն 20 տարեկան է: Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութիւնը, որպէս համայնքային կազմակերպութիւն, քսան տարիներէ ի վեր իր երդիքին տակ կը համախմբէ համալսարանական թէ համալսարանաւարտ երիտասարդներ, զանոնք մղելով հաւաքական ծառայութեան Եկեղեցիին, իրենց ազգին ու համայնքին, տարածելով քրիստոնէական ու ազգային արժէքները:

Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ի երեկոյեան, Տպայէի «La Marina Club»ի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԿՀՄ-ի տարեկան ընթրիքը, որուն ընթացքին նշուեցաւ Միութեան 20-ամեակը: Միջոցառումը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ արհիապատիւ հայր Գէորգ Ասատուրեանի, իսկ նախագահութիւնը՝ Լիբանանի մօտ Սալվատորի հիւպատոս՝ տէր եւ տիկին Սարգիս Սերայտարեաններու:

Օրուան հանդիսավար Սարին Քէշիշեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք բեմ հրաւիրեց Միութեան ատենապետ՝ Արամ Գարատաղլեանը, որ իր խօսքին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց գերապայծառ հօր՝ իր նեցուկին համար, եւ օրուան նախագահին՝ իր աջակցութեան համար: Գարատաղլեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Միութեան առաքելութիւնը, նպատակն ու նուաճումները: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր բարերարներուն եւ ՀԿՀՄ-ի ընտանիքի անդամներուն, որոնք իրենց քաջալերանքով կ՚օժանդակեն Միութեան յառաջընթացին:

hghm2

Ընթրիքին մթնոլորտը աւելի հաճելի դարձուց Օրդ. Ռիթա Աստիքեանը, ջութակի նուագի ընկերակցութեամբ: ՀԿՀՄ-ի քսան տարիներու գործունէութիւնը խտացնող տեսահոլովակով ներկաները հետեւեցան Միութեան անցեալի պատմութեան ու ներկայի ծրագիրներուն:

Քսանամեակի առիթով պարգեւատրուեցան Միութեան հիմնադրութենէն ի վեր իրերայաջորդ վարչութիւններու 5 ատենապետները՝ Կրէկուար Գալուստը, Միհրան Նաճարեանը, Մարալ Աթէշեանը, Ճօ Զուլիքեանը եւ Դալար Աթէշեանը, ինչպէս նաեւ Միութեան հոգի եւ ընդհանուր ուղղութիւն տուած անոր երբեմնի հոգեւոր վարիչները՝ գերյարգելի հայրեր՝ Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեանը եւ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը:

Կարկանդակի հատումէն ետք, գերապայծառ Ասատուրեան խօսք առնելով մասնաւորապէս դրուատեց ՀԿՀՄ-ի դերը եւ լուսարձակի տակ առաւ հայկական միութիւններու առաքելութիւնը եւ անոնց աշխատանքին կարեւորութիւնը: Ան նաեւ ընթերցեց քսանամեակին առիթով Սրբազան Քահանայապետին ուղարկած շնորհաւորագիրը: Իր կարգին, օրուան նախագահը խօսք առնելով գնահատեց ՀԿՀՄ-ի կատարած աշխատանքը լիբանանահայ գաղութէն ներս եւ անոր մաղթեց յարատեւ վերելք եւ բարգաւաճում:

Քսան տարիներու ընթացքին, ՀԿՀՄ-ի գոյութիւնն ու յառաջընթացը ապահովուած են շնորհիւ նուիրեալ եւ կամաւոր միութենականներու, ինչպէս նաեւ շնորհիւ այն բարերարներուն, որոնք իրենց նիւթաբարոյական անվերապահ օժանդակութեամբ թիկունք կանգնած են Միութեան: Քսանամեակի ուրախ առիթով կատարուած նուիրատութիւններով գոյացաւ քսան միլիոն լիբանանեան ոսկիի գումար մը:

Մտերմիկ երեկոյեան աւարտին ներկաները մեկնեցան գարունը խորհրդանշող գունաւոր ծաղիկներով: