Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց

Տօնահանդէս Սրբոց Վարդանանց

Հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կողմէ կազմակերպուած աւանդական Վարդանանց տօնահանդէսը տեղի ունեցաւ 3 փետրուար 2016, չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 8-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս արհիապատիւ Հայր Գէորգ Ասատուրեանին։ Այս տօնահանդէսին ընդմէջէն Վարդանանց սրբազան Կտակին իրենց հաւատարմութիւնը արտայայտելու եկած հայորդիներով լեցուն սրահին առաջին շարքերուն վրայ ներկայ էին մասնաւորաբար արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, կրթական մարզի եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։

«Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբին կողմէ՝ Լիբանանի եւ Հայաստանի օրհներգներու կատարումէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց տիկին Մարալ Հարպոյեան։ Մեկնելով օրուան «Չփախչիլ Աւարայրէն» կարգախօսէն, հաղորդավարուհին Վարդանանց յիշատակի ամենամեայ ոգեկոչումին մէջ տեսաւ վկայութիւնը հայ ժողովուրդին հաւատարմութեան՝ Վարդանանց Ուխտին։

Տօնահանդէսին պատգամախօսն էր Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ հայր Խաչիկ վրդ. Գույումճեան, որ հայ նորահաս սերունդներուն հետ երկխօսութեամբ մը ցոյց տուաւ Աւարայրի դաշտին վրայ Վարդանի եւ իրեն զինակից ազատամարտիկներուն՝ վասն կրօնի եւ հայրենեաց նահատակութեամբ փոխանցուած պատգամը, որ կը շարունակէ հնչել աւելի քան 15 դարերէ ի վեր։

Օրուան խորհուրդը արտայայտող գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Բլբուլ» մանկապատանեկան եւ Արծիւեան երգչախումբերը, Մանուէլ Քէշիշեանի խմբավարութեամբ կատարելով «Իբրեւ Արծիւ», «Բամբ Որոտան», «Հիմի էլ լռենք» երգերը եւ Վարդանաշունչ երգաշար մը։ Ներկայացուեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդութեան կողմէ իրագործուած Սուրբ Ծննդեան բարեսիրական ծրագրին տեսաերիզը՝ պատրաստութեամբ Արամ Գարա-տաղլեանին։

Տօնահանդէսին փակումը կատարելով՝ արհիապատիւ Հայր Գէորգ եպիսկ․ Ասատուրեան ըսաւ որ Վարդանանք իրենց նահատակութեամբ վկայեցին թէ «մահ իմացեալ անմահութիւն է», որովհետեւ անոնք իրենց մահուամբ յաւերժագիր տուին Հայ ժողովուրդին, մեզի տուին իրաւունքը յաւերժ գոյատեւելու մեր Լուսաւորչեան Հաւատքով եւ ազգային արժէքներով։ Հուսկ, գերապայծառ Հայրը կոչ ըրաւ նորահաս սերունդին հաւատարիմ մնալու ազգային ու կրօնական այն արժէքներուն զորս ժառանգ ստացած ենք մեր բոլոր ժամանակներու նահատակներէն եւ որոնք կը կազմեն մեր ինքնութեան յատկանիշերը։

4 Փետրուար 2016, չորեքշաբթի առաւօտեան, «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան Վարդանանց յիշատակի ոգեկոչման հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցանեց եւ քարոզեց «Սուրբ Փրկիչ» Եկեղեցւոյ մէջ։