Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմի հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմի հանդիպումը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ

Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի գործունէութեան 50-րդ յոբելեանի նախօրեակին, Չորեքշաբթի 25 Մայիս 2016-ին, Վատիկանի ձայնասփիւռի Հայկական բաժնի անձնակազմը, շնորհիւ Ռատիովատիկանի տնօրէնութեան ներկայացուցած յատուկ խնդրանքին, առիթը ունեցաւ մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան, ապա Նորին Սրբութեան հետ ունենալու հակիրճ հանդիպում մը։

Արդարեւ, հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Հայկական բաժնի անձնակազմի անդամները եւ անոնց ընկերացող ընտանեկան պարագաները, ի շարս այլ հաւատացեալներու եւ եկեղեցական անձնաւորութիւններու, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ձեռնուելով առանձնական հակիրճ զրոյց մը ունեցան անոր հետ։

Այս առթիւ անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Քահանայապետին յառաջիկայ 29 մայիսին նշուելիք Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով շնորհած այս յատուկ ունկնդրութեան համար, ապա Անոր վստահեցուցին համայն հայ ազգին սէրը, գորովը եւ ուրախութիւնը` յառաջիկայ 24-26 յունիսին Հայաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար։

“Հայ Ժողովուրդը` առաջին քրիստոնեայ ազգը, ձեզ կը սպասէ սրտբաց” յայտնեցին Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի լրագրողները։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց հայկական բաժնի խմբագրութեան անձնակազմը յարատեւելու իրենց Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետին ի սպաս մատուցած ծառայական առաքելութեան մէջ ու քաջութեամբ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները` ըլլայ աշխատանքային, ըլլայ առօրեայ կեանքի ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու յատկապէս աղօթեն Հայաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան համար։