ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ՝ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼ

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ՝ ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԱԼ

Անցնող երեք տարիներու ընթացքին շատ բան ըսուեցաւ ու գրուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի մասին, ընդհանրապէս՝ գնահատական, դրուատալից ու հիացմունքով թաթաւուն։ Անոր ցուցաբերած մօտիկութիւնը աղքատներուն, թշուառներուն, զրկեալներուն, հոգատար ուշադրութիւնը՝ լուսանցքայնացուած խաւերուն, ընկերային անարդութեան եւ հակամարդկայնական վիճակներու զոհերուն, սովահարութենէ եւ մահուան վտանգէն փախչող գաղթականներուն, իրաւազրկուած հասարակութիւններուն, անոր հրապարակային անսպասելի արարքները, փրոթոքոլային կարգի անակնկալ խախտումները, ապա՝ Վատիկանէն ներս՝ նորամուծութիւններն ու նորամտութիւնները, ինչպէս նաեւ իր անմիջական շրջապատէն ներս իսկ աւանդութիւններ սարսող եւ Եկեղեցւոյ համար թապու երեւոյթներ հրապարակային քննարկման առարկայ դարձնող խստադատ ելոյթները, այս բոլորը խօսեցան մասսաներու սրտին եւ ամէն օր զինք քիչ մը աւելի մօտեցուցին ոչ միայն ի՛ր ժողովուրդին, այլեւ խաղաղութեան, մարդկայնականութեան ու բարօրութեան կարօտ միջազգային հասարակութեան։

Այդ միեւնոյն հասարակութիւնը ղեկավարել յաւակնող շրջանակներէ ներս, սակայն, Ֆրանչիսկոս Պապին վերագրուեցաւ «քաղաքական դերակատարութիւն մը» անոնց կողմէ որոնք նաեւ հետեւեցան օրուան Աւետարանէն քաղուած անոր ամենօրեայ քարոզներուն ու խորհրդածութիւններուն, ուր Աւետարանին պատգամը, անոր ցուցմունքները պատշաճեցնելով ժամանակակից աշխարհին, մատնանշեց, խստիւ դատապարտեց ու սրբագրել պահանջեց ընկերութիւնը եւ անոր բոլոր դասակարգերը կրծող ու տագնապեցնող յոռի բարքերը, զանոնք ընկճող երեւոյթները, վատառողջ պայմանները, աղտոտ դրամն ու իշխանատենչութիւնը, մարդու շահագործումը մարդու կողմէ։ Անոր «քաղաքական տարազ» հագցնել փորձեցին մանաւանդ անոնք որոնք հետեւեցան անոր հաշտարար ու խաղաղասիրական միջամտութիւններուն ի խնդիր միջազգային լարուած իրավիճակներու հանդարտեցումին, հակամարտ երկիրներու ու անոնց ղեկավարներուն միջեւ մերձեցումին եւ երկխօսութեան հաստատումին։

pope-5

Մինչդեռ, ամէն ինչ որ ըսաւ ու ըրաւ Պապը՝ քաղաքական դերակատարութիւն չէր, այլ մարդկայնականութիւն։ Ան ցոյց տուաւ որ Եկեղեցին, որուն պետն է ինք, անտարբեր ու կրաւորական հանդիսատեսի դերին մէջ չի կրնար ծուարիլ միջազգային խռովարար իրադարձութիւններուն, պատերազմներու ու բռնութիւններու հետեւանքով խաղաղասէր ժողովուրդներու տառապանքին, ընկերային անարդարութիւններուն դիմաց, եւ առաջնորդուելով Աւետարանի եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումներէն ու ցուցմունքներէն՝ խաղաղարար ու հաշտարար միջամտութիւններ չկատարել։ «Ոչ ոք կրնայ անտարբեր կամ կրաւորական մնալ աշխարհի բազմաթիւ շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բռնութիւններուն ու անարդարութիւններուն ի տես։ Բոլորը պէտք է լծուին ճշմարտապէս աւելի արդար ու միասնական ընկերութիւն մը կերտելու աշխատանքին» բացագանչեց Ֆրանչիսկոս` 47-րդ Համաշխարհային Խաղաղութեան Օրուան առթիւ։ Իսկ երբ 2013-ի օգոստոսի վերջաւորութեան եւ սեպտեմբերի սկիզբը Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ կը պատրաստուէր զինուորական յարձակում մը Սուրիոյ վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապը իր ամբողջ հեղինակութիւնը նժարի մէջ դրաւ համաշխարհային հանրային կարծիքը իրեն ձայնակից դարձնելով յետս կոչել տալու համար այդ յարձակումի ծրագիր։ Այս մասին, Սէն Փեթերզպուրկի մէջ տեղի ունեցող «20 Մեծեր»ու գագաթաժողովի նախագահ Վլատիմիր Փութինին յղած նամակին մէջ ան կը գրէր․- «Սէն Փեթերզպուրկի մէջ ներկայ ղեկավարներէն իւրաքանչիւրին սրտիս խորէն կոչ կ՛ընեմ հրաժարիլ զինուորական լուծումի մը զուր որոնումէն»։ Այս գործողութիւնը արգիլելու համար կատարած դիւանագիտական լայնածիր արշաւի մը զուգահեռ, Վատիկան հրաւիրեց աշխարհի հաւատացեալները միօրեայ ծոմապահութեան եւ աղօթքի։ 7 Սեպտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցած այդ շարժումին մասնակցեցան հարիւր հազարաւոր ոչ միայն կաթողիկէ հաւատացեալներ, այլ համայն քրիստոնեայ աշխարհը եւ նոյնիսկ իսլամները։

Շնորհիւ Ֆրանչիսկոսին միջնորդութեան է որ 2014-ի դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներ-Քուպա մերձեցումը։ Դեռ եւս վերջերս, մայիսի 23-ին, ֆրանսական La Croix կաթողիկէ օրաթերթին շնորհած մէկ հարցազրոյցին մէջ, ան անգամ մը եւս կը դատապարտէր զէնքերու վաճառքը եւ վաճառականները, ըսելով որ «եթէ պատերազմներ կան, որովհետեւ կան մանաւանդ զէնքի մաքսանենգներ»։

21 նոյեմբեր 2013-ին Վատիկանի մէջ ընդունելով Արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքները, Պապը ըսած էր թէ երբեք պիտի չհամակերպի առանց քրիստոնեաներու Միջին Արեւելքի մը գոյութեան։ Ան իր այս կեցուածքը բարձրաձայնեց բազմաթիւ առիթներով միջազգային լսարաններու բեմերէն։

Ֆրանչիսկոսին «քաղաքական» նկատուած ելոյթներու, արարքներու եւ միջամտութիւններու օրինակները բազմաթիւ են։ Իսկ Հայութեան եւ Հայաստանին անգերազանցելի զօրակցութեան արտայայտութիւն մըն էր անշուշտ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Սուրբ Պատարագը զոր Սրբազան Քահանայապետը մատուցանեց համաշխարհային բեմի լուսարձակներուն ներքեւ 12 ապրիլ 2015-ին, Վատիկանի Սուրբ Պատրոսի տաճարին մէջ, եւ որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ ան ո՛չ միայն վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Սուրբ Աթոռին կողմէ, այլ անոր միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը՝ ցեղասպանական ոճիրներու կրկնութեան կանխարգիլումին պայման նկատեց։

Այս բոլորը եւ դեռ աւելին` յաճախ քաղաքական տեսանկիւնէն դիտուած վերլուծումներու, մեկնաբանութիւններու ու բացատրութիւններու ծնունդ տուին, սակայն քաղաքական միտումներով արտասանուած խօսքեր եւ կատարուած նախաձեռնութիւններ չէին երբեք, այլ մարդկայնականութեան պահանջներ։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաջնորդուեցաւ մարդկայնականութեամբ, իբրեւ կրօնաւոր, հոգեւորական եւ կրօնապետ։ Անոր ելոյթներն ու արարքները «մարդկայնականութեան քաղաքականութիւն» էին։ Անոնցմէ ի յայտ եկաւ որ Ֆրանչիսկոս՝ մէկ միլիառ եւ երկու հարիւր միլիոն հետեւորդ հաշուող Տիեզերական Եկեղեցւոյ պետի տարազով՝ Մարդկայնականութեան Առաքեալ մըն է։ Խոնա՛րհ առաքեալ մը։

25 / 05 / 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ