Հայաստանը է եւ կը մնայ Աստուածային «պիպլիական երկիր» կ՛ըսէ Գերապայծառ Միրիաթեան

Հայաստանը է եւ կը մնայ Աստուածային «պիպլիական երկիր» կ՛ըսէ Գերապայծառ Միրիաթեան

Յառաջիկայ 24 – 26 յունիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հայաստան այցելութեան առթիւ, Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը Մայիսի 16-ին զրոյց մը ունեցած է Բերիոյ Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանին հետ, անոր հետ անդրադառնալով առաքելական այդ պատմական ճամբորդութեան նշանակութեան, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ ու հայ հասարակութեան ակնկալիքներու մասին։

Գերապայծառ Միրիաթեան Քահանայապետի Հայաստան կատարելիք առաքելական այցելութիւնը նկատած է որպէս Տիեզերական Եկեղեցւոյ ու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդում, ինչպէս նաեւ հրաւէր` Հայ ժողովուրդի զաւակներուն, կառչած մնալու իրենց պապենական հաւատքին ու ձգտելու միշտ խաղաղութեան։

Բերիոյ Հայ կաթողիկէներու առաջնորդը ապա անդրադարձած է այցելութեան ծիրէն ներս Հայ ազգին կողմէ Քահանայապետին ցուցաբերուելիք երախտագիտութեան, անցեալ 12 ապրիլ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին առթիւ, Հայոց նահատակներուն ի յիշատակ սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին։ Եւ վերջապէս, Գերապայծառ Միրիաթեան հաւաստիացուցած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Հայաստանի մէջ, պահ մը կանգ առնելով Արարատին դիմաց եւ այցելելով Խոր Վիրապ, պիտի կարենայ մօտէն շօշափել այն իրողութիւնը թէ Հայաստանը է՛ եւ կը մնայ Աստուածային «Պիպլիական երկիր»։