Հայաստանի Հայ կաթողիկէ առաջնորդը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան մասին

Հայաստանի Հայ կաթողիկէ առաջնորդը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութեան մասին

՚՚Հայաստանի համայն ժողովուրդն ու հաւատացեալները եւ հայ կաթողիկէ համայնքը տենդագին ու ցնծագին կը սպասեն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումին, հակառակ իրենց ապրած անձկագին վիճակին, հայող Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ ընդհարումին՚՚ յայտարարած է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, Սրբազան Հօր պաշտօնական այցելութեան ի լուր, կը հաղորդէ Ռատիօ Վատիկանը։

Բազմաթիւ սփիւռքահայեր յայտնած են իրենց ցանկութիւնը Հայաստան գտնուելու ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան պատմական այցելութեան ընթացքին։

Հայ կաթողիկէ համայնքին համար, Սրբազան Հօր այցելութեան առանցքը պիտի հանդիսանայ Սուրբ Պատարագի մատուցումը Կիւմրիի մէջ` 25 Յունիս 2016-ին, ժամը 11․00-ին:

Մինասեան Արքեպիսկոպոսը ընդգծած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Հայաստան օրհնութիւն մըն է, քաջալերանք մը` Հայ Կաթողիկէ համայնքի կղերին ու հաւատացեալներուն համար, լաւապէս կատարելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը, ան ապա մեծ առիթ է հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն համար, դրսեւորելու իրենց երախտագիտութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին` հայ ազգին նկատմամբ ցուցաբերած հայրական հոգատարութեան ու սիրոյն համար: