ՓՈԽԱՆ ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔԻ – ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԷՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

ՓՈԽԱՆ ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔԻ – ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԷՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ

Սիրելի շրջանաւարտներ, տղաք եւ աղջիկներ,

Ամէն անգամ որ ներկայ գտնուած եմ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդէսի մը, տեսնելով մանուկներու ու պատանիներու կողքին՝ ալեհեր սերունդի ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը, ես ինծի հարց տուած եմ թէ բացի արիւնէն, արմատներէն, ընտանիքէն, պատմութենէն որոնք իրարու կը միացնեն հինն ու նորը, հաղորդակցութեան ի՞նչ միջոց կրնայ գոյութիւն ունենալ սրահին մէջ նստած կամ աշխարհի որեւէ մէկ անկիւնը հաստատուած, տարբեր տարիքի, տարբեր ասպարէզներու պատկանող, տարբեր միջավայրերէ եկած, մինչեւ իսկ տարբեր հետաքրքրութիւններ ունեցող կամ տարբեր դասակարգի պատկանող հայ մարդոց միջեւ, եթէ ոչ լեզուն, զոր կը խօսինք բոլորս, մեր Մայրենին, Ոսկեղինիկը։

Այո՛, ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՆ է մեզ անքակտելիօրէն իրարու զօդող կապը, մեզ մեր անցեալին ու ապագային կապող կամուրջը։

Այդ լեզուն է որ մեզ հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ ոչ միայն իրարու հետ, այլ մինչեւ իսկ Աստուծոյ հետ, երբ կþարտասանենք ՀԱՅՐ ՄԵՐ-ը կամ կþերգենք Առաւօտ Լուսոյ-ն եւ Տէր Եղորմիան։ Ձեզմէ ոեւէ մէկը կþաղօթէ՞ օտար լեզուով։ Գիտէք թէ աղօթել կը նշանակէ խօսիլ Աստուծոյ հետ։ Ձեզմէ ոեւէ մէկը օտար լեզուով մը կը զրուցէ՞ Աստուծոյ, Տիրամօր կամ սուրբերուն հետ։

Գիտէք թէ Յիսուս իր առաքեալներէն Պետրոսին ըսաւ.- Դուն ես վէմը որուն վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս։ Եւ այդ վէմին վրայ հաստատուած Եկեղեցին կանգուն է 2016 տարիներէ ի վեր եւ կանգուն պիտի մնայ յաւերժ։

Միեւնոյն Յիսուսը, չորս դար ետք, Մեսրոպ Մաշտոց կոչուած հոգեւորականի մը ձեռամբ մեզի պարգեւեց մեր լեզուն յաւերժացնող ուրիշ վէմ մը, Հայոց տառերը։ Աշխարհի վրայ չգտնուեցաւ ու պիտի չգտնուի ուժ մը որ կարենայ քանդել այդ վէմը, որ անխորտակելի հիմնասիւնն է Հայոց Լեզուին եւ Լեզուին միջոցաւ Հայ Ազգին ու Հայու ինքնութեան:

Լեզուն մեր ազգային գոյութեան եւ էութեան մեծագոյն վկայութիւնն է։ Հայութեան յաւերժագիրը։

Սիրելիներ, Լեզուն՝ մեզ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը՝ տարբեր ազգերէն ու ցեղերէն, տարբեր ժողովուրդներէն ու հաւաքականութիւններէն զատորոշող գլխաւոր յատկանիշն է, որովհետեւ ան կը խտացնէ Հայուն, եւ ուրեմն ձեզմէ իւրաքանչիւրին ընդոծին առանձնայատկութիւնները, բարեմասնութիւնները, արժանիքները։ Ան կը ձեւաւորէ ձեզմէ իւրաքանչիւրին ինքնուրոյն դիմագիծը։ Հայո՛ւ դիմագիծը։

Լեզուն է մեր ժողովուրդի գոյատեւման գլխաւոր պատուարն ու գրաւականը։

Լեզուն է ազգային ինքնութեան պահպանման հիմնաքարը։

Հաւատացէք ինծի, հայոց լեզուէն բխած հոգեմտաւոր արժանիքներով ու արժէքներով է որ պիտի կարենաք դիմագրաւել կեանքի բոլոր խնդիրները։ Անոնց վրայ յենուելով է որ պիտի կերտէք ձեր ապագան։

Լեզուն ձեզմէ իւրաքանչիւրի ինքնութեան յենարանն է։

Այդ յենարանը ունի երկու ճարտարապետներ՝ ձեր ընտանիքը եւ ձեր վարժարանը, որոնք՝ ձեր ամենափոքր տարիքէն, զայն ձեր մէջ հաստատելու պարտականութիւնը ունին։

Դուք, սիրելի տղաք եւ աղջիկներ, ձեր դպրոցին հրաժեշտ կու տաք այդ յենարանով զօրացած, ձեր թիկունքը տուած այդ յենարանին եւ անոր վրայ պիտի բարձրացնէք ձեր հայավայել ապագան։ Հայավայել, որովհետեւ հայու վայել ապագայ մը կերտելու ձգտումը միայն ձեր առաջադրանքները յաջողութեամբ պիտի պսակէ։ Լեզուն արտայայտութիւնը ըլլալով ձեր հայեցի դաստիարակութեան, այդ դաստիարակութեան շունչը պիտի զգացուի ձեր իւրաքանչիւր քայլին, իւրաքանչիւր որոշումին եւ ձեր տեսիլքներուն մէջ։

Վա՜յ ձեզի, եթէ կորսնցնէք ձեր ծնողաց եւ ձեր վարժարանին քրտնաջան աշխատանքով ձեզի շնորհուած այդ յենարանը, որովհետեւ այն ժամանակ պիտի սայթաքիք, պիտի դառնաք հաշմանդամ, անդիմագիծ արարածներ, անճանաչելի նոյնիսկ օտարէն, պիտի նմանիք իր արմատէն կտրուած ծառի մը որ պիտի տժգունի, դառնայ անհրապոյր, անպէտ ու անտէր։

mesrob-mashdots

Կորսնցնելով ձեր լեզուն դուք ձեզ պիտի զրկէք այդ լեզուին ձեզի պարգեւած արժէքներով ու արժանիքներով հարստանալու եւ հպարտանալու իրաւունքէն։

Որպէսզի նման բան չպատահի, ամուր կառչեցէք ձեր ծնողաց եւ հայկական վարժարանին կողմէ ձեզի տրուած յենարանին, ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻՆ։

Սովորաբար, վկայականաց բաշխման հանդէսներու պատգամախօսներէն կþակնկալուի խրատներ ու մաղթանքներ, որոնց շարքը կրնայ շատ երկար ըլլալ։ Այդ փորձութեան մէջ պիտի չիյնամ։ Խրատներու փոխարէն, սիրելի տղաք եւ աղջիկներ, ունիմ մէկ ու միակ խնդրանք մը.- Մի՛ ընէք բան մը, արարք մը, որ ուշ կամ կանուխ պիտի ամչցնէ նախ ձեզ, ապա ձեր շրջապատը, ձեր հոգատարները, ձեր ծնողները, հարազատները, ձեր դաստիարակներն ու դասատուները, որոնք ձեր մանկութեան ու պատանեկութեան երկրորդ ընտանիքը եղան։

Մի՛ իյնաք ձեզի եւ ձեր բոլոր շրջապատին համար ամօթալի փորձութեան մը մէջ, այլ ձեր կեանքի օրինակով ուրախութիւն ու հպարտութիւն պարգեւեցէք բոլորին, Ազգին՝ որուն զաւակներն էք։ Եղէ՛ք արժանաւոր զաւակներ։

30 / 05 / 2016 

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ