Առաջին Հաղորդութիւն Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

Առաջին Հաղորդութիւն Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

Կիրակի 29 մայիս 2016-ը տօնական օր մըն էր Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ մէջ։ Այդ օրը որ ինքնին մեր տօնացոյցով տօնն է Ս․Եկեղեցւոյ, համայնքի զաւակներէն 6 սիրասուն փոքրիկներ ստացան իրենց Առաջին Հաղորդութիւնը։ Այդ փոքրիկներն էին Պերճ եւ Ռուբինա Շմբլեաններ, Անդրանիկ եւ Սէրլի Քէշիշեաններ, Քրիսթա Ղազարեան եւ Մայք Սարգիս։ Անոնք կարճ ժամանակի մէջ յաջողած էին լաւապէս պատրաստուիլ ընդունելու Յիսուս Քրիստոսը իրենց փոքրիկ սրտերուն մէջ, շնորհիւ Քոյր Ուղիտայի եւ վաստակաշատ ուսուցչուհի օրդ․ Ֆրանսուազ Տէօշողլանեանի ջանքերուն։ Փոքրիկները եկեղեցի մտան երգելով «Գաբրիէլ ի ձեռին» շարականը։ Այնուհետեւ Ս․ Պատարագի ընթացքին զոր մատոյց Արհի․ Յովսէփ եպս․ Առնաութեան` Առաջնորդը համայնքիս, իր կողքին ունենալով գեր․ Հ․ Գէորգ վրդ․ Պահէեանը, անոնք կատարեցին սրտաբուխ աղօթքներ, հրաժարեցան սատանայէն ու ուխտեցին ըլլալ հաւատարիմ զաւակներ Քրիստոսի։ Գերապայծառ Տէրը տուաւ իր քարոզը որ երկխօսութիւն մըն էր փոքրիկներուն հետ։

Ծնողներ ու բարեկամներ լեցուցած էին եկեղեցին։ Երգեցողութինը կը կատարէին «Քնար» երգչախումբի անդամները։ Ս․ Պատարագի աւարտին Փոքիկները շարականներ երգելով առաջնորդեցին ներկաները դէպի եկեղեցւոյս «Պասմաճեան» սրահը, ուր իրենց համար ՀԿՄ-ի Տիկնանց վարչութեան անդամուհիները պատրաստած էին նախաճաշ։ Փոքրիկներու նախաճաշին ընկերակցեցան Գերապայծառ Տէրը, Հ․ Գէորգը, Անարատ Յղութեան քոյրերը ու օրդ․ Ֆրանսուազը։ Առաջին Հաղորդութիւն ստացող փոքրիկներու ծնողները պատրաստած էին ճոխ հիւրասիրութիւն բոլոր ներկաներուն համար, նամանաւանդ տիկին Թերեզ Շմբլեանը որ պատրաստած էր տօնական կարկանդակ մը այս առիթով։ Գերապայծառ Տէրը ու փոքրիկները միասնաբար հատեցին կարկանդակը ուրախ տրամադրութեամբ։ Բոլոր ներկաներուն աղօթքն ու մաղթանքն էր որ խաղաղութիւն հաստատուի Սուրիոյ մէջ ու այլեւս վերջ գտնեն երկրի մէջ տարածուած զինուորական գործողութիւնները, որու հետեւանքով կը տուժեն անմեղ քաղաքացիները, կը նահատակուին ու կը զոհուին ծերեր, մանուկներ ու երիտասարդներ, շատեր կը ստիպուին լքել երկիրը ու ապաստան փնտռել օտար ափերու վրայ։ Թէեւ Դամասկոս անցնող ամիսներուն համեմատաբար աւելի խաղաղ վիճակ ունէր, սակայն մարդիկ անձկութեամբ կը սպասեն վերջնական խաղաղութեան հաստատումին։ Նման հոգեպարար արարողութիւններ ու հանդիպումներ, յոյս կը ներշնչեն բոլորիս մօտ, հաստատելով որ տակաւին դամասկահայութիւնը կանգուն է ի հեճուկս ամէն տեսակ դժուարութիւններու։

damascus-3

Անցնող ամիսները հարուստ էին զանազան ձեռնարկներով ու գործունէութիւններով, որոնցմէ շատերը տեղի ունեցան եկեղեցւոյս շրջափակէն ներս։ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Դամասկոսի «էրեբունի» մասնաճիւղը նշեց Մայրերու Օրը, իսկ Համազգային Մշակութային Միութեան Դամասկոսի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղը մեծ հանդիսութեամբ նշեց Մայիս 28-ի տօնը իսկ Միացեալ ու Ազգ․ Թարգմանչաց վարժարանները մի քանի տարիներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպեցին դպրոցական ամավերջի ու վկայականներու բաշխման հանդէսներ։ Այս հանդիսութիւնները տեղի ունեցան համայնքիս «Ամինեան» սրահին մէջ։

Ցաւով կը լսենք Հալէպ քաղաքի տխուր լուրերը։ Մեր հայրենակիցները այնտեղ քաղաքի այլ բնակիչներու կողքին կ’ապրին դժնդակ օրեր։ Կ’ենթարկուին անխնայ ռմբակոծութեան։ Մէյտան շրջանի Հայ Կաթողիկէ Ս․ Երրորդութիւն եկեղեցին ու անոր շրջակայքը վերջին օրերուն յաջորդաբար երկրորդ անգամն ըլլալով կ’ենթարկուի ռումբերու ու հրթիռներու տարափի, որոնք պատճառած են անմեղ զոհեր ու նիւթական մեծ վնասներ եկեղեցւոյ, «Աղաճանեան» սրահին ու Անարատ Յղութեան Քոյրերու վարժարանին։ Սակայն այս բոլորի կողքին հալէպահայութիւնը կը տոկայ, գլխաւորութեամբ իր հոգեւոր առաջնորդներուն, որոնք ժողովուրդի կողքին են ու կը ջանան կարելիութեան սահմաններուն մէջ ամոքել վէրքերը, յուսադրել ու լուծումներ գտնել։

damascus-2

Կը յուսանք որ այս տառապալից օրերը վերջ կը գտնեն ու սուրիահայութիւնը կը կարողանայ շրջանցել այս անիրաւ պատերազմին հետեւանքները։ Վստահ ենք որ ամբողջ հայութիւնը սուրիահայութեան կողքին է ու պիտի օժանդակէ որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել գաղութի կենսունակութիւնը ու կարեւոր դերը որպէս հայապահպանման կեդրոն Միջին Արեւելքի մէջ։

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ