Ո՞ւր է գաղտնիքը ասոր

Ո՞ւր է գաղտնիքը ասոր

Յունիս 24 – 26-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հայաստան այցելեց: Այցելութեան նպատակն էր ուխտագնացութիւն կատարել առաջին քրիստոնեայ երկիր, աւելի սերտ կապեր հաստատելու համար տեղւոյն հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ եւ մօտէն տեղեակ ըլլալու հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակին: Սրբազան Քահանայապետը ընդառաջացած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց վեհափառ Կաթողիկոս՝ Տ. Տ. Գարեգին Բ. Սարգիսեանի եւ Հայաստանի կաթողիկէ առաջնորդ՝ Արհի. Հ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանի հրաւէրներուն:

Հրաւիրուած էին նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը, ընդ որս ես, յօդուածագիրս, ի հեճուկս ոտքի անհանգստութեան: Փառք կու տամ Աստուծոյ, որ կարողացայ այցելութեան երեք օրերու յայտագրին մասնակցիլ առանց մեծ դժուարութեան եւ որեւէ նեղութեան:

Այս յօդուածիս մէջ նպատակ չունիմ խօսելու ո՛չ Պապին , ո՛չ Վեհափարին, ո՛չ Պատրիարքին, ո՛չ ալ հոգեւորականներուն մասին, այցելութեան առթիւ: Զիս ամէնէն աւելի հետաքրքրողը եղաւ Երեւանի եւ Կիւմրիի ժողովուրդին կեցուածքն ու զգացումները՝ նկատմամբ այս այցելութեան եւ ապա այս երեւոյթին ընդմէջէն քաղել որոշ գաղափարներ եւ եզրակացութիւններ, որոնք դեռ եւս կը յայտնաբերեն հայ ժողովուրդին ներքին հոգեբարոյական վիճակն ու ապրումը ընդհանրապէս: Մէկ խօսքով, ուզեցի հետեւիլ հանդիսութիւններուն մասնակցող ժողովուրդին հոգեբանական վիճակին եւ ուսումնասիրել անոր տրամադրութիւնները, կազմակերպուած եռօրեայ հանդիսութիւններուն ընթացքին:

Կրնանք ըսել, որ Պապին այցելութեան երեք օրերը հիանալի եւ հոյակապ կերպով անցան, բոլորին հրճուանք, մխիթարութիւն եւ գոհունակութիւն պատճառելով:

Հայ Ժողովուրդը սակայն ցոյց չտուաւ այն բոցավառ խանդավառութիւնը զոր կը նշմարենք ամէն անգամ որ Հռոմի Պապ մը այցելէ օտար երկիր մը: Չեմ կարծեր թէ կամքը կը պակսէր: Ամէնքը իրենց յօժար կամքը ցոյց տուին արտաքնապէս զգեստաւորուելով քահանայապետական շապիկով եւ գլխարկով, նոյնիսկ քահանայապետական ու հայկական դրօշակներով, որոնք համեստաբար կը ծածանէին: Բոլորին դէմքերէն գոհունակութիւն եւ մխիթարութիւն կը ցոլային: Չսպասուած հոծ բազմութիւն մը կը մասնակցէր հանդիսութիւններուն: Ուրեմն ինչի՞ վերագրել այս պակասը:

Ո՞ւր է գաղտնիքը ասոր:

Պատասխանը չսպասենք ժողովուրդէն, որովհետեւ անոր կռնակին վրայ դրուած ծանր բեռը տակաւին չէ հանուած բոլորովին: Պիտի սպասենք ժամանակէն, որ ինք խաղայ իր դերը եւ փոփոխութիւն յառաջ բերէ:

Սակայն պիտի չ՛ուզէի որ ժամանակը փոխէ այն ինչ որ նկատեցի ժողովուրդին արտայայտութիւններուն մէջ, երբ կը տեսնէին օտար հոգեւորականներ, որոնք իրենց կը մօտենային: Հոն տեսայ անտեսանելի հաւատք: Տեսայ թէ ինչպէս կը վազէին ծերեր ու երիտասարդներ, կիներ եւ դուստրեր, որոնք ընդառաջ կը նետուէին գլխիկոր, հայցելու համար օրհնութիւն, նման Յիսուսի օրերու այն անբոխներուն, որոնք Յիսուսի ոտքը կ՛իյնային, կամ անոր քղանցքին կը դպչէին: Տեսայ մայրեր՝ որոնք իրենց զաւակները կը յառաջացնէին եւ հոգեւորականներուն առջեւ կը բերէին աղօթք եւ օրհնութիւն հայցելով:

Հապա՞ եկեղեցիին մէջ խուռներամ ժողովուրդին ներկայութիւնը եւ յաճախումը, անոնց եռանդագին աղօթքի մրմնջումը եւ մոմերու առջեւ բազկատարած կեցուածքը:

Pope Francis and Catholicos Karekin II, right, reach out to touch a child during an Ecumenical encounter and prayer for Peace in Yerevan's Republic Square, Armenia, Saturday, June 25, 2016. Pope Francis is on a three-day trip to Armenia. (L'Osservatore Romano/Pool photo via AP)

Ո՞ւր է գաղտնիքը ասոր:

Ես այպէս կը բացատրեմ եւ կը մեկնաբանեմ: Հայրենակիցներս Հայաստանի մէջ, մեծ հաւատքի տէր են: Ժառանգած ու պահած են իրենց հաւատքը, հակառակ սերունդէ սերունդ իրենց կրած հալածանքներուն եւ կեղեքումներուն: Հերոսական յատուկ նկարագիր մը ունին, զոր կարելի է որակել երկնաւոր ու երկրաւոր: Երկնաւոր՝ իրենց աղօթասիրութեամբ եւ հաւատարմութեամբ աստուածային աւանդութիւններուն. երկրաւոր՝ իրենց քաջ ու յաղթական զօրութեամբ, ռազմական եւ այլազան դժուարութիւններու դաշտերու վրայ: Չենք մոռնար կանայք փափկասունքը, որոնք այնքան քնքուշութեամբ, զգուշութեամբ եւ նուիրումով հոգը կը տանին իրենց ամուսիններուն եւ զաւակներուն:

Ասոնք բոլորը անհամբեր կը սպասեն առիթը վերադառնալու հին ակունքներուն, Լուսաւորիչի Խոր Վիրապի անմար ջահին, որ կը շարունակէ շողշողալ վերականգնած եւ նորակառոյց սրբափայլ եկեղեցիներուն մէջ:

Նման յուսադրիչ համայնապատկերի մը դիմաց, աւելի ի՞նչ խօսիմ կամ արտայայտեմ: Երկիրս վերադարձայ զմայլած եւ ապշած: Հիացում եւ գոհունակութիւն հետս բերի:

Լուսաւոր է Հայաստանի ապագան, լիայոյս է եկեղեցին հայկական: Աստուած խաղաղութեան եւ բարելաւումի շնորհքներ եւ օրհնութիւններ տեղացնէ մեր մայր հայրենիքի ժողովուրդին վրայ:

ԳԷՈՐԳ ԱՐՔ. ԽԱԶՈՒՄԵԱՆ